«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը


«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

  • 05-10-2015 19:02:40   | Լիբանան  |  Հասարակություն

«Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութիւնը անցեալ շաբաթավերջին «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն հիւրընկալեց արուեստի մարզին մէջ իր վաստակը ունեցած լիբանանահայ անձնաւորութիւն մը` թմբկահար Սեդրակ Սարգիսեանը, որ պարգեւատրուեցաւ կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ:
 
Հաղորդավար Հալա Հատտատի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին հիւրը` Սեդրակ Սարգիսեան, որ ծանօթ է իբրեւ «Թմբուկի թագաւոր», անդրադարձաւ իր մանկութեան յուշերուն` նշելով, որ փոքր տարիքէն սիրած է թմբուկը եւ աշակերտական տարիներուն քանի մը անգամ դասարանէն դուրս դրուած է` գրասեղանները թմբուկ կարծելով անոնց վրայ նուագելուն պատճառով:
 
Սեդրակ Սարգիսեան ընկերակցած է լիբանանցի եւ արաբ շարք մը վաստակաւոր երգիչներու եւ երգչուհիներու, ինչպէս` Ուատիհ Սաֆիի, Ապտել Ուահապի, Ֆարիտ Աթրաշի, Ում Քուլսումի, Ապտել Հալիմ Հաֆեզի, Սապահի եւ Սամիրա Թուֆիքի:
 
Անդրադառնալով իր փորձառութեան եւ յիշատակներուն` Սեդրակ Սարգիսեան աւելցուց, որ ուրախ պահերուն կողքին ինք ունի նաեւ տխուր յիշատակ մը` նշելով, որ նուագի պահուն ստացած է իր հօր մահուան գոյժը, սակայն ստիպուած եղած է շարունակել բեմին վրայ իր ելոյթը:
 
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն