Պատւոյ տոկտորայի շնորհում տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին Հայկազեան համալսարանին մէջ


Պատւոյ տոկտորայի շնորհում տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին Հայկազեան համալսարանին մէջ

  • 12-01-2019 03:55:56   | Լիբանան  |  Գիտություն եւ տեխնոլոգիաներ

 
Հինգշաբթի, 10 Յունուար 2019ի երեկոյեան, Հայկազեան Համալսարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ պատուաւոր տոկտորայի կոչման տուչութիւն: 
Կոչման արժանացողը, լիբանանահայ քաղաքական եւ ազգային գործիչ, պատմաբան, 17 տարիներ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանն էր, որ կ’արժանանար Հայաստանի Գիտութեան Ազգային Ակադեմիայի կողմէ պատմական գիտութիւններու պատւոյ տոկտորայի կոչումին:
 
Լիբանանահայ տարբեր հոսանքներու պատկանող գրասէր եւ պատմասէր հասարակութեան մը ներկայութեան, ուր ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի պատասխանատու դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ հակիրճ խօսքով բացատրեց օրուան հաւաքին նպատակը:
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի խմբագրական կազմի անդամ եւ Հայ Աւետարանական Գոլէճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան ներկայացուց <<Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի Պատմագիտական Հետազօտութիւններու  Արժեւորումը>>, շեշտելով անոր գիտականութիւնը, ժամանակի ընթացքին նոյն նիւթը զարգացնելու ձգտումը եւ համագործակցութեան ոգին:
 
Հայկազեան Համալսարանի ուսանողներէն Լոռի Պիլալեան (ֆլիւթ) եւ Վահան Սաղտըճեան (դաշնամուր), արհեստավարժ մակարդակով կատարեցին <<Երեւան-Էրեբունի>>ն:
 
Հայաստանի Գիտութեան Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտի տնօրէն, Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան կարդաց Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին տրուած կոչումին որոշումը: Ան բարձր գնահատեց հայ ազգային-ազատագրական պայքարը համիտեան բռնատիրութեան դէմ, եւ այդ պայքարին մէջ ծնունդ առած կուսակցութիւններուն խաղցած դժուարին բայց պատուաբեր դերը: Փրոֆ. Մելքոնեան գտաւ, թէ պէտք է արդար արժեւորումը կատարել ազատագրական պայքարի ինքնազոհ նուիրեալներուն. գործ մը, որ շրջանէ մը ի վեր կը կատարէ տոքթ. Ե. Ճէրէճեան:
Իր շնորհակալական խօսքին մէջ, Տոքթ. Ե. Ճէրէճեան հակիրճ բացատրեց թէ ատամնաբուժական եւ երեսփոխանական ասպարէզներէն ետք, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ անցում կատարած է դէպի պատմագրութիւն: Ան իր պարտաւորութիւնը յայտնեց յետայսու, բարձր պահել զինք պարգեւատրող հաստատութեան՝ ՀՀ ԳԱԱ եւ Պատմութեան Ինստիտուտին վարկը:
 
Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, վերապատուելի Փօլ Հայտօսթեան, իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նշեց թէ Հայկազեանը միշտ ալ պատրաստ է նման ուսումնական եւ գիտական ձեռնարկներու հանդիսաբէմը ծառայելու: Իսկ Տոքթ. Ե. Ճէրէճեանին Հայկազեանը ծանօթ է շատոնց, երբ ան սկսած է աշխատակցիլ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին եւ յաճախել համալսարանին գրադարանը:
Ներկաներուն միջեւ մտերմիկ խօսակցութիւնները շարունակուեցան ընդունելութեան սեղանին շուրջ: 
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Գիտություն եւ տեխնոլոգիաներ