Իսրայելի խորհրդարանում քննարկվում է Հայոց ցեղասպանության հարցը


Իսրայելի խորհրդարանում քննարկվում է Հայոց ցեղասպանության հարցը

  • 13-06-2012 12:56:06   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Երէկ, Իսրայէլի Խորհրդարանէն «Քնէսէթ» ներս սկսան հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկումները եւ Քնէսէթի նախագահ Ռէվին Ռիլվին յայտարարեց թէ Իսրայէլ պարտաւոր է յիշելու աւելի քան 1 միլիոն հայերը, որոնք մօտաւորապէս հարիւր տարի սպաննուեցան Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ։ Միւս կողմէ Ռիլվին ազդարարեց որ այս հարցի քննարկումը չի նշանակէր յարձակիլ թրքական կառավարութեան վրայ։ «Մենք բարոյական պարտաւորութիւն ունինք յիշելու սպանեալ միլիոնաւոր հայերը։ Սակայն չենք ուզեր որ այս հարցը քաղաքական բնոյթ ստանայ։ Մեր քայլերը չեն ուղղուած Թուրքիոյ ներկայ վարչակազմի դէմ։ Մենք մեր ձայները լսելի պէտք է դարձնենք այն պարագաներուն, երբ այլ ազգեր թիրախ կընտրուին», ըսաւ Ռէվին Ռիլվին։ Ան դիտել տուաւ որ անոնք, որոնք Բ. Աշխարհամարտի օրերուն հրէական հարցով որոշում կայացուցին, կը խորհէին որ աշխարհ պիտի լռէ, այնպէս ինչպէս լռեց հայերու պարագային։ Քնէսէթը չի կրնար արհամարհել այդ փաստը, ըսաւ ան։ Իսրայէլի խորհրդարանէն ներս քննարկումներու կազմակերպիչն է «Մերէց» կուսակցութենէն Զէհէվա Կալ Օն, որ կոչ ուղղեց ի վերջոյ ճանչնալ ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Ան ըսաւ որ հրեաներ ապրած են Հոլոքոսթը, ուստի աւելի զգայուն պէտք է ըլլան ուրիշներու պատահած աղէտներու հանդէպ։ Միւս կողմէ, կը հաղորդուի թէ Արիս Արք. Շիրվանեան, որ որպէս Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ կը հետեւէր քննարկումներուն, ըսաւ որ հրապարակային քննարկումներու ընթացքին կուսակցական եօթը խմբակցութիւններ հանդէս եկած են «Հայոց ցեղասպանութիւն»-ը ճանչնալու ի նպաստ։ «Քուէարկութիւն չկատարուեցաւ, որոշուեցաւ այդ հարցը ուղարկել Խորհրդարանի Կրթութեան յանձնաժողով, որ հրապարակային քննարկումներ կը կազմակերպէ», ըսաւ Շիրվանեան, ըսելով որ տակաւին յայտնի չէ թէ ե՞րբ տեղի կþունենան քննարկումները։ «Այս անգամ ամէն ինչ շատ հարթ կընթանայ եւ յուսալից ենք։ Այսօրուայ քննարկումը ցոյց տուաւ որ կառավարութիւնը «կանանչ լոյս» վառած է ու դէմ չէ ցեղասպանութեան ճանաչման»-ըսաւ Սրբազանը։ «Մ»
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը