Տասը Կույսերի հիշատակի ժամերգություն՝ Անթիլիասի Մայր Տաճարում


Տասը Կույսերի հիշատակի ժամերգություն՝ Անթիլիասի Մայր Տաճարում

  • 04-04-2012 13:59:49   | Լիբանան  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Աւագ Երեքշաբթի 3 Ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան, Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան կատարուող՝ Տասը Կոյսերու Յիշատակի ժամերգութեան: Մինչ Աւետարանի ընթերցումը տեղի կÿունենար, տասը հայ աղջիկներ, «Ազգային Եղիշէ Մանուկեան» վարժարանէն, եկեղեցական շապիկներ հագած մոմեր ի ձեռին, Մայր Տաճարի դասին մէջ կանգնեցան։ Անոնցմէ հինգը իրենց բաժնուած թուղթին մէջ «իմաստուն» գրութիւնը կարդալով, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ անոնք որոնք «յիմար» կարդացին՝ մարեցին զանոնք՝ խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու խումբերը։ Իմաստունները, առակին մէջ յիշուած հինգ կոյսերուն նման՝ Տիրոջ Գալուստը դիմաւորելու պատրաստ եղող մարդոց խումբը կը խորհրդանշէին, իսկ մնացեալները՝ անտարբեր մարդիկ, որոնք չեն հետաքրքրուած Աւետարանի բարոյական սկզբունքներով, ու իրենց առօրեան կÿապրին հեռու քրիստոնէական կեանքի սկզբունքներէն։ Եկեղեցին Քրիստոսի պատմած առակին ճամբով կը յիշեցնէ աշխարհին՝ հետեւելու իմաստուններու իմաստուն ճամբուն: Արարողութեան աւարտին, Տասը Կոյսերը Մայր Տաճարի օգնական լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեանի առաջնորդութեամբ բարձրա¬ցան Վեհարան, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրական սիրով ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն հանդէպ անոնց հետաքրքրութիւնը եւ յորդորեց սիրել իրենց Մայրենի Եկեղեցին եւ գործադրել Աւետարանական պատգամները։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց հայ եկեղեցին, հայ տունը, հայ դպրոցը ու հայ մշակոյթը իրենց կեանքին մէջ ներկայ պահելու ու անոնց ոգիով ու շունչով կազմաւորուելու հրամայականը:
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը