Կարօ Գույումճեան. «Միայն մեր ԲՈԼՈՐԻՍ աշխատանքով կըրնանք դիմանալ այսօրուայ մարտահրաւէրներուն»


Կարօ Գույումճեան. «Միայն մեր ԲՈԼՈՐԻՍ աշխատանքով կըրնանք դիմանալ այսօրուայ մարտահրաւէրներուն»

  • 09-05-2011 10:13:02   | Քուվեյթ  |  Հարցազրույցներ
ՀԱՅ-ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆ Հարցազրոյց` Արաբերէն Եւ Անգլերէն Լեզուներով Հրապարակագիր` Տիար Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանին Հետ Ծնած է Հալէպ: Տէր եւ տնօրէնն է Քուէյթի հռչակաւոր Metal Center. Co հաստատութեան: Հասարակական գործիչ` Քուէյթի Թեմական խորհուրդի անդամ եւ 2001 թուականին Ազգային Իշխանութեան ատենապետ: 2003 թուականին արժանացած է «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին` ձեռամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի: Ան կը հաւատայ, որ հայ ազգը մշակութային մեծ հարստութեան տէր ազգ մըն է, եւ ինք պարտաւոր է զայն ծանօթացնել օտարներուն, նուաճելու անոնց յարգանքն ու սէրը: Հետեւեալ հարցազրոյցը կը յանձնենք հայ ընթերցողին` մանաւանդ երիտասարդ ընթերցողին ուշադըրութեան, վստահ ըլլալով, որ մեծ հետաքրքրութեամբ պիտի կարդացուի. ընթերցողը մեծ հաճոյք պիտի ստանայ, նաեւ ... օգուտ պիտի քաղէ..: - Պարոն Գույումճեան, կը խնդրեմ, որ դուք ձեզ ծանօթացնէք: Կ.Գ. - Ես Հայրենասէր հայ մըն եմ, կը սիրեմ ազգս, կը պաշտեմ հայրենիքս: Ծնած եմ Հալէպ, երկար տարիներէ ի վեր կ'աշխատիմ Քուէյթի մէջ: Կազմած եմ հայ ընտանիք մը եւ հպարտ եմ հայութեամբ եւ ընտանիքովս: Իմ կարելիս կ'ընեմ ծառայելու Հայրենիքիս եւ հայ ազգին, որովհետեւ կը հաւատամ, որ ամէն հայ կրնայ իւրայատուկ ձեւով մը ծառայել իր ժողովուրդին եւ պէտք է ծառայէ: Միայն մեր ԲՈԼՈՐԻՍ աշխատանքով կըրնանք դիմանալ այսօրուայ մարտահրաւէրներուն, դիմակայել զանոնք եւ յաղթել, ապա թէ ոչ կը մնանք պարտուածներու շարքին եւ կը դատապարտուինք մահուան համազօր կորուստի: - Ի՞նչ բանը առիթ հանդիսացաւ, որ դուք մեկենասը դառնաք Սուրիահայ Գրողներու համախումբին հրատարակած «ԵՐԹ» տարեգիրքի 5-րդ հատորին: Կ.Գ.- Ես շատ մեծահարուստ մէկը չեմ, բայց 25 տարիներէ ի վեր նպատակամղուած ազգօգուտ նուիրատուութիւններ կը կատարեմ, նաեւ տարեկան որոշ գումար մը կը յատկացնեմ հրատարակութիւններու, եւ անկեղծօր էն ըսելով կը նախընտրեմ, որ այս գումարը ծառայէ բացարձակապէս հայ ազգի քաղաքակրթութիւնը արաբ ընթերցողին ծանօթացնելու շատ անհրաժեշտ գործին: Միշտ ալ կան մարդիկ որոնք պատրաստ են մեր գրականութիւնը, մեր մշակոյթը, մեր պատմութիւնը, մեր լաւագոյնները արաբ ընթերցողին ներկայացնող գիրքերու մեկենասութինը ստանձնել։ Այս կենսական գործը իմ խորին համոզմունքս է եւ իմ հետաքրքըրութիւններուս ծիրին մէջ կը մտնէ: «ԵՐԹ» 5-ի մեկենասութիւնը յանձն առի ընդառաջելով մօտիկ մէկ բարեկամիս, անմիջապէս աւելցնեմ, որ շատ մեծ գոհունակութիւն զգացի եւ կը զգամ: Գիրքի մը մեկենասութիւնը նախ եւ առաջ մեկենասին հոգեկան բաւարարութիւն կը պատճառէ. մեկենաս մը նախ ինք շնորհակալ պէտք է ըլլայ, ապա նոր միայն շնորհակալութիւն սպասէ կամ աւելի ճիշդ՝ չսպասէ: Այն յարզգացի եւ կը զգամ: Գիրքի մը մեկենասութիւնը նախ եւ առաջ մեկենասին հոգեկան բաւարարութիւն կը պատճառէ. մեկենաս մը նախ ինք շնորհակալ պէտք է ըլլայ, ապա նոր միայն շնորհակալութիւնսպասէ կամ աւելի ճիշդ՝ չսպասէ: Այն յարգանքն ու սէրը, որոնցմով շրջապատեցին զիս «ԵՐԹ»ին առնչակիցները՝ խմբագիրը, գրողները շատ աւելին էին քան ես կրնայի ակնկալել: Ինքզինքս անչափ շոյուած զգացի Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ, Համախմբումին հոգատար հովանաւոր Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեանի սիրալիր վերաբերմունքէն: Ես ուրախ եմ որ եղայ մեկենասը արժանի հրատարակութեան մը, որուն շնորհիւ ես ունեցայ բազմաթիւ նոր բարեկամներ, անշուշտ ես ալ իրենց բարկամը դարձայ: - Պարոն Գույումճեան, Ձեր արաբերէն լեզուով յօդուածները լոյս կը տեսնեն արաբական աշխարհի յայտնի թերթերու մէջ՞ Քուէյթեան, Լիբանանեան, Լոնտոնի մէջ հրատարակուող եւ այլն, կը գրէք նաեւ անգլերէնով: Ինչո՞ւ հայերէնով չէք գրեր: Կ.Գ.- Բարեկամս, հայերէնով գրողներ շատ ունինք. այդ բնաագաւառին մէջ կարիքս չի զգացուիր, չեմ կարծեր որ ես հոն կրնամ կարեւոր դեր մը խաղալ: Այլ է արաբերէնին պարագան։ Այստեղ զգալի է հայերուն բացակայութիւնը: Մենք՝ հայերս, մեր դատը որոշ չափով կրցած ենք ներկայացնել անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Ցաւօք սրտի անտեսած ենք իսլամ եւ արաբ ընթերցողը, արաբ ժողովուրդը յատկապէս: Մենք մեր պատմութեան սխալներէն դաս չենք քաղեր կարծես։ Կարծէք թէ Արեւմուտքը նկատի առնել կը նշանակէ անտեսել մեր անմիջական շրջապատը: Այսօր Արեւմուտքը միլիառներ կը ծախսէ արաբերէն սորվելու, արաբատառ մամուլ ունենալու, արաբերէն լեզուով հեռասփռումներ կատարելու համար: Իսկ մենք դեռ չենք գիտակցիր, թէ այսօրուայ աշխարհին մէջ իսլամներն ու արաբները ի՞նչ մեծ տեղ ունին, կամ ի՞նչ դեր կրնան խաղալ: Թուրքերն անգամ իրենց գրաւը արաբական երկիրներուն վրայ կը դնեն, որոնցմէ ոմանք իրեն սահմանակից դրացիներ են, եւ ուր կարեւոր ներկայութիւն են (այսօ՞ր ալ) հայերը: Մենք, առնուազն մենք մեզի համար, անչափ կարեւոր ներկայութիւն ենք արաբական երկիրներու մէջ: Մենք գիտենք արաբերէն լեզուն, որուն աւելի լաւ պէտք է տիրապետենք, մենք ծանօթ ենք արաբ ժողովուրդին, զոր աւելի լաւ պէտք է ճանչնանք, որպէսզի արաբներն ալ մեզ աւելի լաւ ճանչնան, գիտնան որ այս լաւ, պարկեշտ արհեստաւորները նաեւ մեծ մշակոյթի ժառանգորդներ են, որոնք ունին դեռ չլուծուած արդար դատ մը: - Այս առումով վերջին շրջանին որոշ աշխուժութիւն մը կը տիրէ մեր գաղութին մէջ: Կ.Գ. - Հալէպահայ գաղութը միշտ ալ ամենաաշխուժը եղած է: Տեղեակ եմ, որ Հալէպահայերը արաբերէնով տասնեակ գիրքեր հրատարակած են մեր մշակոյթն ու դատը ծանօթացնելու արաբ ընթերցողին, Հալէպահայե՛րու նախաձեռնութեամբ Տէր Զօրի աշիրաթապետները Հայաստան այցելած են, Հալէպահայե՛րը կազմակերպած են դեռ վերջերս կայացած հանդիպումը բարեկամ արաբ գրողներու հետ...։ Բայց կը կարծեմ որ բացթողում մը կայ, աւելի հետեւողական պէտք է ըլլանք, պէտք է մեր առօրեան միախառնենք տեղի առօրեային, մեր ընկոյզիկեղեւէն դուրս ելլենք եւ լիարժէքօրէն ապրինք սուրիական հայրենիքի կեանքով, արաբերէն հրաշալի լեզուին տիրապետենք, որպէսզի կարենանք բազում ասպարէզներուն մէջ զգալի ներկայութիւն ըլլալ։ Ինչպէս կ'ըսեն. «Հայը լաւ արհեստաւոր է» նոյնպէս ամբողջ Սուրիան պէտք է համոզում գոյացնէ, որ հայը լաւ ուսուցիչ է, լաւ փաստաբան, լաւ գրող, լաւ արուեստագէտ նոյնիսկ լաւ դիւանագէտ եւ լաւ զինուորական... ամենալաւը, լաւագոյնը ... հաւատարիմ սուրիական հայրենիքին եւ պատրաստ ամէն զոհողութեան յանուն այս հիւրընկալ երկրին...։ Եւ այս ամէնը բազում մակարդակներու վրայ պէտք է տեսնուին, աւելի եւս ամրապնդելով Հայ-Արաբ յարաբերութիւնները: Այսպիսով ոչ միայն գաղութը կը շահի, այլ նաեւ անուղղակի կերպով պաշտպանած կ'ըլլանք Ղարաբաղի հարցը, Հայ Դատը: Այսպիսով կը մնանք նաեւ կարեւոր մէկ մասնիկը երկրի կառոյցին, առանց որուն շատ բան կրնան կորսնցնել երկիրն ու իր ազգաբնակչութիւնը...։ Եթէ ասոր չհասնինք՝ օր մը կրնանք նոյնիսկ աւելորդ բեռ նկատուիլ...։ Այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատին մեր բոլոր գաղութները իրենց ապրած երկիրներուն մէջ: - Պարոն Գույումճեան, կը բարեհաճի՞ք Ձեր յօդուածներուն մասին խօսիլ: Ինչպիսի՞ նիւթեր կը շօշափէք, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէք: Կ.Գ. - Կը կարծեմ որ արդէն որոշ կարծիք մը ունեցաք, թէ ինչի՞ մասին կը գրեմ, եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեմ։ Ես մէկ նպատակ կը հետապնդեմ՞ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱԶԳՍ: Արաբին կը ծանօթացնեմ մեր մշակոյթը, մեր հիմնախընդիրները, մեր ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ... պարզելով ճշմարտութիւնը եւ մեր դատին արդարութիւնը: Կը գրեմ այժմէական եւ նոյնիսկ այսօրուայ օրակարգի վրայ դրուած հարցերու մասին. երբեմն պատասխանելով կամ անդրադառնալով կարեւոր յայտարարութիւններու, աւելցնեմ որ քանի անգամ ալ Քուէյթի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը մամուլով անդրադարձած է իմ այս կամ այն յօդուածիս: Կը գրեմ նաեւ արաբական խնդիրներու մասին, պաշտպանելով արաբի դատը ցոյց կու տամ, որ այդ իմ ալ դատս է, հաստատապէս համոզուած ըլլալով, որ այսպիսով մեր դատին ի նպաստ կը տրամադրեմ զինք: Կը գրեմ այն նիւթի մասին, զոր լաւ գիտեմ: Ես շատ բծախնդիր եւ խստապահանջ եմ, եւ այս խստապահանջութիւնը կը տարածուի նախ եւ առաջ իմ անձիս վրայ. ուշադիր կը գրեմ, երբեմն գրածս տասը անգամ կը սըրբագրեմ. երբ օտար ընթերցողի համար կը գրես, իրաւունք չունիս վրիպելու։ Կը գրեմ անկեղծօրէն, կը գրեմ ընթերցողին սրտին եւ մտքին մէջ թափանցելով։ Երբ Արարատի մասին գրածս կարդայ արաբ ընթերցողը, ոչ միայն պէտք է հասկնայ, այլ նաեւ զգայ, որ ես առանց այդ սուրբ Լերան չեմ կրնար ապրիլ, որ այդ Լեռը իմս է՝ հայունը, որ ես իրաւունք չունիմ հրաժարելու, եւ հասկնայ, որ ես իրաւացի եմ, որ Ղարաբաղի հարցը կրօնական հարց մը չէ... որ մեր մղածը ազգային-ազատագրական պայքար է... եւ թէ ինք պէտք է զօրաւիգ կանգնի ինծի: - Պարոն Գույումճեան պիտի խնդրէի, որ Ձեր յօդուածներէն քանի մը հատը պարզապէս թուէք: Կ.Գ. - Ինչո՞ւ չէ, սիրով: - «Ատրպէյճանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը»: Ալ-Արապի, Քուէյթ,1998: - «Հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան1700-ամեակը»: Ալ-Քապաս, Քուէյթ եւ ԱլՇ արք Ալ-Աուսաթ, Լոնտոն, 2001: - «Մատեան ոէբերգութիւն՝ Նարեկ-հազարամեակ»: Ալ-Քապաս, Քուէյթ եւ Ալ-Նահար, Պէյրութ, 2003: - «Հայի մը Ողջոյնը Կազա Ուղղուող Ազատութեան Նաւուն»: Ալ-Քապաս, Քուէյթ եւ Ալ-ահար, Պէյրութ, 2003: - «Հայերը, Թուրքերը եւ Եւրոպացիները»: Ալ-Քապաս, Քուէյթ եւ Ալ-Նահար, Պէյրութ, 2004: - «Արամ Ա., Իմաստուն Առաջնորդը»: Ալ-Քապաս, Քուէյթ, 2005: - «Խորին Շնորհակալութիւն Արաբ Ժողովուրդին»: Ալ-Քապաս, Քուէյթ , Ալ-Նահար, Պէյրութ եւ Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ, Լոնտոն, 2005: - «Հայկական Հարցը Բռնագաղթի եւ Ցեղասպանութեան միջեւ»: Ալ-Քապաս, Քուէյթ, 2007: - «Պաղեստին, Ի՞նչ կը Պատահի Քու Մէջդ»: Ալ-Նահար, Պէյրութ, 2007: - «Թուրքերը, Հայերը եւ Պատմաբանները»: Ալ-Քապաս, Քուէյթ, եւ Ալ-Նահար, Պէյրութ, 2008: - «Բաց Նամակ Հայէ մը Նախագահ Օպամային» լոյս տեսած զանազան թերթերու մէջ արաբերէն եւ անգլերէն, տպուած նաեւ «Ազդակ»ի մէջ հայերէն եւ անգլերէն, 2009: - Պարոն Գույումճեան, գիտենք որ այս յօդուածներէն մեծ մասը միեւնոյն ժամանակ տպուած են կամ արտատպուած այլ թերթերու մէջ եւս, որոնց նշանակութեան մասին գիտենք։ Գիտենք նաեւ որ ասոնք մէկ փոքր մասն են Ձեր բեղուն գրիչին: Չէ՞ք մտածեր անոնք որպէս գիրք հրատարակել: Կ.Գ.- Ես արդէն պիտի ըսէի, որ 2011-ի կէսերուն, որպէս գիրք պիտի հրատարակեմ յօդուածներուս ամբողջական շարքը: Գիրք մը տպելու չափ եւ աւելի կարեւոր է զայն ընթերցողներուն հասցնելու խնդիրը. ուստի, ներկայիս բանակցութիւններ կը վարեմ Լիբանանեան կարեւոր հրատարակչատան մը հետ, որպէսզի յանձն առնէ այս ամէնը: Կը յուսամ որ յաջողութեան կը հասնիմ: - Ի՞նչ ըսելիք ունիք հայ երիտասարդներուն: Կ.Գ. - Մի՛ թերագնահատէք թշնամին, միշտ արթուն եղէք: Ժամանակ գտէք դուք ձեզիհամար աշխատելու, ժամանակ գտէք հայրենիքով եւ հայկական գաղութներով հետաքրքրուելու, Ժամանակ գտէք ազգին ծառայելու: Ես իմ գործիս մէջ անչափ բեռնաւորուած եմ, երկու հարիւրէ աւելի աշխատակազմ ընդգրկող հիմնարկութիւն կը ղեկավարեմ, բայց այս ամէնուն համար ժամանակ կը յատկացնեմ: Մի՛ հեռանաք մեր միութիւններէն, մեր դպրոցներուն սատարեցէք: Եկեղեցի գացէք։ Թող ներեն ինծի հոգեւորականները, ես կրօնամոլ չեմ, բայց միշտ Հայկական Եկեղեցի կ'երթամ Հոն մեր ազգային ոգին կ'իշխէ, իր խորհրդաւոր վեհութեամբ, հոն մեր շարականները մեզ կ'ազնուացնեն, որպէս հայ եւ որպէս մարդ...։ Տէր եղէք մեր նիւթական եւ հոգեւոր արժէքներուն: - Շնորհակալութիւն: Յաջողութիւն Ձեր արդար գործին: Կ.Գ. - Ես եւս շնորհակալ եմ : Բոլորին յաջողութիւն կը մաղթեմ: Գիտնանք մեր անձնական յաջողութիւնները մեր ընդհանուր գործին յաջողութեան ծառայեցնել: Հաւատացէ՛ք, ասոր մէջ պիտի գտնենք մեր սրտի ուրախութիւնը, մեր հոգեկան բաւարարութիւնը: Հարցազրոյցը վարեց Մ.Ք.
Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ