Նոր Յառաջ. Սահմանադրական խորհուրդը` ցեղասպանության զոհ


Նոր Յառաջ. Սահմանադրական խորհուրդը` ցեղասպանության զոհ

  • 11-02-2012 19:30:11   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Գանար Անշէնէ» երգիծաթերթը իր վերջին՝ Փետրուար 8ի թիւին մէջ, վերոնշեալ խորագիրը կրող շատ լուրջ գրութեամբ մը, զոր ստորագրած է Ժան-Միշէլ Թէնար, կրկին կ?անդրադառնայ պատժելիութեան օրէնքին անցքերուն, բայց մանաւա՛նդ կու տայ Սահմանադրական Խորհուրդին ներքին պատկերը: Յօդուածագիրը յիշեցնելէ ետք թէ՝ մեծ գոհացում պատճառելով Թուրքերուն եւ զայրոյթը շարժելով նախագահ Սարքոզիի, օրէնքը հասած է Սահմանադրական Խորհուրդ, հարց կու տայ, թէ արդեօք բաւարար թիւով անդամներ պիտի գտնուի՞ն վճռելու համար անոր ճակատագիրը… Քանի որ արդէն Շիրաք յայտարարած է, որ այլեւս ի վիճակի չէ ներկայանալու (իրեն դէմ յարուցուած դատերուն - «ՆՅ») որպէս կասկածեալ: Այս պայմաններուն մէջ աւելի քան հաւանական է, որ ան այլեւս, նոյնպէս ի վիճակի չըլլայ մասնակցելու Սահմանադրական Խորհուրդի աշխատանքներուն: “Ինչ կը վերաբերի Ժիսքարին, առողջական վիճակը լաւ է, բայց ան ալ երբեք կանոնաւորաբար ներկայ չըլլար: Գալով նախկին չորս խորհրդարանականներու՝ Միշէլ Շառասի, Հիւպէր Հենէլի, նախկին երկու երեսփոխաններ՝ Ժագ Պառոյի եւ Ժան-Լուի Տըպրէի, “կրնա՞ն արդեօք քննարկել սահմանադրականութիւնը՝ օրէնքի մը, որուն մէկ մասը ընդունուեցաւ Պուրպոն Պալատը «Ազգ. Ժողով - «ՆՅ») իրենց պաշտօնավարած շրջանին” հարց կու տայ Ժ.-Մ. Թէնար: ԹՈՒՐՔԻ ՊԷՍ ԶՕՐԱՒՈՐ ԼՈՊԻ ՄԸ Ուրեմն, հարցին մասին անմիջապէս մտահոգութիւններ ծագած են: Խորհուրդի քարտուղարութիւնը քննութիւն կատարած է, իմանալու համար թէ ատենին՝ վերոնշեալները ի՞նչ ձեւով գործածած են իրենց քուէները: Վերջապէս յայտնի դարձած է որ անոնցմէ ոչ մէկը մասնակցած է քուէարկութեան: 2001ի այդ քուէարկումին՝ Շառաս ուզած է դէմ ձայն գործածել, բայց վերջ ի վերջոյ չէ մասնակցած. նոյնը ըրած է Հենէլ ու չէ մասնակցած քուէարկութեան, հակառակ անոր, որ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու դիմում մը ներկայացուցած էր: Ան «Գանար»ին յայտնած է, թէ նկատի ունենալով այդ հանգամանքը, որոշած է չմասնակցիլ պատժելիութեան օրէնքին վիճարկումներուն: Յօդուածագիրը կ?ըսէ, թէ խելօք որոշում մըն է ատիկա, մանաւանդ երբ նկատի առնուի, որ Հենէլ մաս կը կազմէ «Վոսփորի Հիմնարկ» թրքական կազմակերպութեան գիտնականներու խորհուրդին: Այդ հիմնարկը ֆրանսացի երեսփոխաններուն մօտ քարոզչութիւն ծաւալեց, որպէսզի բողոքի դիմում կատարեն Սահմանադրական Խորհուրդին, ապա Փետրուար 2ին ալ իր նախագահին՝ Պահատըր Քալէաղասըի բերնով ողջունեց կատարուած դիմումը: Գրութեան հեղինակը նոյնը ընելով այս օրէնքին քննարկումէն հրաժարիլ կը թելադրէ նաեւ Սահմանադրական Խորհուրդի նախագահ Տըպրէին, յիշեցնելով, որ 2006 Մայիս 18ին՝ երբ ան Ազգային Ժողովի նախագահն էր, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութեան մասին ընկերվարական օրինագծին քննարկումը ընդմիջած էր ու վերջն ալ հեռատեսիլէն իր դիրքորոշումը բացատրելով, ըսած՝ “Ֆրանսային չի վիճակիր ըսել, թէ ինչպիսի մեկնաբանութիւն պէտք է տրուի այդ երկու երկիրներուն (Հայաստան եւ Թուրքիա - «ՆՅ») յարաբերութիւններուն”: Ապա, Թէնար կ?ըսէ թէ Խորհուրդի երրորդ մէկ անդամին՝ Ժագլին տը Կիլէնշմիթի դիրքն ալ խնդրայարոյց է, քանի այս վերջինն ալ 2008ին ստորագրած է Փիէր Նորայի եւ յիշողութեան օրէնքներու թունդ ընդդիմադիր՝ «Ազատութիւն՝ Պատմութեան համար» խմբակցութեան անդամ բազմաթիւ պատմաբաններու կողմէ ձեռնարկուած «Պլուայի կոչը»: “Կիլէնշմիթ կրնա՞յ արդար կերպով վճիռ կայացնել օրէնքի մը մասին, որուն դէմ ստորագրահաւաքին մասնակցած է” հարց կու տայ յօդուածագիրը, ու կ?ըսէ թէ Փետրուար 6ին իրեն հետ կապ հաստատելով հարցը արծարծած է: “Այդ յարգելի իրաւաբանը ըսաւ, որ չէր յիշեր թէ ստորագրած է: Յուշակորոյս ըլլալ… յիշողութեան օրէնքի մը առթիւ. չըլլալիք բան” կը գրէ յօդուածին հեղինակը, ու Տըպրէի, Հենէլի պարագաներուն գումարելով այս վերջինն ալ, կ?ըսէ՝ “Եղաւ երեք”: Ու Թէնար կ?եզրակացնէ՝ “Եթէ այս երեք իմաստունները հրաժարին օրէնքին քննարկման մասնակցելէ, լրջօրէն վտանգուած պիտի ըլլայ Խորհուրդի կազմի նուազագոյն այն թիւը առանց որուն կարելի չէ վճռել: Այդ թիւը 7ն է: “Պէտք չէ որ օրէնքին քննարկման օրը՝ մինչեւ ամիս մը (պէտք է ըլլայ՝ մինչեւ Մարտ 2 - «ՆՅ») մէկուն կամ միւսին զօրաւոր կռիփը փոխէ Պատմութեան ընթացքը…”: *** Գրութեան վերջաւորութեան ալ կցուած է հետեւեալը, նօթի ձեւով. «Թուրքիոյ Փարիզի դեսպանը շատ “հեռու գնաց”: Ան խնդրեց այն ծերակուտականներէն որոնք օրէնքին “անստանալիութեան” մասին դիմում ներկայացուցած էին, որ ընեն աւելին՝ եւ դիմեն Սահմանադրական Խորհուրդին: Եւ ատիկա կը թելադրէր ընել յանուն “ֆրանքեւթրքական յարաբերութիւններու փրկութեան”»: «Իսկ Խորհրդարանին անկախութի՞ւնը» հարցումով կ?աւարտի այդ փոքր բաժինը:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը