11-02-2012 19:25:13 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Տէրսիմի մէջ, 1936-1937ին տեղի ունեցած ծանօթ կոտորածին զոհերը ու անոնց ժառանգորդները փոխհատուցում կը պահանջեն պետութենէն:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթը կը գրէ, թէ վնասուց հատուցման առաջին դատը բացած է Տէրսիմի ջարդերու ընթացքին հաշմանդամ դարձած 83ամեայ Ալի Տողանը: Ան Թուրքիոյ իշխանութիւններէն 1 միլիոն լիրա կը պահանջէ: Դատարանը ընդունած է բողոքը եւ զայն ուղարկած՝ Թուրքիոյ նախագահական պալատ:
Թերթը կ?աւելցնէ, թէ դիմողները քաջալերուած են վարչապետին վերջերս Տէրսիմի մասին ըսածներէն:
ՆՅ