Վարչապետ Էրտողանին հրավիրել են մասնակցելու Տավոսի հավաքույթին


Վարչապետ Էրտողանին հրավիրել են մասնակցելու Տավոսի հավաքույթին

  • 05-06-2012 15:00:35   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
 2009 թուականին ծանր միջադէպ պատահած էր Համաշխարհային Տնտեսական օրումի կողմէ Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին, Վարչապետ Էրտողան շատ զայրացած էր, «Վան Մինիւթ» ըսելով խօսքի իրաւունք ուզած էր եւ խօսելէ վերջ ալ «Տաւոսը այլեւս վերջացած է ինծի համար» ըսելով հեռացած էր հաւաքոյթէն։ Այս թուականէն ի վեր ցուրտ հովեր կը փչեն Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ, բայց թէ՛ միջազգային շրջանակները, թէ՛ Իսրայէլ ամէն միջոցի կը դիմեն որպէսզի այդ անմոռանալի պատահարին ստեղծած յոռի տպաւորութիւնը ջնջուի ու Թուրքիա վերստին բարելաւէ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները։ Այս ուղղութեամբ նոր կոչ մը եկաւ Համաշխարհային Տնտեսական Ֆօրումի Եւրոպայի եւ Ասիոյ Հասարակաց Շրջաններու բաժնի ղեկավար Սթէֆան Գինոքէ, որ Իսթանպուլ եկած է իր նախագահած բաժնին կողմէ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի առիթով։ Գինոք բաց հրաւէր ուղղեց Վարչապետ Էրտողանին որպէսզի ան կրկին մասնակցի Տաւոսի յառաջիկայ ժողովին։ «Մեզի համար շատ կարեւոր է վառ պահել Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները, ուրախ պիտի ըլլանք եթէ տեսնենք որ Թուրքիա Տաւոսի մէջ կրկին կը ներկայացուի ամենաբարձր մակարդակով։ Եկէք մոռնանք «Վան Մինիւթ»ի պատահարը», ըսաւ Գինոք։ Գինոք դիտել տուաւ որ 2009 թուականի ժողովի ընթացքին հանրային կարծիքը, մանաւանդ Թուրքիոյ մէջ, շատ զգայուն դարձած էր Կազզէի մէջ Իսրայէլի կողմէ կատարուածներու պատճառաւ, ջիղերը պրկուած էին ու ասոր արդիւնքն էր որ ապրեցանք Տաւոսի մէջ։ »Բայց հակառակ այդ միջադէպէն, Համաշխարհային Տնտեսական Ֆօրումը միշտ ճամբաները բաց պահեց Թուրքիոյ հետ եւ փաստն այն է որ այսօր Իսթանպուլի մէջ կը գումարենք մեր գագաթաժողովներէն մէկը«, ըսաւ Գինոք։ «Մ»
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play