Յարութ Սասունեան.Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներ Կը Պատժեն Թուրքիան՝ երկու տարբեր խախտումներու համար


Յարութ Սասունեան.Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներ Կը Պատժեն Թուրքիան՝ երկու տարբեր խախտումներու համար

  • 25-07-2019 11:59:08   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Անորոշութեամբ եւ հակասութեամբ յատկանշուող քանի մը ամիսներ ետք, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ), թէ՛ Միացեալ Նահանգները նոյն շաբթուան ընթացքին որոշեցին պատժել Թուրքիան՝ երկու տարբեր խախտումներու համար:
 
«Ասոշիէյթըտ Փրես» գործակալութիւնը 16 Յուլիսին հաղորդած է, որ Եւրպական Միութեան արտաքին գործերու նախարարները «հաստատած են պատժամիջոցներ Թուրքիոյ դէմ՝ կազի հորատման աշխատանքներ կատարելուն համար այն ջուրերուն մէջ, ուր Եւրպական Միութեան անդամ Կիպրոսը ունի տնտեսական իւրայատուկ իրաւունքներ: Անոնք յայտարարած են, որ կը կասեցնեն օդային փոխադրումներու մասին համաձայնագիրին բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ բարձր մակարդակի Թուրքիա-Եւրպական Միութիւն երկխօսութիւնները եւ կոչ կ՛ընեն Եւրոպական ներդրումային դրամատան՝ վերանայելու իր վարկաւորումը» Թուրքիոյ: 
 
Եւրպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները դժգոհեցան, որ «հակառակ  Եւրոպական Միութեան բազմաթիւ կոչերուն՝ դադրեցնելու անօրինական գործունէութիւնը Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ, Թուրքիա շարունակեց իր հորատման աշխատանքները Կիպրոսի արեւմտեան մասը եւ սկսաւ երկրորդ հորատման աշխատանքը՝ Կիպրոսի հիւսիս-արեւելքը, կիպրական տարածքային ջուրերուն մէջ»:
Անգարայի իշխանութիւնները, թրքական յատուկ ամբարտաւանութեամբ Եւրպական Միութեան որոշումը «անպէտք» անուանեցին: Աւելին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Մենք երեք նաւ ունինք Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ, պիտի ղրկենք չորրորդը»:
 
Եւրպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները զգուշացուցին, որ Թուրքիոյ նկատմամբ պիտի կիրարկուին լրացուցիչ պատժամիջոցներ, եթէ Թուրքիա չհրաժարի Կիպրոսի շուրջ ծաւալող անօրինական հորատման աշխատանքներէն:
 
Միեւնոյն ժամանակ, ամիսներու անվճռականութենէ ետք, նախագահ Թրամփ վերջապէս որոշեց արգիլել Թուրքիոյ՝ ձեռք բերել Միացեալ Նահանգներու նորագոյն F-35 կործանիչները, հակառակ անոր, որ Թուրքիա արդէն վճարած էր մէկ միլիառ տոլար՝ 116 կործանիչ ստանալու համար եւ մասնակցած ինքնաթիռի որոշ մասերու արտադրութեան ծրագիրին, որուն դադրեցման հետեւանքով Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան կը հասցուի մօտաւորապէս 10 միլիառ տոլարի վնաս։ 
 
Քանի մը առիթներով Թրամփ արդարացուցած է Թուրքիոյ կողմէ ռուսական S-400 հրթիռներու ձեռքբերումը՝ սխալմամբ մեղադրելով Օպամայի վարչակազմը, որ ամերիկեան «Փեթրիըթ» հրթիռները Թուրքիոյ ծախելու գաղափարէն հրաժարած էր: Իրականութեան մէջ,  Թուրքիան է, որ չէ ընդունած Միացեալ Նահանգներու առաջարկած վաճառքի պայմանները:
 
Միւս կողմէ՝ Թրամփ գովեստի շռայլ խօսքեր կ՛ըսէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին այն պահուն, երբ ՆԱԹՕի ղեկավարները, Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսը եւ ապահովութեան պաշտօնեաները նախազգուշացուցած էին Թրամփը, որ Թուրքիոյ F-35-երու վաճառքը կրնայ վտանգել ինքնաթիռներու մասին գաղտնի համաձայնութիւնը եւ խախտել ՆԱԹՕի զինական համակարգին հետ ռուսական հրթիռներու գործնական միացումը:
 
Հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան ակնյայտ սպառնալիքները, կապուած Թուրքիոյ՝ ռուսական հիթիռներ ստացման հարցին, Թրամփ այլընտրանք չունէր, եթէ ոչ չեղեալ համարել F-35 ինքնաթիռները Թուրքիոյ ծախելու համաձայնագիրը: Հակառակ պարագային, Թրամփ կը յայտնուէր ծիծաղելի իրավիճակի մը մէջ՝ կիրարկելով «Առաջինը Թուրքիան», այլ ոչ թէ իր սիրելի՝ «Առաջինը Ամերիկան» կարգախօսը:
 
17 Յուլիսին Սպիտակ Տունը յայտարարեց, որ «F-35ը չի կրնար տեղ գտնել ռուսական հետախուզական տուեալներու հաւաքագրման ծրագրին մէջ, որ կ՛օգտագործուի Ռուսիոյ նորագոյն կարելիութիւնները հասկնալու համար»: Կը նշուէր, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական S-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ձեռքբերման որոշումը անկարելի կը դարձնէ անոր հետագայ մասնակցութիւնը F-35 կործանիչներու համատեղ ծրագրին:
 
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի՝ գնումներու եւ կայուն զարգացման հարցերով տեղակալ Էլէն Լորտ յայտարարած է. «Ամերիկան եւ F-35ի գծով գործընկերները համաձայն են կասեցնելու Թուրքիոյ մասնակցութիւնը այս ծրագրին, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիան այդ ծրագրէն պաշտօնապէս հեռացնելու համար յատուկ գործընթացի մը նախաձեռնելու որոշումին»:
 
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր ամբարտաւանի սովորական ոճով զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգները, որ եթէ վերջինս պատժամիջոցներ կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ, ապա իր երկիրը վրէժխնդիր կ՛ըլլայ իր սեփական պատժամիջոցներուն փաթեթովը՝ ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու: Եկէք տեսնենք, թէ արդեօք Թուրքիա իր բարձրակոչ յայտարարութիւններէն բացի՝ կ՛իրականացնէ՞ իր սպառնալիքները: Ակնյայտ է, որ Ամերիկայի տնտեսական պատժամիջոցները կրնան յանգեցնել Թուրքիոյ փխրուն տնտեսութեան ամբողջական փլուզման:
 
Նախագահ Թրամփ, որ շատ յաճախ կ՛անտեսէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը՝ գործարարական շահութաբեր համաձայնութիւններու հաշուոյն, յայտարարած էր, որ Թուրքիա կը փափաքի գնել միլիառաւոր տոլարներ արժողութեամբ F-35 կործանիչներ: Ըստ սովորութեան, Թրամփ չափազանցուցած է թիւերը: Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիա կը ծրագրէր ծախսել միայն մէկ միլիառ տոլար՝ F-35 ինքնաթիռներ ստանալու համար, այլ ոչ թէ միլիառներ: Ասկէ զատ, կարգ մը երկիրներ, որոնց շարքին՝ Հոլանտա, Իսրայէլ եւ Պարսկական Ծոցի երկիրներէն մէկը, արդէն նշած են, որ լրացուցիչ կործանիչներ ստանալու միջոցով փոխ հատուցում պիտի կատարեն՝ Թուրքիոյ կողմէ ձեռք չբերուած կործանիչներու դիմաց:
 
Այսուամենայնիւ, F-35 կործանիչներու թրքական ձեռքբերման արգիլումը միակ պատժամիջոցը չէ, որ կրնայ կիրարկուիլ Թուրքիոյ դէմ: Թրամփ 2017ին ստորագրած է «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու մասին» օրէնքը (CAATSA): Ան պարտաւոր է այս օրէնքով պատժամիջոցներ կիրարկել Թուրքիոյ դէմ՝ Ռուսիայէն հրթիռներ գնելուն պատճառով: Նման որոշում մը կախուած չէ Թրամփէն: Այսուհանդերձ, «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»ը 21 Յուլիսին հաղորդած է, որ Թրամփ դէմ է Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցին: Նախագահը այս շաբաթ կը  նախատեսէ տեսակցիլ խումբ մը ծերակուտականներու հետ եւ քննարկել Թուրքիոյ դէմ հնարաւոր պատժամիջոցները, քանի որ  օրէնսդիրներու կողմէ ճնշում կը գործադրուի Անգարան պատժելու համար: Թրամփ ունի երեք տարբերակ. Առաջին՝ խուսափիլ որեւէ պատժամիջոցէ, երկրորդ՝ յետաձգել պատժամիջոցները եւ երրորդ՝ առաջարկել պատժամիջոցներու աւելի մեղմ տարբերակ: Ամենայն հաւանականութեամբ, Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսը պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ, եթէ նախագահը նման բան չընէ...
 
Նոյնիսկ առանց պատժամիջոցներու, Թուրքիա արդէն վնաս կրած է միլիոնաւոր տոլարներու բացասական գովազդէն: Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու շարք մը մեծ  հրատարակութիւններ խմբագրականներ գրեցին՝ հարցականի տակ դնելով Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ՆԱԹՕին:
«Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»ի խմբագրութիւնը գրեց. «Միացեալ Նահանգներ եւ ՆԱԹՕ այժմ այլընտրանք չունին բացի վերանայելէ, թէ արդեօ՞ք Թուրքիա կը շարունակէ մնալ իբրեւ դաշինքի անդամ»:
 
«Պլումպըրկ» հրապարակեց խմբագրական մը՝ «Թուրքիան Կը Լքէ Արեւմուտքը: Երթաս Բարով» վերնագիրով:
Ճէտ Պապպին «Ուաշինկթըն Թայմզ» թերթին մէջ խմբագրական յօդուած գրեց՝ «Թուրքիան Վռնտեցէ՛ք ՆԱԹՕէն» վերնագիրով:
Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ Թուրքիա աւելի ու աւելի կը հեռանայ ՆԱԹՕէն՝ յօգուտ Ռուսիոյ: Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու համադրումը մահագուժ կ՛ըլլայ Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ ՆԱԹՕի անդամակցութեան համար...
 
Յարութ Սասունեան      
Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն