ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ


ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  • 19-02-2020 10:15:47   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

Այսօր՝ Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2020-ին, Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը յատուկ հանդիսաւորութեամբ տօնուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին, «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքին ընդմէջէն յիշուեցան Աւարայրի  ճակատամարտին նահատակուած բոլոր հոգեւորականներու անունները:
 
Երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ միաբանական հաւաքական ընթրիք տեղի ունեցաւ: Ընթրիքի աւարտին, միաբաններէն մէկը կարդաց Ս. Ղեւոնդ Երէց քահանային քարոզը՝ ուղղուած հայոց բանակին: Ապա, Նորին Սրբութիւնը նախ ողջունեց Ղեւոնդ անունը կրող մեր ժողովուրդի զաւակները եւ ըսաւ. «Ղեւոնդ Երէցի վկայութիւնը ու կոչը այսօր եւս ուղղուած է իւրաքանչիւր հոգեւորականին՝ վերանորոգելու մեր հաւատքը ու մանաւանդ ծառայութիւնը ազգին ու հայրենիքին»:
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն