Դատապարտելի է մարդկային իրավունքների դեմ թուրք իշխանության որդեգրած քաղաքականությունը


Դատապարտելի է մարդկային իրավունքների դեմ թուրք իշխանության որդեգրած քաղաքականությունը

  • 12-04-2012 14:42:57   | Լիբանան  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երէկ առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ նամակ մը ստացաւ Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարար Դոկտ. էրրաթօ Գոզագու Մարքուլիսէն: Նախարարը տեղեակ կը պահէր Վեհափառ Հայրապետը, որ կղզիին Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած բաժինին մէջ իշխանութիւնը արգիլած է Կիպրոսի յոյն եկեղեցւոյ պատկանող Քրիստոֆորոս եպիսկոպոսին Ս. Զատկուան առիթով իր համայնքին կատարելիք այցելութիւնը ու պատարագը: Նոյն նամակին մէջ նախարարը կը յիշէ նաեւ թուրք իշխանութեան կողմէ մարդկային իրաւունքները անտեսող այլ պարագաներու կրկնութիւնը վերջին տարիներուն ընթացքին: Ապա, նախարարը կը խնդրէ Վեհափառ Հայրապետէն, որ ազդու միջոցներու դիմելով դատապարտէ մարդկային իրաւունքներու ու խղճի ազատութեան դէմ եղող թուրք իշխանութեան կողմէ որդեգրուած նման քաղաքականութիւն մը: Վեհափառ Հայրապետը նախարարին ուղղած իր նամակին մէջ դատապարտելով Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքները անտեսող այս մօտեցումը, յայտնեց անոր, որ ինք թելադրած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, որ Թուրքիոյ ուղղուած խիստ յայտարարութիւններով դատապարտեն այս երեւոյթը եւ արտօնեն խղճի ամբողջական ազատութիւն Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի գրաւեալ բաժինին մէջ:
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը