Դավիթողլուն Վաշիգտոնում քննարկելու է նաեւ հայկական հարցը


Դավիթողլուն Վաշիգտոնում քննարկելու է նաեւ հայկական հարցը

  • 11-02-2012 18:02:21   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ուր տեղւոյն վրայ իր պաշտօնակից Հիլըրի Քլինթընի հետ միասին պիտի քննարկէ միջազգային հանրութիւնը հետաքրքրող բազմաթիւ հարցեր։ Երկկողմանի հանդիպման հիմնական թէմաները պիտի ըլլան Իրաքի ու Իրանի հարցերը, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ վերջին իրադարձութիւնները, Կովկասի ու Կովկասի վիճակը եւ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն, 1915ին տեղի ունեցած դէպքերը։ Կը նշուի որ Տավուտօղլուի հետ թուրք-իսրայէլեան հարցերը քննարկելէ առաջ, Հիլըրի Քլինթըն նախ հանդիպում մը պիտի ունենայ Իսրայէլի Արտաքին Նախարարի հետ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը