Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵԼ Է ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵԼ Է ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

  • 25-02-2020 13:11:03   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
 
Այսօր երեկոյեան՝ Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Զուարթնոց Կեդրոնի Վարչութիւնը: 
 
Յայտնենք, որ Զուարթնոց Կեդրոնը յատուկ կարիք ունեցող փոքրերու ու պատանիներու կեդրոն է, հաստատուած Պուրճ Համուտի մէջ: Կեդրոնը մասնագիտական մօտեցումով հսկայ աշխատանք կը կատարէ յատուկ կարիք ունեցող մեր զաւակներուն: Ինը հոգիներէ բաղկացած վարչութեան ատենապետն է տիկին Թամար Տէր Պետրոսեան, իսկ կեդրոնին տնօրէնուհին է տիկին Վարդի Օհանեան-Գէորգեան, որ միաժամական երիտասարդութեան եւ մարմնամարզանքի նախարարուհի է Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մէջ:
 
Յայտնենք նաեւ, որ Նորին Սրբութիւնը ներկայ տարին Հայրապետական Գիրով «խնամքի յատուկ կարիք ունեցող»ներու տարի հռչակած էր եւ նոր տարուան առաջին օրերուն այցելած էր Զուարթնոց Կեդրոն եւ իր օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հոն տարուող մարդասիրական ծառայութեան գծով: Հայրապետը անգամ մը եւս իր Հայրական գնահատանքը յայտնեց վարչութեան, ընդգծելով Զուարթնոց Կեդրոնին կողմէ կատարուող ծառայութիւնը, նկատելով աստուածահաճոյ առաքելութիւն եւ անգամ մը եւս յայտնելով իր զօրակցութիւնը անոր աշխատանքներուն:
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն