Թեկնածու Հոլանտի նամակը Ֆրանսիայի թուրք համայնքին


Թեկնածու Հոլանտի նամակը Ֆրանսիայի թուրք համայնքին

  • 10-05-2012 12:32:59   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Նախագահական ընտրութեան Բ. շրջանէն քանի մը օր առաջ՝ Մայիս 2ին, թեկնածու Հոլանտ Ֆրանսայի թուրք համայնքին ուղղուած նամակ մը հասցէագրած է Փարիզի թրքական «Անատոլու» մշակութային կեդրոնի նախագահ Տէմիր Էօնկէրին, որպէս բանբերը՝ ֆրանքեւթրքական միութիւնները համակարգող խորհուրդին: Ըստ երեւոյթին, ան պատասխան մըն է՝ յիշողութեան օրէնքներու նիւթին մասին հարցադրումներ պարունակող՝ իրեն ուղղուած նամակի մը, քանի Հոլանտ կը սկսի շնորհակալութիւն յայտնելով, որ իր ուշադրութիւնը հրաւիրուած է այդ բնոյթի օրէնքներու դժուարին հարցին վրայ: Նախ, ան կ?ողջունէ թրքական այդ խորհուրդին՝ խաղաղութեան ուղղութեամբ տարած անվերջ աշխատանքը: Ապա կը փորձէ բացատրել՝ ընդունելի դառնալու ակներեւ մտահոգութեամբ, որ Ընկերվարական կուսակցութիւնը պատժելիութեան օրէնքին նախաձեռնարկ եղած է, եւ ինք ալ անոր ի նպաստ քուէարկած է, բայց այդ օրէնքը ուղղակի ոչ մէկ պետութեան կամ ժողովուրդի դէմ է, այլ անով հետապնդուած նպատակն է՝ պատժել ցեղասպանական ոճիրները ժխտողները, դրուատողները կամ անոնց ծանրակշիռ բնոյթը ստորագնահատելու միտողները: Հոլանտ կ?ըսէ, թէ հարցը բացառաբար պատժական բնոյթ ունի, եւ օրէնսդիր մարմինները չեն դպչիր Պատմութեան ոլորտին: Կ?աւելցնէ, թէ այդ բարդ հարցը իւրայատուկ չէ Հայաստանի պարագային, ու ան խոր վիճարկումներու տեղի կու տայ ընտրեալներու մօտ՝ ամէն անգամ որ հարցը կը վերաբերի ժողովուրդ մը ամբաստանելու: “Բայց վստա՛հ եղէք՝ ընկերվարականներուն եւ ինծի համար շատ կարեւոր է ֆրանքեւթրքական բարեկամութիւնը”, կ?ըսէ Հոլանտ: Ցաւ կը յայտնէ, որ որոշ հեռաւորութիւն մը ստեղծուած է Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ, մինչ գոյութիւն ունին բազմաթիւ օրինակներ, որոնք ապացոյց են, թէ այս երկու երկիրները կը բաժնեն հասարակաց պատմութիւն մը եւ արժէքներ: “Եթէ Ֆրանսացիները ինծի յայտնեն իրենց վստահութիւնը, ջանք պիտի թափեմ այդ մեծ երկրին՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու սերտացման համար” կը գրէ Հոլանտ: Ընկերվարական թեկնածուն հետեւեալ տողերով կ?եզրափակէ իր նամակը. “Հաւատարիմ՝ իր հանրապետական աւանդութեան, իմ կարծիքովս, Ֆրանսան պէտք է ուշադիր մնայ ժողովուրդներու բարեկամութեան ուղղութեամբ կատարուած ջանքերուն նկատմամբ: Սահմանադրական խորհուրդը անվաւեր հռչակեց օրէնքը: Այնպէս պիտի ընեմ, որ նոր մը առաջարկուի, յարիր՝ մեր Սահմանադրութեան”: «ՆՅ»
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը