Հարյուրավոր այցելուներ մասնակցեցին հայ գիրքի տոնավաճառին


Հարյուրավոր այցելուներ մասնակցեցին հայ գիրքի տոնավաճառին

  • 22-12-2011 16:25:57   | Ֆրանսիա  |  Նոր գրքեր
Համացանցի այս աշխարհին մէջ, հայ գիրքին նուիրուած տօնավաճառ մը կրնայ ցնորք թուիլ: Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10ին, իրականութիւնը եկաւ հերքելու այդ ցնորքը, երբ հարիւրաւոր այցելուներ մասնակցեցան հայ գիրքի տօնավաճառին, որու նախաձեռնողն էր Տէսինի Հայ Մշակոյթի Տունը, գործակցութեամբ տեղւոյն Թոպոկան Մշակութային Կեդրոնին: Հարիւրաւոր գիրքեր, ճոխ ու այլազան տաղաւարներ… ահաւասիկ այն համայնապատկերը որ կը պարզուէր վերոյիշեալ Կեդրոնի գրադարանին մէջ, ուր տեղ գրաւած էին պատկառելի գրողներ, հրաւիրուած՝ ներկայացնելու եւ ձօնագրելու իրենց վերջին երկերը: Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին գծանկարներով շարահիւսուած հրատարակութիւնները, որոնց կարգին՝ «Սասունի իշխան» խորագիրը կրող գիրքը. զայն աշխատասիրած են ֆրանսացի երկու արուեստագէտներ՝ Ալպան Կիյըմուա եւ Իվոն Պերթորելլօ, ու փորձած՝ գծանկարներու ընդմէջէն պատմել Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպը, արդիական մօտեցումով: Վերոյիշեալ հեղինակներուն դէպի Հայաստան կատարած բազմաթիւ ուղեւորութիւններուն ու հետազօտութիւններուն գեղեցիկ արգասիքն է սոյն գործը. իսկական լուրջ ու գեղատիպ հրատարակութիւն մը, որ անկասկած պիտի հրահրէ ընթերցասէրներու ուշադրութիւնը: Շարունակելով մեր գրական շրջապտոյտը, կը հանդիպինք ուրիշ արուեստագէտի մը՝ Լօռան Կալանտոնի եւ իր «Ծաղկաւոր տետրակ»ին: «Հրեաներու ողջակիզման նուիրուած աշխատանքներուս ընթացքին, պատահաբար կարդացի Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Հիթլէրի արտայայտած խօսքերը. սոսկում մը զգացի: Բոլորովին երեւակայածին հայ ընտանիքի մը տարագրութեան պատմութիւնն է որ նկարած եմ այս էջերուն մէջ: Երեւակայածին՝ բայց բոլորովին հիմնուած վկայութիւններու ու պատմական փաստաթուղթերու վրայ», կը բացատրէ ֆրանսացի գծանկարիչը: Յարակից սեղանին մօտ մեզի կը սպասէ շնորհազարդ տիկին մը՝ Ալիս Մարիէթթան Մավեան, որ կը ներկայացնէ իր հօր՝ Միհրան Մավեանի «Ոճիրի Անդրաշխարհէն» գիրքին (1976) ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ «Par delà les ténèbres»: «Միհրան Մավեանի աղջիկը ըլլալով, սրբազան պարտականութիւն մըն էր ինծի համար թարգմանել այս «գործը, իմ հայրիկիս ընկերներուն զաւակներուն համար, ինչպէս նաեւ ընտանիքէս անոնց համար ալ՝ որոնք հայերէն չեն կարդար», կը մատնանշէ Տիկին Մարիէթթան Մավեան, հայերէնով: Ահաւասիկ «Ճալիլի գիրքը», որ մեզ կը փոխադրէ հեռուները, դէպի Մարտին: Ծնած 1907ին, ճողոպրած 1915ի ջարդերէն, նախ Հալէպ ու ապա խարիսխ նետած Ֆրանսայի հողին վրայ, Ճալիլ Հաքեմի արտակարգ կեանքն է, որ կ?ամփոփէ այս երկը: «Հաքեմ անունը կրնայ ըլլալ որ «Հաքեմեան»ի արաբացած ձեւը ըլլայ», կ?ընդգծէ Ճալիլի աղջիկը՝ Մարի Հաքեմ որ անօրինակ յուզումով կը պատմէ իր հօր յուշերը որոնք գիրքին առաջին բաժինը կ?ընդգրկեն. իսկ երկրորդ բաժինը կը պարունակէ իր անձնական ապրումները: Մարի Հաքեմ կ?արծարծէ յիշատակներ որոնք խորապէս դրոշմած են իր մանկութիւնը. տեսակ մը դառնութեամբ կ?ակնարկէ իր հօր ջամբած խիստ դաստիարակութեան ու զրկանքներուն, նաեւ կեանքի արժէքներուն ու պարկեշտութեան: «Երբ մեր տարիքի մանուկներու կեանքը հէքեաթներով կը հիւսուէր ու քունի կ?անցնէին գեղանի պարիկներ երազելով, եղբայրս ու ես կը քնանայինք սրտաբեկ, տարբեր ժամանակներէ եկած պատմութիւններով ծանրաբեռնուած…: Կը մաղթեմ որ մարդիկ գիտակից ըլլան իրենց երջանկութեան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ընտանեկան ջերմ օճախի մը անուշութիւնը վայելել ու ապրած չըլլալ՝ պատերազմի մը տխուր իրականութիւնը»: Իր հայութեան մասին հարցումին, Մարի Հաքեմ անվարան կը պատասխանէ. «Ես Ֆրանսուհի եմ, խորապէս Ֆրանսացի, բնաւ Հայ չեմ զգար ինքզինքս, նոյնիսկ եթէ այս խօսքերը զայրացնեն շուրջիններս ու ընտանիքիս անդամները»: Ու տակաւին այլ գրողներ, գիրքեր, հանդիպումներ ու դրուագներ, որոնք հաւաստեցին Սերվանդէսի խօսքերը որ թողած է Տոն Քիշոթի մէջ. «Գրիչը՝ լեզուն է հոգիին»: ՎԱՐԴԱՆ «ՆՅ»
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play