ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԵՒՈՆԻ, ՍԵՐԺԻ, ՆԻԿՈԼԻ ԵՒ ԱՊԱԿՈՂՄՈՐՈՇՈՂ ՄԱՐԴԿԱՆՑ ՄԱՍԻՆ (2). Րաֆֆի Տուտագլեան


ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԵՒՈՆԻ, ՍԵՐԺԻ, ՆԻԿՈԼԻ ԵՒ ԱՊԱԿՈՂՄՈՐՈՇՈՂ ՄԱՐԴԿԱՆՑ ՄԱՍԻՆ (2). Րաֆֆի Տուտագլեան

  • 01-12-2019 19:37:41   | Հայաստան  |  Մեկնաբանություն

 
Նախորդ գրութիւններէս մէկուն մէջ, երբ փաստերով եւ յստակ տուեալներով կը նշէի, որ անցեալին Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոբերտ Քոչարեանի հետ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կապը ծաւալով, որակով, տարողութեամբ ու ժամանակի երկարութեամբ շատ աւելին եղած է, քան Լեւոն-Նիկոլ քառամեայ քաղաքական գործակցութիւնը, որոշ ընթերցողներ չհամաձայնեցան։ Ուրիշներ ալ պնդեցին, որ ըստ իրենց լսածներուն, Նիկոլը Լեւոնի քաղաքական ժառանգորդն է, քանի որ իր այսօրուան քաղաքականութիւնը յար եւ նման է ԼՏՊի քաղաքականութեան եւ կապ չունի, թէ անցեալին ինչ տեսակի յարաբերութիւններ ունեցած են անոնք։։
 
Այս մոլորեալ եւ ապատեղեկացուած ընթերցողներուն լուսաբանելու համար, այլ նամակով մը անդրադարձայ հայութիւնը յուզող ամէնէն փափուկ եւ զգայուն նիւթին՝ Արցախի խնդրին, եւ յստակ բացատրութիւններով ցոյց տուի, թէ ոչ մէկ կապ կայ, ու ոչ մէկ զուգահեռ՝ ԼՏՊի եւ Նիկոլի արցախեան տագնապի լուծման մօտեցումներուն, եւ առ հասարակ՝ անոնց արցախեան քաղաքականութեան միջեւ։ Ընդհակառակը, իրենց արցախեան քաղաքականութեամբ, մանաւանդ՝ ազատագրուած հողերը զիջելու իրենց ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ մտադրութեամբ, Ս. Սարգսեանն ու Քոչարեանը շատ աւելի նման են Լեւոնին, քան ոեւէ այլ մարդու։
 
Հիմա խօսինք նաեւ Նիկոլի եւ նախկին նախագահներու նմանութիւններուն եւ տարբերութիւններուն մասին՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Թուրքիոյ հանդէպ իրենց վարած քաղաքականութեան տեսանկիւնէն։
 
Լեւոն Տէր Պետրոսեանը բառերը առանց ծամծմելու յայտարարած էր, որ կ՚ուզէ առանց նախապայմանի յարաբերութիւնները բարելաւել Թուրքիոյ հետ եւ Հայասպանութեան ճանաչումը իր արտաքին քաղաքականութեան մաս չի կազմեր։ Պարոնայք Քոչարեանն ու Ս. Սարգսեանը եւս Անգարայի հետ առանց նախապայմանի յարաբերութիւններ զարգացնելու յայտարարութիւն ըրած, սակայն Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը համարած էին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նպատակներէն մէկը։ Բայց... ուշադիր եղեք, այստեղ կայ շատ յատկանշական եւ կարեւոր «բայց» մը։ Թէ՛ Քոչարեանը եւ թէ Սարգսեանը ԳԱՂՏՆԻ բանակցութիւններ սկսած էին Թուրքիոյ հետ, հայթրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով։
Ամերիկայի ֆինանսաւորումով՝ Քոչարեանի օրով եւ իմացութեամբ կազմուեցաւ TARC-ը (Turkish Armenian Reconciliation Commission), Հայ-թրքական Հաշտութեան Յանձնաժողովը, որուն անդամներ նշանակուեցան թուրք եւ հայ քաղաքագէտներ եւ նախկին դիւանագէտներ։
Իսկ Սերժ Սարգսեանի օրերուն, Թուրքիոյ հետ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի ունեցան իր նախագահ ընտրութենէն գրեթէ անմիջապէս յետոյ: Արդիւնքը գիտեք՝ հայ թրքական յայտնի արձանագրութիւնները, որ արհամարհուեցաւ առաջին հերթին Թուրքիոյ կողմէ ու միայն տարիներ յետոյ, երբ Անգարա թքած իսկ չունէր այդ փրոթոքոլներուն վրայ, Ս. Սարգսեանը որոշեց «գրողի ծոցը» ուղարկել զանոնք։ Աւելի վատը կ՚ուզէ՞ք, թէ TARC-ի եւ թէ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պարագային՝ անուղղակիօրէն հարցականի առնուեցաւ հայկական Ցեղասպանութեան իսկութիւնը, Ցեղասպանութեան ճանաչման իրաւական հիմքերը։ TARC-ի պարագային, International Center for Transitional Justice-ին յանձնարարուեցաւ քննել, թէ արդեօ՞ք 1915-ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն էին, իսկ ամօթալի փրոթոքոլ-արձանագրութիւններուն մէջ, Ցեղասպանութեան յիշատակում ոչ միայն չկար, այլեւ սեւով ճերմակի վրայ գրուած էր, որ հայերն ու թուրքերը պատմաբաններու յանձնաժողով մը պիտի ստեղծեն՝ երկու կողմերու միջեւ վիճելի նիւթերը քննելու համար։ վիճելի՞, իրա՞ւ...
(Ի դէպ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակ Ցեղասպանութեան իսկութեան մասին ոեւէ քննարկում չէ եղած ոչ թուրքերուն, ոչ ալ ուրիշներու հետ):
Աւելի ու աւելի վատը կ՚ուզէ՞ք... երեք նախագահներն ալ աւելի քան մէկ անգամ յայտարարած են, որ ոչ հողային, ոչ ալ այլ պահանջ ունին Թուրքիայէն... Այսինքն, կ՚ընդունին ներկայի սահմանները եւ հատուցման խնդիր չեն դներ։ Այսքան պարզ ու այսքան յստակ։
 
Իսկ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ ունի որոշ տարբերութիւններ։ Փաշինեան եւս, երեք նախագահներուն նման, Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւները կարգաւորել կ՚առաջարկէ։ Ինչ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին, Փաշինեան իր մէկուկէս տարուայ վարչապետութեան շրջանին միջազգային բեմերէն շատ աւելի խօսած է Ցեղասպանութեան մասին, քան երեք նախացահները՝ միասնաբար, նոյն ժամանակահատուածի մէջ։ Աւելի՛ն, ան վերջերս ցեղասպանությունից իտալական թերթի մը ըսաւ, որ «Ցեղասպանութիւնից ավելի քան մեկ դար անց Թուրքիան հայերի կողմից դեռևս ընկալվում է որպես մեր անվտանգության համար հնարավոր սպառնալիք...» եւ կրկնեց, որ Հայասպանութեան ճանաչումը կը մնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նպատակներէն մէկը։ Գաղտնի բանակցութիւններու մասին տեղեկութիւններ չկան, ոչ ալ խայտառակ փրոթոքոլներ, կամ հայկական թիւ մէկ օդանաւէն Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած ողջույնի զեղուն ու ջերմ խօսքեր։
 
Ահաւասիկ դարձեալ կը տեսնենք, որ հայ ժողովուրդի համար չափազանց կարեւոր խնդիրներու՝ Արցախեան տագնապին ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն ու Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ ոչ մէկ նոյնութիւն կայ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ։ Նմանութիւնները աւելի շատ են երեք նախագահներուն՝ արդեն տխրահռչակ Լեւոն-Ռոբերտ-Սերժ եռեակին մէջ։
 
Նիկոլի գլխաւորած նոր, երիտասարդ իշխանութիւնները Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժառանգորդ յայտարարելը ոչ միայն delusional, իշխանութիւնը կորսնցուցած, եւ ժողովուրդին կողմէ քաղաքական բեմէն կիցով դուրս նետուած մարդոց յօրինած սուտն է, այլ նաեւ ատելութիւն հրահրելու համակարգուած պայքարի ապացոյցներէն մէկը։ Նախկինները քաղաքական դաշտ վերադառնալու ուրիշ ճամբայ չունին, սուտն ու կեղծիքն է իրենց լաւագոյն ու միակ զէնքը։
 
Յաջորդիւ՝ Լեւոնի, Սերժի, Նիկոլի եւ ստախօսներու մնացեալ տարբերութիւններուն եւ նմանութիւններուն մասին։
 
Րաֆֆի Տուտագլեան
 
Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com
Նոյյան տապան  -   Մեկնաբանություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play