Բառը՝ անպայման իր չափով եւ կշիռով․ Գէորգ Պետիկեան


Բառը՝ անպայման իր չափով եւ կշիռով․ Գէորգ Պետիկեան

  • 01-03-2020 00:25:43   | Հայաստան  |  Մեկնաբանություն

 
Այսօր կրկին պահանջք զգացի գրելու, որովհետեւ նպատակը սրտիս մօտ է:
Յառաջաբանը չերկարելու համար ըսեմ, որ բոլորս ալ որոշ չափով միջուկով ազգայնական
եղած ենք եւ ենք: Այլ խօսքով՝ հայրենասէրներ: Որովհետեւ իւրաքանչիւրս մեր հասկցած ձեւով եւ մեր տրամաբանութեամբ փորձած ենք եւ կամ կը փորձենք օգտակար դառնալ մեր երկրին եւ մեր ժողովուրդին: Եւ աւելին՝ միշտ ալ բանով մը ապրեցուցած ենք եւ տակաւին կ՚աշխատինք ապրեցնել մեր ազգը եւ անշուշտ մեր միակ հայրենիքը՝ Հայաստանը:
Ու եթէ մեզմէ շատեր այս պարտականութիւնը վերցուցած են իրենց գործով, գաղափարներով, բազուկով, քրտինքով, աշխատանքով, ուրիշներ՝ իրենց կեանքի բարոյական օրինակով զայն արժեւորած են: Տակաւին շատեր իրենց գրիչով, արիւնով եւ կեանքի նուիրումով, արիութեամբ եւ քաջութեամբ նուազագոյն կամ գերագոյն զոհողութեամբ եւ զոհաբերութեամբ, նիւթական բարերարութիւններով իրենց նպաստը բերած են ազգին եւ կամ հայրենիքին:
Բայց ասոնցմէ զատ կան տակաւին ուրիշներ, որոնք միայն պոռոտախօսութեամբ, բարդ բառերու շարադրանքով, սին խօսքերով եւ «իւղոտ» խոստումներով, անխոր եւ անլուրջ կ՚արտայայտուին եւ այս ձեւով կը կարծեն, որ իրենք օգտակար գործ մը կամ աշխատանքն մըն է, որ կը տանին, յօգուտ իրենց ազգին:
Այս վերջիններուն մասին է խօսքս։ Ասոնց պարագան է մտահոգութեանս կիզակէտը, որովհետեւ տեսանելի է, թէ մինչեւ այսօր կան մարդիկ, որոնք շատախօսութիւնն ու մեծխօսիկութիւնը չափանիշ դարձուցած են իրենց ապրելակերպին եւ շարժուձեւերուն: Իրենց համար եւ մօտ՝ բառը «ձրի» է աժան եւ առատ։ Նաեւ՝ տեսնուած է, որ մարդիկ, նոյնիսկ պատասխանատու դիրքեր գրաւող անհատներ, դէմքեր, ղեկավարներ յաճախ կատարած են եւ տակաւին՝ հրապարակային անխորք այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնք ոչ միայն զուտ մակերեսային են եւ անկապ, առանց ջիղի եւ արիւնի խօսքեր, այլ պարզապէս բան մը ըսելու սիրոյն արտայայտուած բառեր:
Խաբուսիկ։ Անվստահելի եւ իմաստազուրկ։
Զարմանալու չէ, որովհետեւ նման օրինակներուն կը հանդիպինք բոլոր քաղաքագէտներու մօտ, որոնց համար բառը երբեք իմաստ չունի: Վայրկեան մը առաջ իրենց կատարած յայտարարութիւնը, կրնան յաջորդ վայրկեանին իսկ շրջելով՝ ճիշդ հակառակը ըսել եւ հերքել, շատ անհոգ, «գաւաթ մը պաղ ջուր խմելու» նման, նոյնքան ալ սահուն: Օրինակները շատ են։
Բայց մենք, ամբողջ ազգով դիւանագէտներ կամ քաղաքագէտներ եւ բանգէտներ չենք: Մեզմէ շատեր գրեթէ ամէն առիթով, իրենց «պարապ» կամ «լեցուն» ժամերուն, իբրեւ «մասնագէտներ», «տնտեսագէտներ», քաղաքականութեամբ «կը զբաղուին», հայկական պատկերասփիւռներու կայաններէն եւ կամ դիմատետրի էջերէն մեզի «դասեր» կու տան, իրենց անհատնում ելոյթներով կը փորձեն տեսակէտ-կարծիքներով համոզել ունկնդիրները, առանց անդրադառնալու, որ արդէն իսկ բաւականին ոչ ատակ մարդիկ նման «բաներ»-ով մեզ համոզելու։
Պէտք է յիշեցնել, թէ պետութիւն ու պետականութիւն ունեցող ուրիշ ժողովուրդներու մօտ ալ տեսանելի է այս «ախտը», այս կամ «հիւանդութիւնը» եւ կամ ինչպէս կ՚ուզէք որակեցէ՛ք:
Նոյնիսկ կը կարծեմ, որ գրեթէ ամբողջ աշխարհը նոյն տագնապով կը գալարուի:
Բայց եւ այնպէս բոլոր աշխարհը մեր հարցը չէ: Մեր հարցը չէ՛ նաեւ օտարը կամ օտարինը:
Կարեւորը մենք ենք, մե՛ր անհատին, մե՛ր ղեկավարին կամ մե՛ր առաջնորդին տեսակէտն ու անոր այս առթիւ իր դիրքէն եւ կամ իր աթոռէն կատարած պատասխանատու արտայայտութիւնը: Որովհետեւ շատ յաճախ լսելի են կուտակուած եւ առատ բառերու արտայայտութիւններ, որոնք զուրկ են շրջահայացութենէ եւ յարգանքէ ու պատկանելիութեան զգացումէ:
Այլ խօսքով՝ անճիշդ եւ անիրական։ Անոր համար համոզուած՝ կրնանք հաստատել, թէ իրենց արտայայտած այս բառերը կրնան ստեղծել նաեւ անպատեհութիւններ, այլ եւ բազմազան անհամութիւններու կողքին: Ու ժամանակն է, որ նման մարդոց յիշեցնել եւ կամ նոյնիսկ բացատրել, թէ ԲԱՌԸ մանաւանդ արտասանուածը՝ պէտք է ունենայ մէկ չափ եւ մէկ կշիռք: Անհրաժեշտ է, որ ամէն պատասխանատու մարդ իր կեանքին մէջ միշտ կշիռք տայ իր արտայայտած բառերուն, իր արտասանած խօսքերուն:
Ստեղծուած կացութիւնը որոշ չափով դարմանելու ճիգեր չեն այս տողերը: Չեմ գիտեր ցարդ որքանով բան մը պիտի կարենան փոխել այս մտածումները: Չեմ գիտեր նաեւ, թէ արդեօ՞ք բան մը կրնայ փոխուիլ այս դասաւորումներով: Բայց անկասկած՝ զգաստութեան հրաւիրելու անկեղծ փորձ մըն է, որ կը հասցէագրեմ բոլորիս եւ բոլորին անխտիր, պատասխանատու դիրքերու վրայ նստած ղեկավարներէն, մինչեւ պարզ մահկանացուներուս։ Աւելի յստակ՝ բոլոր անոնց, որոնք կ՚ուզեն արտայայտուիլ յանուն ամբոխավարութեան:
Կրկնութեան գինով կ՚ըսեմ, որ լեզուն միջոց է նպատակին հասնելու: Բայց պէտք է լաւ գիտնալ թէ մեր ուզածը արդեօ՞ք «խաղող ուտել է», թէ ո՛չ «այգեպանը ծեծել»:
Հաւատք կ՚ուզենք փոխանակել անօգուտ դիւանագիտութեան մէջ, որ մեր գլխէն աւելի վեր է: Մարդ նախ ինքն իր մէջ պէտք է փորձէ նայիլ, ինքզինք ճանչնալու համար: Պէտք է նաեւ գիտնալ, թէ իր խօսքերուն ետեւ կուտակուած ջիղերու ներքին պայքարն, է որ կը տկարացնէ ազգին սիրտը:
Որքան որ լաւ բաներ կատարած ըլլանք մեր ժողովուրդի փոքր ածուին մէջ, բայց երբ մեր խօսքերն ու արտայայտութիւնները ատելութենէն ծնունդ առած ըլլան, խոցելի կը նկատուինք: Որովհետեւ նոյն այս ատելութեան մէջ, տրամաբանութիւն եւ գեղեցկութիւն չեն ապրիր: Չկան:
Ողորմած մայրս ամէն առիթով ըսած էր, թէ «Եթէ ամէն մարդ իր տունը մաքրէ, ամբողջ աշխարհ կը մաքրուի»:  Ճիշդ էր եւ արդարացի: Սա կը նշանակէ, թէ մարդը արդէն իսկ խելահաս է ու չափահաս: Ինծի համար նաեւ չափահասը այն մարդն է, որ գաղտնիք պահելը գոհունակութիւն կու տայ իրեն, քան՝ անոր տարածելը:
Գաղտնապահ ըլլալ կամ գաղտնապահութիւն՝ ի՜նչ գեղեցիկ յատկութիւն եւ մաքուր նկարագրի գիծ։
Այո՛, եւ հաստատօրէն լեզուն հատու սուր մըն է, որ նոյնիսկ մարդ կը սպաննէ առանց արիւնելու: Եւ յետոյ ո՞վ ըսաւ, որ ուրիշին լոյսը անպայման պէտք է մարել, որ քուկինդ աւելի լաւ փայլի:
Մեր խօսքերով տեղ մը հասնելու համար, նախ պէտք է գիտնանք, թէ ինչ կ՚ուզենք ըսել եւ որո՞ւ հասցէին: Եւ թէ այս բառերով ո՞ւր կ՚ուզենք երթալ եւ ի՞նչ են անոնց հետեւանքները:
Իմ կարծիքով, խօսքը կամ արտայայտութիւնը պէտք է անպայմանօրէն դուրս գայ մարդուն կամ խօսողին գիտակիցէն ու ենթագիտակիցէն թելադրուող ազատութեամբ: Այլապէս՝ իր կարողականութիւնը կը կորսնցնէ:
Զուսպ խօսքի մասին է նշումս: Այս բոլորը կ՚ըսեմ, որովհետեւ կը կարծեմ, որ ամէն մէկ արտայայտութիւն իր հետ կրնայ բերել նաեւ կաթիլ մը նոր դառնութիւն:
Պէտք է միշտ յիշել, թէ լեզուն ինքնութեան աղբիւր ալ է, պարզ գործիք մը ըլլալէ առաջ: Ամէն բան իր ժամանակը ունի: Իր տեղը ունի: Իր գոյնը։ Իր չափն ու սահմանը։ Իր ճակատագիրը ունի: Ուստի պէտք է ստեղծել ժամանակը, ըսելու, խօսելու, արտայայտելու: Լեզուն նաեւ գալիք ուղիները լուսաւորող շող ալ է: Անոր արտայայտութեան ժամանակ իրազեկ ըլլալու գոհունակութիւնը պէտք է որ ունենայ ինքը՝ արտայայտուողը, որպէսզի այս ձեւով ալ իր կեանքն ալ արժեւորուի:
Մեր արտասանած խօսքը իր այս ձեւապաշտ վիճակէն դուրս բերելու համար միայն հրապոյր, ձրի ծափ եւ գովասանք ու հաճոյք պէտք չէ որ փնտռենք: Ուրիշը «վար» զարնելու, թունաւոր բառերով եւ օրինակներով զինք պէտք չէ ստորագնահատենք: Ճիշդ է, որ «իրականութիւնը կը վիրաւորէ» ինչպէս որ ըսած են ֆրանսացիները, սակայն մեր հայրերն ալ աւելցուցած են, թէ «շունը կարելի է միշտ ծեծել, բայց պէտք է տիրոջմէ ամչնալ»:
Ասկէ մեկնած միշտ զգացած ենք անհրաժեշտութիւնը, իր միտքը լրիւ կերպով արտայայտելու, մեր ուղղութիւնները ճշդող եւ մեզ հաղորդակից դարձնող խօսակից-ղեկավարներու, եւ արդարամիտ զրուցակիցներու: Մէկ խօսքով՝ լուրջ, փորձառու եւ գիտակ մարդոց կարծիքներու։
Հաւատացէ՛ք, որ ձրի հպարտութիւնը իմաստ մը չունի: Ամէնէն կարեւորը իրականութեան անկեղծութեան եւ պարզութեան դպրոցին համեստօրէն աշակերտելն է:
Այս անգամ՝ այսչափ։
 
Նոյյան տապան  -   Մեկնաբանություն