Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵԼ Է ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵԼ Է ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

  • 22-07-2019 11:20:16   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
 
Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Դոկտ. Աւետիս Տաքէսեան:
 
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ խորհրդակցելու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու յատկապէս կուսակցութեան առնչուած հարցերուն մասին: Դոկտ. Տաքէսեան, յանուն կեդրոնական վարչութեան, Նորին Սրբութեան պարզեց կուսակցութեան վերջին ընդհանուր ժողովին առած որոշումները, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն առաջնահերթութիւնները: Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց կուսակցութեան ներքին միասնականութեան ամրապնդումը ու անոր պատմական դերակատարութեան շարունակութիւնը, միաժամանակ ան հրամայական նկատեց միջ-կուսակցական գործակցութեան նոր ծաւալ տալու, Սփիւռքի առաւել հզօրացման աշխատանքներուն նոր մղում տալով եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն