Յարութ Սասունեան. Փութին Վերջապէս Բացայայտեց Արցախեան Հակամարտութեան Իր Լուծումը


Յարութ Սասունեան. Փութին Վերջապէս Բացայայտեց Արցախեան Հակամարտութեան Իր Լուծումը

  • 04-11-2020 18:00:27   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Այն իրողութենէն ետք, երբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին փորձեց եւ չկրցաւ հրադադար հաստատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, համայն հայութիւնը կը զարմանար, թէ ինչո՞ւ ան չ՛ուզեր աւելի վճռականօրէն միջամտել Արցախի պատերազմին եւ կանգնեցնել արիւնահեղութիւնը։
 
Բազմաթիւ շահարկումներ եղան արցախեան հակամարտութեան միջամտել չուզելու Փութինի անսպասելի մօտեցման մասին, այդ շարքին՝ դաւադրութեան քանի մը տեսութիւններ, որոնց չ՛արժեր անդրադառնալ:
 
Անցեալ շաբաթ, արեւմտեան լրագրողի մը տուած իր հարցազրոյցին մէջ Փութին վերջապէս բացայայտեց արցախեան պատերազմի լուծման կապուած իր ծրագիրները:
 
Ահա՛ թէ ինչ ըսաւ Փութին․ «Դուք կ՛ըսէք, որ Ռուսիա միշտ իւրայատուկ կապեր ունեցած է Հայաստանի հետ։ Սակայն մենք միշտ իւրայատուկ յարաբերութիւններ ունեցած ենք նաեւ Ատրպէյճանի հետ։ Ռուսիոյ մէջ կ՛ապրին աւելի քան երկու միլիոն հայ եւ մօտաւորապէս երկու միլիոն ատրպէյճանցի։ Ասոնք միայն այն մարդիկը չեն, որ եկած են ժամանակաւոր աշխատանքի, այլ նաեւ անոնք, որոնք գրեթէ մնայուն կերպով հոս կ՛ապրին։ Անոնք  միլիառաւոր տոլարներ կ՛ուղարկեն իրենց ընտանիքներուն՝ աշխատելով Ռուսիոյ մէջ։ Այս մարդոց բոլորը բաւականին կայուն եւ սերտ յարաբերութիւններ ունին Ռուսիոյ հետ մարդասիրական մակարդակի վրայ` միջ-անհատական, գործնական, ընտանեկան։ Այս իսկ պատճառով մեզի համար եւ՛ Հայաստանը, եւ՛ Ատրպէյճանը հաւասար գործընկերներ են։ Եւ մեզի համար մեծ ողբերգութիւն է, երբ պատերազմին մարդիկ կը զոհուին: Մենք կը փափաքինք լիարժէք յարաբերութիւններ կառուցել ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի հետ։ Ասոնցմէ ամէն մէկուն հետ յարաբերութիւններ կառուցելու իւրաքանչիւր պարագայի մէջ կայ բան մը, որ կը տարբերակէ մեր յարաբերութիւնները միւս գործընկերոջմէ: Դեհ, Հայաստանի հետ ատիկա Քրիստոնէութիւնն է: Բայց շատ սերտ կապեր ունինք նաեւ Ատրպէյճանի հետ, այլ ոլորտներու մէջ: Ինչ կը վերաբերի կրօնական բաղադրիչին, կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այն փաստին վրայ, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային բնակչութեան գրեթէ 15 տոկոսը մահմետական է: Եւ նոյնիսկ այս իմաստով, Ատրպէյճան մեզի համար օտար երկիր չէ: Սակայն, վստահաբար, մենք չենք կրնար մոռնալ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին հետ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, հայ ժողովուրդին մեծ ողբերգութիւնը։ Ասիկա երկրորդ մասն է։ Երրորդ մասը այն է, որ այս  հակամարտութիւնը սկսած է ոչ միայն իբրեւ միջ-պետական պատերազմ եւ տարածքներու համար պայքար, այլեւ սկսած է ցեղային ճակատումով:  Փաստ է, որ նախ Սումկայիթի, յետոյ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ ժողովուրդին դէմ դաժան ոճրագործութիւններ իրականացուած են։ Այս բոլորը մենք պէտք է հաշուի առնենք ամբողջական կերպով։ Միեւնոյն ժամանակ մենք կը հասկնանք, որ երբ Ատրպէյճանի տարածքին զգալի մասը կորսուած է երկրին կողմէ, ապա չի կրնար անվերջ շարունակուիլ։ Բազում տարիներու ընթացքին մենք կ՛առաջարկէինք այս ճգնաժամի լուծման զանազան տարբերակներ, որպէսզի կայունացնենք իրավիճակը պատմական երկարատեւ հեռանկարով։ Այժմ մանրամասնութիւններու մէջ չեմ խորանար։ Բայց հաւատացէք, որ եղած է լարուած աշխատանք՝ ուղղուած դիրքորոշումներու մօտեցման։ Երբեմն կը թուէր, որ եւս փոքր ճիգ մը, քիչ մըն ալ, քայլ մըն ալ, եւ մենք կը գտնենք լուծումը։ Դժբախտաբար, ատիկա տեղի չունեցաւ, եւ այսօր մենք ունինք պատերազմը՝ իր ամէնէն վատ դրսեւորումով։ Եւ ողբերգութիւն է, որ մարդիկ կը մահանան: Գիտէք, երկու կողմերն ալ շատ կորուստներ ունին: Մեր տեղեկութիւններով, իւրաքանչիւր կողմէ աւելի քան երկու հազար զոհ կայ: Զոհերու ընդհանուր թիւը արդէն կը մօտենայ հինգ հազարի: Ես ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ այն փաստին վրայ, որ Աֆղանիստանի պատերազմի 10 տարիներուն ընթացքին խորհրդային բանակէն զոհուած է 13 հազար հոգի: Իսկ Ղարաբաղի մէջ, այս կարճ ժամանակահատուածին ընթացքին արդէն մահացած է գրեթէ հինգ հազար հոգի: Քանի հոգի վիրաւորուած է․․․: Քանի հոգի կը տառապի, քանի մանուկ․․․: Հետեւաբար, ասիկա մեզի համար յատուկ իրավիճակ է: Այո՛, Մինսքի խումբը ստեղծուած է 1992ին: Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ իբրեւ   համանախագահներ, մենք պատասխանատու ենք բանակցային այս գործընթացի կազմակերպման համար: Հասկնալի է, ես 100 տոկոսով համոզուած եմ, որ այս գործընթացին բոլոր մասնակիցները անկեղծօրէն կը ձգտին իրավիճակի լուծման: Սակայն, ոչ ոք այնպէս հետաքրքրուած է ատով, ինչպէս Ռուսիան։ Ատիկա տեղի կ՛ունենայ՝ լայն իմաստով, մեր ժողովուրդին հետ` մեր ընկերներուն, մեր հարազատներուն հետ: Հետեւաբար, մենք այնպիսի դիրքորոշում պիտի ունենանք, որ մեզի թոյլ տայ վայելել երկու կողմերուն վստահութիւնը եւ էական դեր խաղալ՝ իբրեւ միջնորդներ, այս պայքարի լուծման գործընթացին մէջ՝ կողմերուն դիրքորոշումները իրարու մօտեցնելու համար: Ես շատ կ՛ուզէի, որ այդ փոխզիջումը գտնուէր: Ինչպէս գիտէք, ես շատ սերտ կապի մէջ եմ ինչպէս նախագահ Ալիեւի, այնպէս ալ վարչապետ Փաշինեանի հետ: Օրը քանի մը անգամ  հեռաձայնով կը խօսիմ անոնց հետ: Արտաքին գործոց մեր նախարարները, պաշտպանութեան նախարարները, յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարները մնայուն կերպով կապի մէջ են: Տեղեակ էք, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այցելած են մեզի: Անոնք 23 Հոկտեմբերին տեսակցեցան Ուաշինկթընի մէջ: Ես լիայոյս եմ, որ մեր ամերիկացի գործընկերները կ՛աշխատին մեզի հետ միասնաբար եւ կ՛օգնեն հարցի լուծման: Կ՛ակնկալենք լաւագոյնը»:
 
Ես գրի առի Փութինի այս ծաւալուն ելոյթը՝ առանց բան մը զեղչելու, որպէսզի ներկայացնեմ անոր յայտարարութեան ամբողջ ենթաթեքսթը:
Ակնյայտօրէն, հայերը գոհ չեն, որ նախագահ Փութին Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը հաւասարացնէ Ատրպէյճանի հետ եղածին։ Հայաստան Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցն է՝ փոխադարձ պաշտպանական պայմանագրով եւ իր տարածքը հաստատուած ռուսական ռազմակայանով: Միւս կողմէ, Ատրպէյճան Թուրքիոյ խամաճիկն է եւ բազմաթիւ քայլերու ձեռնարկած է Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական շահերը խաթարելու համար, օրինակ՝ ատրպէյճանական քարիւղն ու քարիւղատարերը, որոնք կը նուազեցնեն ռուսական քարիւղի կարիքը Եւրոպայի մէջ:
 
Աւելի՛ն, Թուրքիոյ զինուած ուժերու ներգրաւումը Ատրպէյճանի տարածքին մէջ, որ կը  հանդիսանայ Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիին մէկ մասը, կը վնասէ Ռուսիոյ շահերուն: Ա՛լ աւելի տագնապալի է Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի ահաբեկիչներու հաւաքագրումը եւ անոնց տեղափոխումը Ատրպէյճան՝ Արցախի դէմ կռուելու համար: Ասիկա ակնյայտ վտանգ է Ռուսիոյ ազգային ապահովութեան: Փութին չնշեց այդ ահաբեկիչներուն նողկալի դերակատարութեան մասին:
 
Ռուսիոյ կառավարութիւնը յստակացուց, որ Հայաստանի հետ փոխադարձ պաշտպանութեան պայմանագիրը կը գործէ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ ուրիշ երկրի մը կողմէ կատարուած յարձակման պարագային, որ չ՛ընդգրկեր Արցախի տարածքը, հակառակ անոր, որ քանի մը հրթիռային յարձակում եղած է նոյնինքն Հայաստանի տարածքին վրայ։
 
Միւս կողմէ, Ռուսիա Թուրքիոյ հետ ունի այլ շահեր, զորս ան հաշուի կ՛առնէ: Անոնք են․
 
- Վերջին տարիներուն Ռուսիոյ փորձերը՝ իր կողմ թեքել Թուրքիան եւ զայն հեռացնել ՆԱԹՕէն:
- Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ բազմամիլիառ տոլարներու հասնող առեւտուրը, ներառեալ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական S-400 հրթիռներու գնումը եւ Թուրքիոյ մէջ ռուսական աթոմակայանի կառուցումը:
 
- Ռուսիոյ դժկամութիւնը պատերազմ սկսելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ՝ Արցախը պաշտպանելու համար:
 
- Ռուսիա եւ Թուրքիա շահերու բախում ունին Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ, ուր  անհաշտ  հասկացողութեան հասած են: Արցախեան հակամարտութիւնը լրացուցիչ ճնշում կը գործադրէ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու վրայ, եթէ Ռուսիա աշխուժօրէն ներգրաւուի Արցախի պատերազմին մէջ, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ:
 
Աւելի կարեւորը այն է, ինչպէս Փութին ըսաւ՝ իր վերոյիշեալ յայտարարութեան մէջ. «Իրավիճակ մը, երբ Ատրպէյճանի տարածքի զգալի մասը կորսուած է երկրին կողմէ, չի կրնար անվերջ շարունակուիլ»։ Այլ կերպ ըսած, Փութին կ՛ակնարկէ, որ ինք պատրաստ է ընդունելու, որ Ատրպէյճան ռազմական ճանապարհով կը վերագրաւէ Արցախը շրջապատող եօթը շրջանները, ապա կը բանակցի Արցախի վերջնական կարգավիճակի լուծման գծով: Ասիկա միանգամայն անընդունելի է Հայաստանի եւ Արցախի համար: Անհրաժեշտ է հակազդել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն, որպէսզի անոնց թոյլ չտրուի ստեղծելու նոր  իրողութիւններ, որոնք կը թուլցնեն Հայաստանի բանակցային դիրքերը։ Աւելի՛ն, Արցախը շրջապատող տարածքներու՝ ապահովութեան գօտիի կորուստը աւելի կը սպառնայ Արցախի գոյութեան:
 
Ա՛լ աւելի տագնապալի է Փութինի այն յայտարարութիւնը, որ «շատ երկիրներ, անոնց շարքին՝ Թուրքիա եւ եւրոպական պետութիւններ», պէտք է միասնաբար աշխատին համաձայնութիւն գոյացնելու համար: Հայաստան եւ Արցախ պէտք է կտրականապէս մերժեն Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը: Ինչպէ՞ս կրնայ՝ պատերազմ հրահրող Թուրքիան չէզոք միջնորդ համարուիլ:
 
Հայերը որոշ չափով հանգստացան, երբ վերջին օրերուն Ռուսիոյ զանազան պաշտօնեաներ վերահաստատեցին Ռուսիոյ պայմանագրային պարտաւորութիւնը՝ պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ կողմէ եղած որեւէ յարձակումէ:
Յառաջիկային դժուար օրեր կը սպասուին Հայաստանի եւ Արցախի՝ իրենց ճակատագիրին դէմ  ամբողջովին միայնակ մնացած։ Միա՛յն վճռական պաշտպանութիւնն է Արցախի հայ բնակչութեան փրկութիւնը։
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play