535,000 տոլար հաւաքուեցաւ ի նպաստ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի արդիականացման եւ ընդարձակման


535,000 տոլար հաւաքուեցաւ ի նպաստ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի արդիականացման եւ ընդարձակման

  • 20-02-2020 10:21:45   | ԱՄՆ  |  Մամլո հաղորդագրություն

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզի 620 ծնողներ, շրջնաւարտներ եւ համակիրներ ներկայ եղան Քալիֆորնիոյ Գիտութեան կեդրոնի սրահին մէջ կազմակեպուած վարժարանի հիմնադրութեան 45րդ տարեդարձի տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 8 Փետրուարի երեկոյեան։
 
Տօնակատարութիւնը նաեւ մեկնարկը հանդիսացաւ մանկամսուրին արդիականացման եւ ընդարձակման ծրագիրին, որուն նպատակն է մինչեւ 2025, մանկապարտէզը ապահովել արդիական ընդարձակ շէնքով, որ յագեցած պիտի ըլլայ արհեստագիտական նորագոյն սարքերով, որպէսզի ժամանակակից խաղերու եւ գիտութեան ճամբով առաւել եւս խթանուին հայ մանուկներու երեւակայական եւ ստեղծագործական աշխարհը, կարողութիւնները եւ բնատուր ձիրքերը:
 
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն