Ի նպաստ Լիբանանի հայութեան վերականգնումի օժանդակութիւններ սկսած են կատարուիլ


Ի նպաստ Լիբանանի հայութեան վերականգնումի օժանդակութիւններ սկսած են կատարուիլ

  • 15-08-2020 11:54:33   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
Ինչպէս յայտարարուած էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին համար յատուկ հաշիւ մը բացուած է: Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղած էր, որպէսզի յիշեալ հաշիւին կատարուին բոլոր օժանդակութիւնները: Ստացուած օժանդակութիւնները պիտի փոխանցուին Լիբանանի հայութեան վերականգնումի յանձնախումբին, որպէսզի ան կարենայ շուտով լծուիլ գործնական աշխատանքի:
 
Կ'ուզենք յայտնել, որ ցարդ գումարներ ստացուած են հետեւեալ հաստատութիւններէ ու անձերէ.- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն, Տաշիր ընկերութիւն (Սամուէլ Կարապետեան), Բարեգործական հիմնադրամ (Գագիկ ծառուկեան), Լոյս հիմնադրամ (նախկին նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան), Օրօրա կազմակերպութիւն (Նուպար Աֆէյեան, Ռուբէն Վարդանեան), Տիգրան Ճիկերեան (Ֆրանսա): Նաեւ անհատներ իրենց նուիրատուութիւնները փոխանցած են յիշեալ հաշուեգլխուն:
 
Լիբանանի հայութեան վերականգնումը համազգային առաջնահերթութիւն է,  ինչպէս շեշտեց Նորին Սրբութիւնը: Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ մեր թեմերը, կառոյցները ու ազգայինները շարունակեն իրենց օժանդակութիւնները կատարել վերոյիշեալ հաշւոյն: Կը յիշեցնենք հաշուեգլխուն մանրամասնութիւնները:
 
Beneficiary: ARMENIA CATHOLICOSATE OF CILICIA 
Bank: Bank pictet & Cie SA, Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73
Account: M-502039
IBAN: CH61 08755 0502 0390 0300
SWIFT Code: PICTCHGG
 
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն