Թուրքիան դարձյալ դատապարտվեց Եվրոպական դատարանի կողմից


Թուրքիան դարձյալ դատապարտվեց Եվրոպական դատարանի կողմից

  • 23-05-2012 16:58:26   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Սթրազպուրկի Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանը դարձեալ որոշում ընդունեց Թուրքիոյ դէմ ու այս երկիրը դատապարտեց երկու անջատ դատերու հետեւանքով 23 հազար Եւրօ հատուցում վճարելու։ Այս դատապարտութիւնը կուգայ անհատները երկար ժամանակ ձերբակալեալ վիճակի մէջ ու հսկողութեան տակ պահելու յանցանքի համար։ 2011 թուականին Թուրքիոյ մէջ իր գործած բազմաթիւ յանցագործութիւններու հետեւանքով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած անձ մը, Մէհմէտ Հաստէմիր, Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանին դիմած էր գանգատելով որ զինքը տրամաբանական չափերէ աւելի երկար ժամանակ հսկողութեան տակ պահած էին։ Դատարանը իրաւացի գտաւ զինքը ու որոշեց որ Թուրքիա 11 հազար 900 Եւրօ հատուցում վճարէ անոր։ Նոյնքան պատիժ սահմանուեցաւ նոյն նիւթով բացուած ուրիշ դատի մը համար եւս։ «Մ»
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը