ԵՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ Կ'ԱՊՐԻՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ


ԵՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ Կ'ԱՊՐԻՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

  • 13-11-2019 12:10:48   | Հայաստան  |  Մեկնաբանություն

 
Անցեալ Ապրիլին, Հայ Իրաւաբաններու Միութեան ղեկավարներէն, իմ ընկեր՝ Կարօ Ղազարեանի Լոս Անճելըսի տան մէջ հաւաքոյթ մը կազմակերպեցինք, Տանձուտի դպրոցը նորոգելու նպատակով: Տանձուտը ազատագրուած Քաշաթաղի հիւսիսային գիւղերէն է: Բերձոր չհասած, անձնագրերու ստուգման կէտէն անմիջապէս առաջ եթէ աջ թեքուիք եւ կէս ժամ քշեք՝ կը հասնիք աւելի քան 100 բնակիչ ունեցող Տանձուտ գիւղը: Ազատագրուած տարածքներու բնակեցման եւ զարգացման ծրագրիներուն մէջ՝ Թուֆէնքեան հիմնադրամը որոշած էր նորոգել Տանձուտի դպրոցը, որ կը գտնուէր կիսափուլ վիճակի մէջ ու լուրջ սպառնալիք դարձած էր աշակերտներու առողջութեան եւ անվտանգութեան:
Աւելի քան վեց ամիս տեւած շինարարական աշխատանքներէ ետք, դպրոցի բացումը կատարեցինք Երեքշաբթի օր, Նոյեմբեր 12-ին:
 
Տանձուտ համայնքի բնակիչները որոշած էին դպրոցը կոչել Արցախի Հերոս, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած Ադամ Սահակեանի անունով: Սերժանտ Ադամ Սահակեանը «Լալայկա» կոչուած թիւ 112 դիրքին վրայ կը գտնուէր, երբ Ապրիլ մէկի գիշերը, ադրբեջանական ուժերը դիմեցին լայնածաւալ յարձակումի: Մօտ կէս ժամ դիրքերը հրետանակոծելէ ետք, հարիւրաւոր ադրբեջանցի զինուորներ եւ յատուկ ջոկատայիններ գրոհեցին սերժանտ Ադամ Սահակեանի դիրքին ուղղութեամբ: Ադամն ու իր 6 ընկերները դիրքը պաշտպանեցին աւելի քան 5 ժամ, եւ աներեւակայելի քաջութեամբ դիմադրեցին բոլոր յարձակումներուն, մեծ վնասներ պատճառելով թշնամիին (ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, ադրբեջանցի յատուկ ջոկատայիններէն միայն կը սպաննուի ու կը վիրաւորուի աւելի քան 200 զինուոր): Մեխակաւանի երկրորդ գունդը մինչ այդ տեղեկայուեցաւ ռազմաճակատի երկրորդ գիծ եւ կանգնեցուց թշնամին: Բայց ափսոս, 5 ժամ առիւծի պէս կռուելէ ետք, հերոսի մահով ինկաւ 20-ամեայ սերժանտը, Ադամ Սահակեանը...
 
Դպրոցի բացումին, բացի Արցախի Պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանէն ու Կրթութեան, գիտութեան եւ սպորտի նախարար Նարինէ Աղաբալեանէն եւ Քաշաթաղի վարչական շրջանի ղեկավար Ստեփան Սարգսեանէն, Երեւանէն յատուկ հրաւէրով Տանձուտ եկած էին նաեւ Ադամի ծնողքը: Աշակերտներու գեղեցիկ ասմունքներէն, երգ ու պարէն եւ սրտաբուխ արտայայտութիւններէն ետք, խօսք տրուեցաւ նաեւ մեզի՝ հիւրերուն: Յուզիչ էր մանաւանդ Ադամի մօր՝ Տիկին Գայանէի սրտի խօսքը: Յուզուած էր ինքը՝ հերոսին մայրը, որովհետեւ ազատագրուած այս սուրբ հողին վրայ, որուն համար իր զաւակը արիւն թափած էր ու կեանքը նուիրած էր, իր անունով դպրոց կը բացուէր ու երեխաները կը խոստանային միշտ յիշել զինք ու ապրիլ իր յիշատակով... Տխուր էր բայց միաժամանակ հպարտ, յուզուած էր բայց միաժամանակ ուրախ...
 
Դպրոցի տնօրէնին եւ հիւրերուն հետ դասարաններն ու սենեակները շրջագայելէ յետոյ, երբ կը պատրաստուէինք մեկնելու, տնօրէնը մեզ տեղեկացուց, որ այս ուրախ օրուան առիթով յատուկ հիւրասիրութիւն կազմակերպած են: Հայրենի հողին վրայ աճած համով միրգերու եւ հայկական գինիի ու կոնեակի սեղանին շուրջ բաժակները բարձրացուցինք ու խմեցինք մեր երեխաներուն կենացը, ազատագրուած հողերուն կենացը, մեր նահատակուած հերոսներուն յիշատակին: Բոլորն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին նուիրատուներուն, որոնք հեռաւոր ամերիկաներէն իրենց զորակցութիւնը կը յայտնէին հայրենի մարտնչող ժողովուրդին:
 
Հպարտ օրը հասած էր իր աւարտին: Ցտեսութիւն ըսինք իրարու եւ ճամբայ ելանք դէպի Երեւան: Ճամբան երկար էր, բայց աշնանային գոյներու հեղեղին տակ, ամէն ինչ երազային էր, ամէն ինչ՝ հաճելի, երբեմն նոյնիսկ՝ անիրական, ինչպէս մեր յաղթանակներն են, մեր ազատագրուած հողերը, մեր հերոսական պատմութիւնները...
 
Րաֆֆի Տուտագլեան
 
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com
Նոյյան տապան  -   Մեկնաբանություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play