Մովսէս Հերկելեան.«Հայ կերպարուեստը մրցունակ է միջազգային գետնի վրայ»
16-05-2011 15:43:43 | Լիբանան | Հարցազրույցներ
Հարցազրոյց Noah՛s Ark Gallery-ի Տնօրէն Արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանի Հետ
Ռամկավար Մամուլ
Մայիս 16, 2011
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Հերկելեան, կրնա՞ք նախ որոշ տեղեկութիւններ տալ Մոնաքոյի 2011թ-ի արուեստի
միջազգային ցուցահանդէսին ու ձեր ցուցասրահի մասնակցութեան մասին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Քաջալերուելով 2010թ-ի Մոնաքոյի "Յատուկ Թողարկում" (Special Edition) միջազգային ցուցահանդէսին մեր արձանագրած նիւթա-բարոյական յաջողութիւններէն` այս տարի եւս որոշեցինք մասնակցիլ "Մոնաքօ 11" միջազգային ցուցահանդէսին: Մենք
բաւական կապեր ստեղծեցինք հրատարակութիւններու հետ` որոնցմէ ամենէն նշանակալիցը "Լիւքս Իմմօ" (Luxe Մովսէս Հերկելեան Immo) արուեստի հրատարակութիւնն է: Երկու տարուան
բաց պայմանագիր մը կնքեցինք, ուր եթէ երկուստեք դժգոհութիւններ չունենանք,
պայմանագիրը վերանորոգուած կը նկատուի: Այս արուեստի ամսաթերթը ունի 18700
մասնագէտ-բաժանորդներ (արուեստաբաններ, արուեստագէտներ, ճարտարապետներ):
Այն կը տարածուի աշխարհի 23 երկիրներու 370 քաղաքներու մէջ ու կը հրատարակուի 4
լեզուներով (անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն եւ ռուսերէն): Անոր ընթերցողներուն
ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 2.5 միլիոն: Այնտեղ հրատարակուած յօդուածներէս
վերջինը Մոնաքոյի մեր տաղաւարի մասին է: Հոն պիտի ներկայացնեմ առաւելաբար հայ եւ
ռուս արուեստագէտներ: Նախկին Խ. Միութեան արուեստը զիրենք աւելի կը հետաքրքրէ,
իբրեւ նորութիւն միջազգային արուեսին մէջ: Բացառուած չէ որ գրեմ նաեւ օտար
արուեստագէտներու մասին: Պատուէր մը արդէն ունիմ Ճէյն Սեյմուրէն:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս տարի եւս, ինչպէս անցեալ տարուան Մոնաքոյի հռչակաւոր
ցուցահանդէսին, Noah Ark-ը եւ հայկական կերպարուեստը մեծ յաջողութեան հասան
յատկապէս Վահրամի ստեղծագործութիւններուն պատճառով, որոնք արժանացան բարձր
գնահատանքի եւ աննախընթաց գինով վաճառուեցան: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս
երեւոյթը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո, անցեալ տարուան Մոնաքոյի "Յատուկ Թողարկում" ցուցահանդէսին
արդիւնքները իսկապէս փայլուն էին: Հետաքրքրութեան եւ գնահատման գլխաւոր
պատճառը այն է որ նախկին Խ. Միութենէն եկած կերպարուեստը ինչ-որ նորութիւն կը
պարունակէ իր մէջ, իսկ այդ նորութիւնը անհեթեթի ուժգին դրսեւորումն է որ կու գայ
խորհրդային կացութաձեւի, անտրամաբանական դրութենէն: Թէեւ անհեթեթը գոյութիւն
ունէր գերիրապաշտ արուեստին մէջ` սակայն այդպէս ուժեղ, ձեւով չէր արտայայտուած:
Հայ կերպարուեստը մրցունակ է միջազգային գետնի վրայ: Մենք թէ՛ որակ ու թէ՛ քանակ
ունինք: Ասիկա չի՛ վերաբերիր միայն անոնց որոնք Noah՛s Ark-ը կը ներկայացնեն:
Ուրիշներ ալ կան, բայց անոնց համար համապատասխան շուկայ չունինք: Շուկայ չըլլալու
պատճառն այն է որ մենք չենք կազմակերպուած, նախ պետականօրէն չունինք ազգային
մշակութային քաղաքականութիւն: Իսկ մշակման գործին հարկ է որ Սփիւռքի
մասնագէտները եւս մասնակցին: Իբրեւ ազգ եւ պետութիւն` ո՛չ մեր դիրքը բարձր կը
գնահատուի, ո՛չ ալ մեր հանքերը մեծ արժէք մը կը ներկայացնեն: Տնտեսապէս ու
ռազմապէս ալ զօրաւոր չենք, բայց հզօր ենք մշակութապէս: Այո՛, մրցունակ ենք
մշակոյթով: Պէտք է ուժ տանք մշակոյթին: Noah՛s Ark-ին իրագործումը լումայ մըն է այս
բոլորին մէջ: Ուրիշներ ալ կրնան հայկական մշակոյթը միջազգային գետնի վրայ լաւապէս
ներկայացնել, եթէ յանդգնոթիւնը ունենան իրենց վարկը ու նիւթական
կարողականութիւնը «ռիսք»-ի ենթարկելու: Րոքֆելըր կ՛ըսէ. «Ոչինչ ռիսքի ենթարկողը, ոչինչ
կը շահի»:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս գիտենք, որպէս արուեստաբան, Luxe Immo-էն առաջ կ'աշխատակցէիք
Ամերիկայի Fine Arts-ին, Monday Morning-ին եւ այլ թերթերու, ամսագրերու: Որոշ
տեղեկութիւններ կրնա՞ք տալ այդ մասին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իրականութեան մէջ Luxe Immo-ի խմբագրապետը, Տէյվիտ Տիւպուա, զիս
գտաւ Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուող ,Fine Artsե-ի միջոցով, որ կը տարածուի ամբողջ
աշխարհի մէջ ու միջազգային ցուցահանդէսներուն կը բաժնուի: Հոն է որ Տիւպուա
կարդացած էր Վահրամ Դաւթեանի մասին յօդուածս: 2002թ-էն սկսեալ, Նիւ Եորքի Art
Expo-ին կը մասնակցինք եւ մեզի հետ հարցազրոյցներ կ՛ունենան Art world News-ի, Art
Business News-ի եւ նմանօրինակ այլ հրատարակութիւններ: ,Fine Artsե-ի խմբագրապետը
եւս` Վիքթոր Գորպս, ցանկացաւ հարցազրոյց մը ունենալ հետս` Խ.Միութեան "ապսուրտ"-
գերիրապաշտ արուեստի մասին: Այս նիւթին շուրջ քիչ մը զրուցելէ ետք, ան նախընտրեց
առանձին յօդուած գրել` Վահրամ Դաւթեանի մասին: Յօդուածս բարձր գնահատանքի
արժանացաւ, որմէ ետք պայմանագիր կնքեցինք շարունակելու համար
աշխատակցութիւնս:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի Monday Morning-ին` ապա հանգուցեալ Մըլհէմ Քարամ`
իր մահէն առաջ այցելեց մեր ցուցահանդէսը` ու երբ Fine Arts-ի յօդուածը տեսաւ`
առաջարկեց աշխատակցիլ նաեւ Monday Morning-ին: Այսինքն ձեւով մը անուղղակիօրէն
առաքելութիւն տրուած է ինծի այս թերթերուն մէջ հայ արուեստը ներկայացնելու եւ
ծանօթացնելու:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայ կերպարուեստի, գեղանկարչութեան ներկայացումը Մոնաքոյի նման
միջազգային ցուցահանդէսներու մէջ` ի՞նչպիսի ապագայ կը խոստանայ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ամէն ինչ կախեալ է մեր կազմակերպուածութենէն: Եթէ մենք չենք ուզեր
կազմակերպուիլ` չենք կրնար արդիւնքներու հասնիլ, նուաճումներ արձանագրել: Իբրեւ
սկիզբ` շատ գեղեցիկ եւ արդիւնաւէտ եղաւ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած
հայ կերպարուեստի գործիչներու համա-հայկական խորհրդաժողովը: Այդ ուղղութեամբ
Սփիւռքի նախարարութիւնը, աշխատանքներ կը տանի որպէսզի կազմակերպէ երկրորդը,
աւելի ընդարձակ` ուր յատուկ որոշումներ առնուին ու կազմուի հայ արուեստագէտներու
միութիւն մը: Խմբուինք հայրենիքի շուրջ, որպէսզի գործակցաբար կարողանանք
զարգացնել թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ Սփիւռքի մշակոյթը լայն: Եւ ինչու չէ մշակոյթը
օգտագործենք նաեւ քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ: Այսինքն` մեր ազգային
վարկը բարձրացնենք, ամրապնդենք մշակոյթի ճամբով:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Շնորհակալութիւն ձեր տուած բացատրութիւններուն եւ շահեկան
տեղեկութիւններուն համար:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շնորհակալութիւն նաեւ քեզի. միութեան մը չափ գործ կը կատարես`
մանաւա՛նդ անթեղուած հայերու հարցն ու պահանջները ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու
մէջ:
Հարցազրոյցը վարեց` ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Պէյրութ, Լիբանան