Տարեկան հանդէսէն Ետք, Մեսրոպեանի մանկամսուրին համար կը սկսի նոր տարեշրջան` ընդլայնուած ծառայութիւններով


Տարեկան հանդէսէն Ետք, Մեսրոպեանի մանկամսուրին համար կը սկսի նոր տարեշրջան` ընդլայնուած ծառայութիւններով

  • 31-05-2019 17:39:37   | Լիբանան  |  Հասարակություն

 
 
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի “Ալիս Ներկիզեան” մանկամսուրի տարեկան հանդէսը առիթ հանդիսացաւ, որ վարժարանի տնօրէնութիւնը յայտարարէ մանկամսուրի ծառայութիւններու ընդլայնման եւ նոր ծրագիրներու մասին, որոնք գործադրութեան պիտի դրուին մի քանի ամիսէն` յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ:
 
Մանկամսուրի հանդէսը տեղի ունեցաւ 30 Մայիս 2019-ին, Մեսրոպեան վարժարանի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ ծնողներու, վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմի անդամներուն եւ մեծաթիւ բարեկամներու: Հանդիսավարն էր տիկին Մարալ Հարպոյեան:
 
Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ մանկամսուրի պատասխանատու տիկին Թամար Ֆեսլեան Քեշիշեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ տարին բոլորեցաւ բարեյաջող եւ անձնակազմը կարողացաւ կատարել տարեկան ծրագիրը՝ ամբողջութեամբ: Այս յաջողութեան մէջ ան կարեւորեց ծնողներուն հետ գործակցութիւնը եւ անոնց վստահութիւնը` մանկամսուրի անձնակազմին նկատմամբ, որուն համար յայտնեց մեծագոյն շնորհակալութիւն: “Ալիս Ներկիզեան” մանկամսուրը այս տարի հիւրընկալեց 1-էն 3 տարեկան 60 փոքրիկներ, յանձն առնելով անոնց  հոգատարութիւնը ամենօրեայ դրութեամբ:
 
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին կարեւոր քայլեր պիտի կատարուին Ներկիզեան մանկամսուրի ծառայութիւններուն բարելաւման ուղղութեամբ: Պարոն Գալուստ ըսաւ, որ փոքրիկներու խնամատարութեան օրը պիտի երկարի, որպէսզի ծառայութիւնը աւելի յարմարցուի մանաւանդ աշխատող մայրերու կարիքներուն: Ան աւելցուց, որ մանկամսուրի արձակուրդի օրերը պիտի հասցուին նուազագոյնի, ի խնդիր ծնողներու յարմարաւետութեան. Այս գծով ան մեծապէս գնահատեց անձնակազմի անդամներուն զոհողութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը` սեփական արձակուրդէն զիջելու գնով ծառայելու հաստատութեան եւ ծնողներու կարիքներուն:
 
Պարոն Կրէկուար Գալուստ մանկամսուրի արդիականացման բարերար տիկին Ալիս Ներկիզեանին կողմէ ողջունեց ծնողները եւ գնահատեց անոնց կեցուածքը` իրենց փոքրիկները վստահելու հայ կրթական հաստատութեան խնամքին, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն: Ան շեշտեց, որ Մեսրոպեանը պարտք կը համարէ այդ վստահութիւնը փոխհատուցել իր ծառայութիւնները անընդհատ բարելաւելով, կրթութեան եւ խնամքի մակարդակը հետեւողականօրէն բարձրացնելով, եւ այդ բոլորը` ծնողներու հետ բաց, թափանցիկ եւ պատասխանատու գործակցութեամբ ու հակառակ ամէն դժուարութիւններու:
 
Հանդէսին փոքրիկները ներկայացուցին 7 պարեր, արտայայտելով ֆիզիքական եւ մտաւոր աճի այն ուրախացնող չափը, որուն հասած էին նաեւ մանկամսուրի աշխատակիցներուն ջանքերով: Աւարտին, մանկամսուրի տարիքը լրացուցած 40 փոքրիկներ ստացան իրենց կրթական կեանքի առաջին վկայականը, յառաջիկայ տարի սկսելու համար իրենց դպրոցականի կեանքը` մանկապարտէզին մէջ:
 
 
 
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
 
 
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն