Մովսէս Հերկելեան.«Հայ կերպարուեստը մրցունակ է միջազգային գետնի վրայ»


Մովսէս Հերկելեան.«Հայ կերպարուեստը մրցունակ է միջազգային գետնի վրայ»

  • 16-05-2011 15:43:43   | Լիբանան  |  Հարցազրույցներ
 Հարցազրոյց Noah՛s Ark Gallery-ի Տնօրէն Արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանի Հետ Ռամկավար Մամուլ Մայիս 16, 2011 ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Հերկելեան, կրնա՞ք նախ որոշ տեղեկութիւններ տալ Մոնաքոյի 2011թ-ի արուեստի միջազգային ցուցահանդէսին ու ձեր ցուցասրահի մասնակցութեան մասին: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Քաջալերուելով 2010թ-ի Մոնաքոյի "Յատուկ Թողարկում" (Special Edition) միջազգային ցուցահանդէսին մեր արձանագրած նիւթա-բարոյական յաջողութիւններէն` այս տարի եւս որոշեցինք մասնակցիլ "Մոնաքօ 11" միջազգային ցուցահանդէսին: Մենք բաւական կապեր ստեղծեցինք հրատարակութիւններու հետ` որոնցմէ ամենէն նշանակալիցը "Լիւքս Իմմօ" (Luxe Մովսէս Հերկելեան Immo) արուեստի հրատարակութիւնն է: Երկու տարուան բաց պայմանագիր մը կնքեցինք, ուր եթէ երկուստեք դժգոհութիւններ չունենանք, պայմանագիրը վերանորոգուած կը նկատուի: Այս արուեստի ամսաթերթը ունի 18700 մասնագէտ-բաժանորդներ (արուեստաբաններ, արուեստագէտներ, ճարտարապետներ): Այն կը տարածուի աշխարհի 23 երկիրներու 370 քաղաքներու մէջ ու կը հրատարակուի 4 լեզուներով (անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն եւ ռուսերէն): Անոր ընթերցողներուն ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 2.5 միլիոն: Այնտեղ հրատարակուած յօդուածներէս վերջինը Մոնաքոյի մեր տաղաւարի մասին է: Հոն պիտի ներկայացնեմ առաւելաբար հայ եւ ռուս արուեստագէտներ: Նախկին Խ. Միութեան արուեստը զիրենք աւելի կը հետաքրքրէ, իբրեւ նորութիւն միջազգային արուեսին մէջ: Բացառուած չէ որ գրեմ նաեւ օտար արուեստագէտներու մասին: Պատուէր մը արդէն ունիմ Ճէյն Սեյմուրէն: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս տարի եւս, ինչպէս անցեալ տարուան Մոնաքոյի հռչակաւոր ցուցահանդէսին, Noah Ark-ը եւ հայկական կերպարուեստը մեծ յաջողութեան հասան յատկապէս Վահրամի ստեղծագործութիւններուն պատճառով, որոնք արժանացան բարձր գնահատանքի եւ աննախընթաց գինով վաճառուեցան: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս երեւոյթը: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո, անցեալ տարուան Մոնաքոյի "Յատուկ Թողարկում" ցուցահանդէսին արդիւնքները իսկապէս փայլուն էին: Հետաքրքրութեան եւ գնահատման գլխաւոր պատճառը այն է որ նախկին Խ. Միութենէն եկած կերպարուեստը ինչ-որ նորութիւն կը պարունակէ իր մէջ, իսկ այդ նորութիւնը անհեթեթի ուժգին դրսեւորումն է որ կու գայ խորհրդային կացութաձեւի, անտրամաբանական դրութենէն: Թէեւ անհեթեթը գոյութիւն ունէր գերիրապաշտ արուեստին մէջ` սակայն այդպէս ուժեղ, ձեւով չէր արտայայտուած: Հայ կերպարուեստը մրցունակ է միջազգային գետնի վրայ: Մենք թէ՛ որակ ու թէ՛ քանակ ունինք: Ասիկա չի՛ վերաբերիր միայն անոնց որոնք Noah՛s Ark-ը կը ներկայացնեն: Ուրիշներ ալ կան, բայց անոնց համար համապատասխան շուկայ չունինք: Շուկայ չըլլալու պատճառն այն է որ մենք չենք կազմակերպուած, նախ պետականօրէն չունինք ազգային մշակութային քաղաքականութիւն: Իսկ մշակման գործին հարկ է որ Սփիւռքի մասնագէտները եւս մասնակցին: Իբրեւ ազգ եւ պետութիւն` ո՛չ մեր դիրքը բարձր կը գնահատուի, ո՛չ ալ մեր հանքերը մեծ արժէք մը կը ներկայացնեն: Տնտեսապէս ու ռազմապէս ալ զօրաւոր չենք, բայց հզօր ենք մշակութապէս: Այո՛, մրցունակ ենք մշակոյթով: Պէտք է ուժ տանք մշակոյթին: Noah՛s Ark-ին իրագործումը լումայ մըն է այս բոլորին մէջ: Ուրիշներ ալ կրնան հայկական մշակոյթը միջազգային գետնի վրայ լաւապէս ներկայացնել, եթէ յանդգնոթիւնը ունենան իրենց վարկը ու նիւթական կարողականութիւնը «ռիսք»-ի ենթարկելու: Րոքֆելըր կ՛ըսէ. «Ոչինչ ռիսքի ենթարկողը, ոչինչ կը շահի»: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս գիտենք, որպէս արուեստաբան, Luxe Immo-էն առաջ կ'աշխատակցէիք Ամերիկայի Fine Arts-ին, Monday Morning-ին եւ այլ թերթերու, ամսագրերու: Որոշ տեղեկութիւններ կրնա՞ք տալ այդ մասին: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իրականութեան մէջ Luxe Immo-ի խմբագրապետը, Տէյվիտ Տիւպուա, զիս գտաւ Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուող ,Fine Artsե-ի միջոցով, որ կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ ու միջազգային ցուցահանդէսներուն կը բաժնուի: Հոն է որ Տիւպուա կարդացած էր Վահրամ Դաւթեանի մասին յօդուածս: 2002թ-էն սկսեալ, Նիւ Եորքի Art Expo-ին կը մասնակցինք եւ մեզի հետ հարցազրոյցներ կ՛ունենան Art world News-ի, Art Business News-ի եւ նմանօրինակ այլ հրատարակութիւններ: ,Fine Artsե-ի խմբագրապետը եւս` Վիքթոր Գորպս, ցանկացաւ հարցազրոյց մը ունենալ հետս` Խ.Միութեան "ապսուրտ"- գերիրապաշտ արուեստի մասին: Այս նիւթին շուրջ քիչ մը զրուցելէ ետք, ան նախընտրեց առանձին յօդուած գրել` Վահրամ Դաւթեանի մասին: Յօդուածս բարձր գնահատանքի արժանացաւ, որմէ ետք պայմանագիր կնքեցինք շարունակելու համար աշխատակցութիւնս: Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի Monday Morning-ին` ապա հանգուցեալ Մըլհէմ Քարամ` իր մահէն առաջ այցելեց մեր ցուցահանդէսը` ու երբ Fine Arts-ի յօդուածը տեսաւ` առաջարկեց աշխատակցիլ նաեւ Monday Morning-ին: Այսինքն ձեւով մը անուղղակիօրէն առաքելութիւն տրուած է ինծի այս թերթերուն մէջ հայ արուեստը ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայ կերպարուեստի, գեղանկարչութեան ներկայացումը Մոնաքոյի նման միջազգային ցուցահանդէսներու մէջ` ի՞նչպիսի ապագայ կը խոստանայ: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ամէն ինչ կախեալ է մեր կազմակերպուածութենէն: Եթէ մենք չենք ուզեր կազմակերպուիլ` չենք կրնար արդիւնքներու հասնիլ, նուաճումներ արձանագրել: Իբրեւ սկիզբ` շատ գեղեցիկ եւ արդիւնաւէտ եղաւ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած հայ կերպարուեստի գործիչներու համա-հայկական խորհրդաժողովը: Այդ ուղղութեամբ Սփիւռքի նախարարութիւնը, աշխատանքներ կը տանի որպէսզի կազմակերպէ երկրորդը, աւելի ընդարձակ` ուր յատուկ որոշումներ առնուին ու կազմուի հայ արուեստագէտներու միութիւն մը: Խմբուինք հայրենիքի շուրջ, որպէսզի գործակցաբար կարողանանք զարգացնել թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ Սփիւռքի մշակոյթը լայն: Եւ ինչու չէ մշակոյթը օգտագործենք նաեւ քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ: Այսինքն` մեր ազգային վարկը բարձրացնենք, ամրապնդենք մշակոյթի ճամբով: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Շնորհակալութիւն ձեր տուած բացատրութիւններուն եւ շահեկան տեղեկութիւններուն համար: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շնորհակալութիւն նաեւ քեզի. միութեան մը չափ գործ կը կատարես` մանաւա՛նդ անթեղուած հայերու հարցն ու պահանջները ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու մէջ: Հարցազրոյցը վարեց` ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ Պէյրութ, Լիբանան
Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ