15-03-2012 16:18:39 | Թուրքիա | Ի՞նչ է գրում մամուլը
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան, Մարտ 13ին թրքական խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, ի շարս այլ հարցերու, կրկին անդրադարձած է պատժելիութեան օրէնքին եւ նախագահ Սարքոզիին:
«Նոյնիսկ եթէ Սարքոզի 1915ի իրադարձութիւնները ընտրապայքարի նպատակով կ?արծարծէ, մեզ՝ Թուրքերուս համար ատիկա ցեղապաշտութեան դրսեւորում է: Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը թէեւ կանխեց պատմական սխալ մը, սակայն ատկէ յետոյ Սարքոզի աւելի վտանգաւոր կեցուածք որդեգրեց: Անոր սպառնալից յայտարարութիւնները շատ վտանգաւոր, իսկ այլատեացութեան նման արտայայտութիւններ ուղղակի ամօթալի են», ըսած է Էրտողան:
«ՆՅ»