Հայ թերթը հայ ընթերցողի ջերմ գուրգուրանքի կարիք ունի


Հայ թերթը հայ ընթերցողի ջերմ գուրգուրանքի կարիք ունի

  • 27-01-2012 14:10:39   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
15 Յունուար 2012 Կիրակի գիշեր, ես եւ կողակիցս, մեծ բախտն ունեցանք ներկայ գտնուելու «Դարէ Դար Աղթամար» օրաթորիոյի աշխարհի մէջ առաջին ունկնդրութեան, որ կը ձօնուէր Մարմարա օրաթերթի 70ամեակի յոբելեանին։ Արուեստի այս խնջոյքը սարքուեցաւ Ճէվահիր համերգասրահին մէջ։ Արուեստի համաշխարհային չափանիշներով չափազանց գնահատելի այս հրաշալի օրաթորիոն յօրինուած է հանրածանօթ արժէքաւոր երաժշտագէտ Մաժակ Թօշիկեանի կողմէ, ներշնչուելով պոլսահայ գրականութեան մեծանուն ու հզօր գրիչներէն բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի համանուն «Դարէ Դար Աղթամար» բանաստեղծութենէն։ Օրաթորիոն ներկայացուեցաւ չափազանց յաջողութեամբ, Պոլսահայ համայնքի ծանօթ վարիչներէն Յակոբ Մամիկոնեանի մականին տակ տաղանդաշատ մեներգիչներ Գէորգ Դաւիթեան, Այլին Աթէշ, Տիգրան Գարակէօզեան եւ Լուսաւորիչ երգչախումբի եռանդուն անդամներու կողմէ եւ Յակոբ Կիւլէչի գլխաւորած պարախումբի ցուցադրած հայկական պարբերու ընկերակցութեամբ։ Այդ գիշեր ես ու կողակիցս, նաեւ մեզի հետ միասին հարիւրաւոր հրաւիրեալներ, միասնաբար ապրեցանք հայ մշակոյթի խնջոյքի գիշեր մը, ստեղծագործութեան մը ծնունդին ականատես դարձանք, մեծ հրճուանքով ու հպարտութեամբ ունկնդրեցինք այս հոյակապ համերգը։ Անշուշտ թէ Պոլսահայ կեանքի անցեալի մէջ այսպիսի գիշերներ տեղի ունեցած են, սակայն վերջին 40-50 տարիներու ընթացքին, երբ Հայ մշակութային կեանքի մէջ, մշակոյթի արժէքներու եւ ժառանգներու «մաշում» մը կայ, «Դարէ Դար Աղթամար» ստեղծագործութիւնը ա՛լ աւելի իմաստալից կը դառնայ ու կը հասնի իր իսկական արժէքին, գնահատանքի գագաթնակէտին։ Այդ գիշեր ո՛չ միայն մշակութային խնջոյքի գիշեր մը ապրեցանք, այլ պատմական գիշեր մը, որ մեր յիշողութեան մէջ պիտի նոյնանայ Մարմարա-ի 70ամեակին հետ։ Գեղարուեստական, բանաստեղծական, երաժշտական ու մշակութային այլ ստեղծագործութիւններ միջոցներ են, որոնք իրենց հեղինակներու, իրենց պատկանած համայնքին, ազգին, համաշխարհային գետնի վրայ հպարտութիւն ու պատիւ կը բերեն։ «Դարէ Դար Աղթամար»ն ալ ոսկեայ օղակներով հիւսուած հպարտութեան ու պատուոյ թագ մըն է, որ նախ իր հեղինակներուն, զինքը ստեղծողներուն, ապա իր պատկանած համայնքին ու ազգին ճակտի վրայ պիտի փայլի։ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի «Հայ գիրքը միւռոն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, ան որ հայ գիրք կը կարդայ, կը միւռոնուի հայութեամբ» խօսքերէն ներշնչուելով կþուզեմ ըսել թէ «հայ թերթը Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի սրբալոյս կանթեղն է մեր սիրելի ընթերցասէր ժողովուրդի զաւակներուն համար. ան որ հայ թերթ կը կարդայ, կը լուսաւորուի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի սրբատառ լոյսով»։ Հայ թերթը հայ ընթերցողի ջերմ գուրգուրանքին, հայ ընթերցողն ալ հայ թերթին մտերիմ ընկերութեան պէտք ունի։ Բոլորին վարձքը կատար, իսկ մեր սիրելի «Մարմարա»ն ալ յաւերժութեան ծառ թող ըլլայ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը