Մեսրոպյանի բողբոջներն ու կոկոնները տօնական հանդեսով փակեցին տարեշրջանը


Մեսրոպյանի բողբոջներն ու կոկոնները տօնական հանդեսով փակեցին տարեշրջանը

  • 13-06-2019 18:25:45   | Հայաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն

8 Յունիս 2019-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բողբոջ եւ կոկոն դասարաններու աշակերտները վարժարանի շրջափակին մէջ կայացած տօնական հանդէսով մը փակեցին ընթացիկ կրթական տարեշրջանը: Հանդէսը արտացոլացուց Մանկապարտէզին  մէջ անցած տարի սկսած կրթական շարք մը բարեփոխումներ եւ առիթ եղաւ պատկեր մը փոխանցելու այն ծրագրին մասին, որուն հետեւցան բողբողջներն ու կոկոնները` ըստ նորացուած մանկավարժական մօտեցումներուն:
 
Հանդէսի բացումին կոկոնները կատարեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները եւ արտասանեցին բացման խօսքեր, որոնց յաջորդեց խմբերգ մը` չորս լեզուներով: Գեղարուեստական յայտագրով երկու դասարաններու աշակերտները փոխն ի փոխ կատարեցին երգեր ու պարեր՝ հայկական, արաբական եւ եւրոպական երաժշտութեան տակ եւ դերասանական մատղաշ ձիրքերով, մատուցեցին փունջ մը արտասանութիւններ` հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն:
 
Հանդէսին խօսք առին Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկւար Գալուստ եւ մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Գարօլին Թերզեան:
 
Պարոն Գալուստ գնահատեց մանկապարտէզի աշխատակիցներուն լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքը՝ դեռատի հայ մանուկներուն կրթութեան համար եւ վերահաստատեց վարժարանին յանձնառութիւնը՝  կրթական միջավայրի զարգացման նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպեանի մէջ սկսած կրթական բարեփոխումները արդէն իսկ տեսանելի արդիւնքներ տուած են, որոնք կ’արտայայտուին նաեւ բողբոջներուն եւ կոկոններուն պարագային: Հայերէնի, արաբերէնի եւ ֆրանսերէնի կողքին, անգլերէնի ուսուցումը կ’ընթանայ գոհացուցիչ կերպով, դասատուութեան մէջ կը կիրարկուի աշակերտներուն քննական միտքը զարգացնելու մօտեցումը, իսկ տնային աշխատանքներու ծաւալը հասցուած է նուազագոյնի:
 
Բողբողջներով եւ կոկոններով` Մեսրոպեանի 100ամեակի հունտերը յաջողութեամբ ցանուած են արդէն, ըսաւ պարոն Գալուստ, վստահեցնելով, որ յառաջիկայ հանգրուաններուն անոնք պիտի արժանանան նոյն սիրոյն եւ գուրգուրանքին, որոնցմով կրթուեցան մանկապարտէզին մէջ, հասնելու համար աւրատկան դասարաններ ու անոնցմէ ետք` բարձրագոյն կրթութեան:
 
 
 
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն