ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Եթովպիոյ եկեղեցւոյ Պատրիարք Ապունա Փաուլոս վախճանեցաւ չորս օրեր առաջ: Այս տխուր առիթով յանուն Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան մեկնեցաւ Ատիս Ապեպա ներկայ ըլլալու յուղարկաւորութեան եւ Եթովպական եկեղեցւոյ Սինոտին ու պետական պատասխանատուներուն անձամբ ներկայացնելու Վեհափառ Հայրապետին եւ Սուրբ Աթոռին ցաւակցութիւնները: Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր, Հինգշաբթի, Եթովպիոյ Ս. Երրորդութիւն Մայր Տաճարին մէջ:
Իր ցաւակացական նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Փաուլոս Պատրիարքին կեանքին ու ծառայութեան, կÿըսէ թէ երկար տարիներու անձնական բարեկամութիւն ու սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունէր իր հետ: Յաճախակի առիթներով անոնք հանդիպած էին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Ատիս Ապեպայի մէջ եւ միջ-եկեղեցական համագումարներու ծիրէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կը յիշէ, թէ իր նախաձեռնութեամբ պատմական ողջագուրում մը տեղի ունեցաւ Փաուլոս եւ Շնուտա պատրիարքներուն միջեւ՝ Եթովպիոյ եւ Ղպտի եկեղեցիներու միջեւ երկար տարիներու գոյութիւն ունեցող սառն յարաբերութիւններէն յետոյ:
Վեհափառ Հայրապետը կը յիշեցնէ թէ հանգուցեալ Պատրիարքը նոր էջ մը բացաւ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ, եկեղեցւոյ առաքելութեան զանազան մարզերէն ներս: Ան նաեւ կÿողջունէ Պատրիարքին տարած աշխատանքը ափրիկեան ցամաքամասի ծիրէն ներս:
Յայտնենք, որ Հայ եւ Եթովպիոյ եկեղեցիները դաւանակից են: Շուրջ երեսուն հազար հաշուող Լիբանանի Եթովպիոյ համայնքը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը՝ հոգեւոր ու իրաւական իմաստով:
*********
Press Release
For Immediate Use - Catholicosate of Cilicia
Communication and Information Department
Tel: (+961- 4) 410001, 410003
Fax: (+961- 4) 419724
E- mail: info@ArmenianOrthodoxChurch.org
Web: www.ArmenianOrthodoxChurch.org
PO Box 70 317
Antelias-Lebanon