Պետութիւնը կը յամառի չբնորոշել մեր կարգավիճակը


Պետութիւնը կը յամառի չբնորոշել մեր կարգավիճակը

  • 02-12-2016 12:29:40   | Թուրքիա  |  Հարցազրույցներ

«Ակօս»-ի հարցազրոյցը Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպիսկ. Մաշալեանի հետ 
 
Մինչ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը պաշտօնապէս սկսած է, զրոյց մը ունեցանք նշեալ ընտրութեան որոշումը կայացուցած Կրօնական ժողովի ատենապետ, ընտրութեան բնական թեկնածուներէն Սահակ եպիսկ. Մաշալեանի հետ՝ «պատրիարքութեան» եզրին շուրջ, անցեալէն մինչեւ օրս անոր բովանդակած իմաստին, կարեւորութեան, սահմանած իրաւունքներուն, պարտականութիւններուն, իրաւասութիւններուն շուրջ։ Կը յուսանք, որ պատրիարքի իրաւասութիւններուն մասին Մաշալեան եպիսկ.ի կողմէ մատնանշուած հարցադրումը օրակարգի կը բերէ շահեկան եւ անհրաժեշտ վիճարկում մը։ 
 
«Ակօս».- Կրնա՞նք սկսիլ «պատրիարք» բառին իմաստով։ Ի՞նչ կը նշանակէ պատրիարք, ո՞վ է ան, որո՞նք են իր գլխաւոր դերը եւ պարտականութիւնը։ 
Սահակ եպիսկ. Մաշալեան.- Բառարանային բացատրութեամբ՝ «հայրապետ» կամ «նահապետ» նշանակող կրօնական տիտղոս մըն է: Հայրը՝ նահապետական դրութեան մէջ ընտանիքի մը եւ տան մը ամենէն իրաւասու անձն է: Հայրական տիպարը պահպանող, հսկող, փրկող եւ կշտացնող իմաստներն ալ կը բովանդակէ: Իրականութեան մէջ, այդ եզրը կրօնական բոլոր դէմքերուն դիմելու համար ալ կը գործածուի, ինչպէս՝ «Հայր Տէր», «Հայր Սուրբ», «Սրբազան Հայր»…: Պատրիարքը հայերէն «հայր» նշանակող բառին ածանցումն է: Հայերէնի մէջ պատրիարք կը նշանակէ հայրապետ: Հոս, «հայրերը» իր հրամանին ենթակայ կրօնականները կը խորհրդանշէ: Աւելի յատուկ առումով, պատրիարք կը նշանակէ նաեւ աշխարհագրական շրջանի մը եւ կամ ազգի մը ամենէն լիազօր կրօնական դէմքը: Քրիստոնէութեան մէջ, ամենէն բարձրաստիճանը եպիսկոպոսն է, կրօնական առաջնորդ է ան: Իր գլխաւոր դերն է կրօնական գործերու կարգաւորումը եւ ղեկավարումը: Սակայն, մեր ազգի ճակատագրին բերմամբ՝ անոր վիճակած է բացի կրօնապետի առաքելութենէն, նաեւ՝ «միլլէթ»-ին (ազգ-ժողովուրդի իմաստով թրքերէն եզր մը - «ՆՅ») պետը ըլլալու առաքելութիւնը: 
 
«Ա».- Արդեօք կրնայի՞ք քիչ մը աւելի խորանալ «մեր ազգի ճակատագրին բերմամբ» հասկացութեան մէջ։ 
Ս.Ե.Մ.- Իր պետութենէն զրկուած իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ազգ, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, մահմետական գերիշխանութեան պայմաններու տակ՝ պարզ կրօնական ներկայութեան մը վերաբերումին արժանացած է: Ատիկա, մահմետականութեան՝ կրօնը եւ ազգը անբաժանելի են հասկացութեան մէկ արտայայտութիւնն էր: «Միլլէթ»-ը՝ մահմետական պետութեան համար նոյն կրօնին եւ դաւանանքին պատկանող մարդոցմէ կազմուած հաւաքականութիւնն էր: Բիւզանդիոնի հիմնարկային կառոյցէն ալ ներշնչուած Օսմանեան կայսրութիւնը իր հպատակութեան ենթակայ քրիստոնեայ տարրերը կազմակերպեց ըստ այդ նախատիպին: Սուլթան Մեհմէտ երբ Պոլիսը մայրաքաղաք հռչակեց, Յունաց պատրիարքութեան նախատիպը յարմար դատեց նաեւ քրիստոնեայ միւս դաւանանքներուն համար: Հայոց համար ալ ստեղծեց իրենց ուրոյն դաւանանքով եւ եկեղեցիներով կրօնա-քաղաքական «միլլէթ»-ի կառոյց մը: Պրուսայի եպիսկոպոս Յովակիմ պատրիարք նշանակուեցաւ այդ դրութեան գլուխը: Այդպէսով, մինչեւ Հանրապետութեան շրջանը՝ պատրիարքները կրօնական եւ նիւթական իշխանութիւնը գլխաւորեցին: Օսմանեան կայսրութեան շրջանին պատշաճող այդ կառոյցը, Հանրապետութեան օրով լաւ բնորոշուած չըլլալով՝ Հայոց պատրիարքութիւնը իր ղեկավարի պաշտօնը կատարելու մեծ հարցեր կը դիմագրաւէ: Օսմանեան շրջանին պետական կառոյց հանդիսացած Պատրիարքութիւնը, նամանա՛նդ՝ նախարարի կարգավիճակ վայելող պատրիարքը, Հանրապետութեան շրջանին նոյնիսկ իրաւաբանական կարգավիճակ չունեցող, անտեսուած, քաղաքացիական իր ամբողջ իշխանութենէն զրկուած, իր իսկ եկեղեցիէն ներս իրաւասութիւնները սահմանափակուած կրօնապետի մը վերածուեցաւ: Հետեւաբար եւ դժբախտաբար՝ Պոլսահայերու մտքին մէջ շփոթ վիճակ ստեղծուած է, թէ ի՞նչ պէտք է ակնկալեն պատրիարքներէն: 
 
«Ա».- Ուրեմն նոր պատրիարքի ընտրութիւնն ալ հայ համայնքի ղեկավարութեան հարցը պիտի չլուծէ։
Ս.Ե.Մ.- Այո, ճի՛շդ այդպէս: Այս հիմնական հարցը արդէն առկայ էր նաեւ այն ատեն երբ մենք պատրիարքներ ունէինք: Մենք, կտոր-կտոր եղած եւ իր ճակատագրին լքուած համայնք մըն ենք: Պետութիւնը կը յամառի չբնորոշել մեր կարգավիճակը: Ո՛չ Պատրիարքարանը, ո՛չ պատրիարքը եւ ոչ ալ համայնքը իրաւաբանական որեւէ կարգավիճակ ունին: Համայնքին ամբողջութեան մասին ոչ մէկ օրէնք, կարգավիճակ, կազմակերպում կամ կեդրոնական ղեկավարում խնդրոյ առարկայ է: Հիմնուելով անցեալի հասկացութեան վրայ՝ կ՚ենթադրուի, որ կեդրոնական ուժը պատրիարքն ու Պատրիարքարանն են: Սակայն, գործնականին մէջ՝ միայն «բարի կամքով» գործող դրութիւն մը առկայ է: Այն ալ՝ իրականութեան մէջ չի գործեր, միայն օրը կը փրկէ: Ամփոփելու համար ըսեմ, թէ մենք միայն նոր պատրիարք ընտրելու խնդիր չունինք, այլեւ՝ պատրիարքութեան հարց ունինք: Ո՞վ է տուեալ պատրիարքը, որո՞նք են իր լիազօրութիւններն ու պատասխանատւութիւնները: Մինչեւ ո՞ւր կ՚երկարին իր իշխանութեան սահմանները: Ան, ո՞ր կառոյցներուն կամ մարմիններուն հետ գործակցելով համայնքի հարցերուն լուծումներ պէտք է որոնէ: Առանց այս հարցումներուն պատասխան գտնելու, կը վախնամ, որ նոր ընտրելի պատրիարքէն շատ բան կ՚ակնկալուի: 
 
«Ա».- Ձեր պատասխաններուն անհամբերութեամբ կը սպասենք։ 
Ս.Ե.Մ.- Նորընտիր պատրիարքին եւ նոր ժամանաշրջանին հիմնական խնդիրը ա՛յս պէտք է ըլլայ: Պատրիարքը յստակ ձեւով պէտք է արտայայտէ, որ պատրիարքի դիրքը չի համապատասխաներ պատրիարքութեան: Պատրիարքութիւն դրութեան մը անուանումն է: Ան, պատմութեան բերումով՝ կրօնական եւ աշխարհիկ գործերը իր շրջագիծին մէջ համախմբելու պարտաւորուած եւ ատիկա ընելու ատակ միակ կառոյցն է: Այդ կառոյցին աշխարհական թեւը՝ նոյնքան կարեւոր է քան կրօնականը: Պատրիարքութիւնը քաղաքացիական նման իշխանութենէ զրկուած ըլլալով՝ դպրոցներուն, ընկերակցութիւններուն, հիւանդանոցներուն եւ վագըֆներուն (հիմնարկներուն - «ՆՅ») վրայ ազդեցութեան որեւէ լծակէ զուրկ է: Ներկայ պահիս, Պատրիարքութեան քաղաքացիական ներգործութիւնը հաւասար է զերոյի: Հետեւաբար, պատրիարքը միայն հոգեւոր անձնաւորութեան զեղչուած՝ պարզ կրօնական դէմքի կարգավիճակ ունի միայն: 
 
«Ա».- Սակայն ակնկալութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասած են։ Բոլորը կը սպասեն, որ նոր պատրիարքը ի մի բերէ իր տարտղնուած հօտը։ 
Ս.Ե.Մ.- Այո, բոլորը հրաշքներ կ՚ակնկալեն նոր պատրիարքէն: Մինչդեռ, ներկայի դրութեամբ՝ պատրիարքը միայն արտայայտուելու իրաւունքին տէր է, բայց ոչ՝ հրահանգելու եւ իր հրահանգները գործադրել տալու իրաւական լծակներուն: Ամէն ինչ կախեալ է բարի կամեցողութենէ: Եթէ ուզեն լսել՝ շատ լաւ: Բայց, օրինակի համար՝ եթէ վագըֆ մը կամ եկեղեցւոյ մը հոգաբարձութիւնը որոշէ առանց արտօնութեան վաճառել հողամաս մը կամ նո՛յնիսկ եկեղեցին, պատրիարքը կամ Պատրիարքարանը իրաւական ոչ մէկ միջամտութիւն կրնան ընել: Ինչպէս կը տեսնէք, ոչ թէ միայն քաղաքացիական, այլ նաեւ՝ կրօնական հարցերու մէջ Պատրիարքութիւնը նման անկար վիճակի մատնած են: Զուրկ ենք մեր հասարակաց հարցերուն՝ հասարակաց լուծումներ որոնելու դրութենէ մը: 
 
«Ա».- Սակայն, միշտ ալ այդպէս չէ՞ր։ 
Ս.Ե.Մ.- Անշուշտ, որ չէ՛ր: Մինչեւ 1961, պատրիարքութիւնը տէր էր Պետութեան կողմէ սա կամ նա ձեւով վաւերացուած կեդրոնաձիգ, քաղաքացիական իրաւական իշխանութեան: Կարելի կ՚ըլլար համայնքը ղեկավարել միակ կեդրոնէ մը: Զինուիրական հարուածէն ետք, միակողմանի որոշումով ջնջուեցաւ Լօզանի դաշնագրով մեզի վերապահուած այդ իրաւունքը եւ Պատրիարքարանը զեղչուեցաւ լոկ կրօնական կեդրոնի մը. իսկ պատրիարքը, որ «միլլէթ»-ի պետը պէտք է ըլլայ, դատապարտուեցաւ պարզ «կրօնապետ» ըլլալու: Ներկայիս, բացի կրօնական գործերէն, մեր համայնքը հետաքրքրող միւս հարցերով զբաղելու լիազօր իրաւական ոչ մէկ կեդրոն ունինք: Այս պատճառով ալ՝ նոր պատրիարքին գործը իսկապէս դժուար պիտի ըլլայ: Անոր միայն կրօնական տարածք մը սահմանուեր է: Ան պիտի կարենա՞յ իր իշխանութիւնը ընդլայնել նաեւ մինչեւ քաղաքացիական իշխանութեան տարածք: Ո՞ր իրաւունքով եւ ինչպիսի՞ իրաւական կարգավիճակով: Բացի համայնքիս անդամներուն «բարի կամեցողութենէն», գոյութիւն ունի՞ն այլ լծակներ, զորս ան պիտի կարենայ օգտագործել: 
 
«Ա».- Կը պատրաստուինք նոր պատրիարքի ընտրութեան։ Ձեզ նման պատրիարքութեան թեկնածուի մը կողմէ նման խօսքերու արտայայտութիւնը քիչ մը յոռետեսութիւն չէ՞։ 
Ս.Ե.Մ.- Իմ կարծիքով՝ յոռետեսութիւն չէ, այլ՝ իրատեսութիւն է: Նախ եւ առաջ, պէտք է սահմանել առկայ իրավիճակը: Ա՛յդ է, որ կ՚ընեմ ես: Եթէ իմանանք, թէ ի՞նչն է պակաս, կը փորձենք զայն դարմանել: Ապա նաեւ մեր ունեցած արժէքները վերստին կառուցաւորման ուղղութեամբ մեզի յոյսեր կը ներշնչեն: Ունինք իւղ, շաքար, ալիւր… մեզի կը մնայ խաւիծը պատրաստել: Իրականութեան մէջ, ամէն ինչ կախեալ է մեր երկրի ընդհանուր ընթացքէն: Համոզուած եմ, որ Պետութեան հետ շինիչ երկխօսութիւնը շատ բան կրնայ փոխել: Իմ տեսակէտս այն է, որ Պետութեան ղեկավարները ի վերջոյ պիտի հասկնան, թէ դժբախտ, անհանգիստ, իր իրաւունքներու ոտնահարման համոզուած հայ համայնք մը չի կրնար որեւէ նպաստ ունենալ այս երկրին: Ընդհակառակն, իր հարցերը լուծուած քրիստոնեայ հաւաքականութենէ բարձրացող գոհունակութեան արձագանգները իմաստալից նպաստ կը բերեն ժամանակակից պետութեան պատկերի մը կերտման, որուն այնքա՜ն կարիքը ունի այսօր Թուրքիան: Սակայն, գոհունակութեան այդ արձագանգները պիտի չբարձրանան, այնքան ատեն որ վերեւ իմ նշած հարցերը չլուծուին եւ որոնց պատճառը Պետութիւնն է: Այս մէկը կրնայ կարեւոր խաղաքարտ մը հանդիսանալ նորընտիր պատրիարքին՝ Պետութեան հետ երկխօսութեան մէջ: 
 
Հարցազրոյցը վարեց՝ 
ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Նոյեմբեր 25
Թրքերէնէ թարգմանութիւնը՝ «ՆՅ»
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ