Հայ Դատը Մատրիտեան Սկզբունքներէն Հրաժարելու Կոչ Կ՛ընէ


Հայ Դատը Մատրիտեան Սկզբունքներէն Հրաժարելու Կոչ Կ՛ընէ

  • 23-03-2019 10:51:22   | ԱՄՆ  |  Քաղաքական

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 21 Մարտ թուակիր հաղորագրութեամբ մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերահաստատեց իր սկզբունքային ընդդիմադիր դիրքորոշումը՝ Մատրիտեան սկզբունք-ներուն նկատմամբ՝ շեշտելով, որ անիկա խորապէս սխալ, անշրջահայեաց եւ անհամաչափ առաջարկ է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին՝ Արցախի կարգավիճակին եւ ապահովութեան վերաբերեալ:
 
Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կ՛աջակցի ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին՝ իբրեւ կառուցողական հարթակ բանակցութիւններու շարունակութեան համար, բայց կը մերժէ անոր ներկայ առաջարկը (յայտնի՝ իբրեւ Մատրիտեան սկզբունքներ), իբրեւ խորապէս թերի եւ, վերջապէս, անարդիւնաւէտ ծրագիր, որ կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործը եւ կը մեծցնէ պատերազմի վերսկսելու վտանգը:
 
Ըստ յայտարարութեան՝ Մատրիտեան սկզբունքները հիմնովին անհամաչափ պահանջներ կը պարունակեն Արցախէն՝ հողերու ու ռազմավարական զիջումներու ձեւով, մինչ Ատրպէյճանէն կը պահանջուի կարգավիճակի վերաբերեալ աղօտ, յետաձգուելիք եւ յետադարձելի խոստումներ։
 
Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, որ Մատրիտեան սկզբունքներու սահմանումներով ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը դրուի Արցախի վրայ, իսկ Ատրպէյճան միայն կը շահի, եւ այս ոչ ճշգրիտ բանաձեւը խաղաղութեան չի յանգեցներ, այլ թատերաբեմ կրնայ ըլլալ հակամարտութեան շարունակման եւ տարածաշրջանային անկայունութեան համար:
 
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ վերջին 25 տարիներուն ընթացքին Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կը խախտէ 1994ի հրադադարի մասին եռակողմ պայմանագիրով ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ լուրջ կասկածի տակ դնելով, թէ արդեօք երկրի ներկայ կամ ապագայ իշխանութիւնները գործնականօրէն պիտի յարգե՞ն յանձնառութիւնները՝ Մատրիտեան սկզբունքներով խաղաղութիւն հաստատելուն գծով:
 
«Մատրիտեան սկզբունքները կը հակասեն ինքնորոշման վերաբերեալ մեր՝ ամերիկեան ժողովրդավարական պատկերացումներուն: Տագնապին ժողովրդավարական եւ կայուն կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ ազատ քաղաքացիներու կողմէ իրենց ընտրած կառավարութեան իշխանութեան ներքեւ ապրելու իրաւունքին վրայ», կը շեշտէ Հայ Դատը:
 
Առանձնայատուկ կերպով կը նշուի, որ Մատրիտեան սկզ-բունքներուն մէջ նոյնիսկ անդրադարձ չկայ Ատրպէյճանի կողմէ Արծուաշէնի (Հայաստանի Հանրապետութիւն), Շահումեանի, Մարտակերտի ու Մարտունիի (Արցախի Հանրապետութիւն) տարածքներուն ամբողջութեամբ կամ մասնակի բռնագրաւման։
 
Հայ Դատը կ՛աւելցնէ.
 
«Հայոց պատմութեան, Ատրպէյճանի քաղաքական յայտարարութիւններուն, ժողովրդավարական սկզբունքներուն, միջազգային իրաւունքի կամ հակամարտութիւններու կարգաւորման նախադէպերու ծիրին մէջ որեւէ հիմք չկայ հաւատալու համար, որ.
 
– Արցախի կողմէ իր ինքնիշխան տարածքներու ընդարձակ մէկ մասի յանձնումը երկիրը պիտի դարձնէ աւելի ապահով, իսկ Ատրպէյճանը՝ նուազ յարձակողական.
 
– Արցախի կողմէ հողային ռազմավարական զիջումներուն պիտի հետեւին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ինքնիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու կասեցում.
 
– Արցախի շուրջ տեղակայուած խաղաղապահները պիտի կանխեն Ատրպէյճանի նոր յարձակումները:
 
Անկախ Արցախի Հանրապետութեան ազատ քաղաքացիները, որոնք  խորհրդային տասնամեակներու իշխանութեան եւ ատրպէյճանական թշնամանքէն ետք զարգացած ժողովրդավարութիւն կառուցած են, արժանի են ժողովրդավարական այն ազատութիւններուն եւ մարդկային այն իրաւունքներուն, զորս մենք կը վայելենք՝ իբրեւ ամերիկացի քաղաքացիներ: Ըստ էութեան, Արցախի հարցը նման է ամերիկեան պատմութեան եւ կը ներկայացնէ օտար իշխանութիւններու դէմ ազատ մարդոց յաղթանակը:
 
Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիները, ժողովրդավարական կերպով ընտրուած իրենց կառավարութեան միջոցով կր-նան իրենց ճակատագիրին վերաբերեալ տալ որոշումներ, որոնց շարքին՝ կարգավիճակի եւ ապահովութեան վերաբերեալ միջազգային բանակցութիւններուն Արցախի լիարժէք վերադարձը:
 
Արցախը ժողովրդավարական, քրիստոնեայ, արեւմտամէտ հանրապետութիւն է, որ յստակօրէն կանգնած է անհանդուրժողական ուժերուն դէմ եւ արժանի է ամերիկեան ազդու աջակցութեան»։
 
Աւարտին, Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ շարունակեն իրենց ջանքերը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին միջոցաւ, խրախուսելով հակամարտութեան կողմերուն, որ.
 
– Մէկ կողմ դնեն ձախողած Մատրիտեան սկզբունքներուն խորապէս թերի փուլային եւ անհամաչափ մօտեցումը.
 
– Մշակեն ժողովրդավարութեան եւ ինքնորոշման վրայ հիմնուած նոր մօտեցում, որ ուղղուած է փաթեթային ձեւաչափով Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տակաւին չլուծուած՝ կարգավիճակի ու ապահովութեան մասին հարցերու լուծման.
 
– Միանան Հայաստանի պահանջին՝ Արցախը մասնակից դարձնելու միջազգային բոլոր բանակցութիւններուն եւ իր ապագային վերաբերեալ որոշումներ տալուն:
 
 
Նոյյան տապան  -   Քաղաքական