C.C.A.F.-Ի ամենամյա ընդունելությունը Մարսելում


C.C.A.F.-Ի ամենամյա ընդունելությունը Մարսելում

  • 11-02-2012 19:33:54   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ֆրանսական Խորհրդարանին կողմէ 2001 Յունուար 29ին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքը պատշաճօրէն յիշատակելու նպատակով, Մարսիլիոյ շրջանային C.C.A.F.-ը յաջորդող տարիներուն, ճիշդ՝ օրը օրին կը կազմակերպէր պաշտօնական ընդունելութիւններ, որուն անպայման ներկայ կ?ըլլային քաղաքապետը, շրջանային եւ նահանգային խորհուրդներու նախագահներն ու խորհրդականներ, երեսփոխաններ ու ծերակուտականներ, ամեն հորիզոնէ պաշտօնական անձնաւորութիւններ… եւ անշուշտ եկեղեցականներ ու գաղութիս զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Հայ գաղութը գովաբանող հոգեշահ բայց սովորական դարձած խօսքերէ անդին, վերջին չորս տարիներու այդ հաւաքոյթները յագեցած էին Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու օրինագծին հարցով: Այս տարուան ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Փետրուար 2ի երեկոյեան, Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեան: “Յաղթանակի, բերկրութեան, արդար դատի մը յանգումի օր պիտի ըլլար այս տարուանը, բայց ան յուսախաբութեան, խոր հիասթափութեան օր է արդարութեան ծարաւ բոլոր մարդոց համար” ըսաւ C.C.A.F.-ի Մարսիլիոյ շրջանի նախագահ Տիգրան Հարունեան, բացման իր խօսքին մէջ: Թուեց 15 տարիէ ի վեր տարուող պայքարի իւրաքանչիւր հանգրուանը, խարանեց դահիճին յամառութիւնը՝ ամեն գնով զոհերուն յիշատակը արատաւորելու, խարանեց նաեւ անոնք որոնք ինչ-ինչ պատճառներով ու պատրուակներով անոր մեղսակիցը կը դառնան այսօր. աւելցուց թէ Գողիաթի դէմ Դաւիթի պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջ: Շրջանային Խորհուրդի նախագահ, երեսփոխան Միշէլ Վոզէլի անունով խօսք առաւ Կարօ Յովսէփեան: Բառերը չծամծմելով ըսաւ, որ Սահմանադրական Խորհուրդին կատարուած դիմումով՝ խոշոր հարցականի մը առջեւ կը գտնուինք այսօր: Օրինագծին մերժումը կրնայ դուռ բանալ ամեն տեսակի խոտորումի, որոնք կրնան ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլեւ Հրեաներուն Շօան իսկ խնդրականցնել: Երկար ճառախօսութեամբ՝ Մարսիլիա-Փրովանս քաղաքակոյտի նախագահ Էօժէն Քազելլի ֆրանքեւհայկական կապերը թուեց մինչեւ խաչակրութեան ժամանակները, Ցեղասպանութեան վերապրողներուն հանդէպ 20ական թուականներուն անորակելի քաղաքապետի մը գրած ամօթալի նամակին անդրադարձաւ, եզրակացնելու համար, որ եւրոպական յաւակնութիւններ ունեցող Թուրքիոյ համար աւելի քան ժամանակն է իր պատմութեան հետ առերեսելու: Նահանգային Խորհուրդի նախագահ, ծերակուտական Ժան-Նոէլ Կէռինիի համար Խորհրդարանի քուէարկութիւնը ինքնին ձեռք բերուած յաղթանակ մըն է, նոյնիսկ երբ կը խնդրականացուի ոմանց կողմէ՝ հարցը Սահմանադրական Խորհուրդ տարուելով, եւ կրկնեց իր յանձնառութիւնը՝ «մինչեւ վերջնական յաղթանակ» պայքարելու: Հետաքրքրութեամբ կը սպասուէր քաղաքապետ՝ Ժան-Գլօտ Կօտէնի խօսքին: Ան Իրեն յատուկ խօսելաձեւով, եւ մեծ ժեսթերով անդրադարձաւ ճանաչումի օրէնքի ճամբուն վրայ ատենին դիմագրաւուած խոչընդոտներուն, մինչեւ իսկ այն ժամանակուան աջակողմեան նախագահ Շիրաքի եւ ընկերվարական վարչապետ Ժոսփէնի կտրուկ ընդդիմութեան, որոնք յաղթահարուեցան որովհետեւ «միակամութիւն» կար: Անդրադարձաւ այս վերջին օրինագծին, որ վայելեց նախագահական պալատի «օրհնութիւնը»: Եթէ ան այսօր լուրջ վտանգի ենթարկուած է, պէտք է թերեւս պատճառը փնտռել այն աճապարանքին, փութկոտութեան մէջ, որով ան մէջտեղ հանուեցաւ, առանց բաւարար բացատրութեան, միակամութիւն ու զօրակցութիւն ապահովելու: Եւ վերջաւորութեան գրեթէ կրկնեց ամրան իր խօսած ճառը ապագայ ձեռնարկի մը ուղղութեամբ (տ՛ես. «ՆՅ» թիւ 225, 2011, Օգոստոս 25 - «Մեր քաղաքապետը ըսաւ… շատ ուսանելի խօսքեր»): Ո՛ր հոսանքին ալ անոնք պատկանին, քաղաքական մարդիկ իրենց երկարատեւ ասպարէզի ընթացքին իւրացուցած են բառապաշարներ ու դարձուածքներ, որոնք իրենց թոյլ կու տան ամենէն անախորժ կացութիւններէն դուրս գալ, ոչ միայն առանց վնասի, այլեւ ծափահարուելով, ինչպէս պատահեցաւ երէկ իրիկուն ալ, երբ բոլորն ալ գիտցան կարեկցանքի, զօրակցութեան, նոյնիսկ ընդվզումի քօղին տակ՝ ջուրին երեսը ելլել: Պաշտօնական անձնաւորութիւններու թիւը նուազ էր քան նախորդ տարիներուն. երեսփոխաններ՝ Վալերի Պուայէ, Սիլվի Անտրիէօ, Ռոլան Պլում, Կի Թէսիէ, Պերնար Տըֆլէսէլ եւ Հանրի Ժիպրայէլ. նախկին երեսփոխան եւ նահանգային խորհրդական Քրիսթոֆ Մաս, 11րդ եւ 12րդի թաղապետ Ռոպէր Ասանթ. շրջանային, նահանգային եւ քաղաքային խորհրդականներ, ի շարս որոնց Մարսիլիոյ Քաղաքային խորհուրդի անդամները: Ներկայ էր նահանգային ընդհանուր դատախազ Ժագ Տալլէ իր փոխանորդով. իսկ դիւանագիտական մարմնէն՝ Յունաստանի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իսրայէլի աւագ հիւպատոսները: Շարքը փակելու համար չմոռնանք յիշատակելու CRIF-ի (Ֆրանսայի Հրէական Հիմնարկներու Ներկայացուցչական Խորհուրդ) եւ յունական համայնքի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայց. Եկեղեցւոյ քահանայից դասը: Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, ընդունելութիւնը փակուեցաւ հիւրասիրութեամբ մը. պիւֆէին շուրջ խօսակցութիւնները յամեցան մինչեւ ուշ ժամեր: *** ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՅՍ ԱՌԹԻՒ Վերջին օրերու ընթացքին արագ թաւալող իրադարձութիւններու մասին վճռական եզրակացութիւններ փորձելը տակաւին կանխահաս է: Յստակ է սակայն, որ Ազգային Ժողովի Դեկտեմբեր 22ի նիստի օրուընէ իսկ, օրինագիծը լուրջ եւ կարծր ընդդիմութեան պիտի հանդիպէր: Ընդդիմութիւն, որ մեծամասնութեամբ շատ խորամանկօրէն իր թրքասիրութիւնը կամ նպարավաճառի ցած հաշիւները թաքցուց օրինագծին հակասահմանադրականութեան շղարշին տակ, մինչեւ որ հարցը հասցուց Սահմանադրական Խորհուրդ: Այս հաւանականութիւններուն դիմաց մենք՝ Հայերս պէտք է շատ զուսպօրէն վարուէինք, նոյնիսկ չափէն աւելի: Եւ խուսափէինք յաղթութեան, ցնծութեան ամենադոյզն արտայայտութենէ, մինչեւ որ գործընթացը հասնէր իր աւարտական փուլին, այսինքն Հանրապետութեան նախագահի ստորագրութեան եւ Journal Officiel−ի մէջ հրատարակման: ՑԱՒՕՔ ԱՅԴՊԷՍ ՉԸՐԻՆՔ: Մարսիլիոյ շրջանի C.C.A.F.-ը նախ Յունուար 24ին ուրախութեան, ցնծութեան պիւֆէներ սարքեց, նոյն՝ Թարգմանչաց եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Եթէ միայն ներհայկական անպաշտօն շրջանակի մէջ մնացած ըլլար, պիտի ըսէինք ՈՉԻՆՉ, արդար ուրախութեան օր է: Սակայն, քանի մը կիսապաշտօնական մարդոց հետ, հրաւիրուեցաւ տեղւոյն մամուլն ալ: Յունուար 25ի «La Provence» օրաթերթը առաջին էջին վրայ լուսանկարն ալ տպելով կը խորագրէր՝ «Les Arméniens font la fête» («Հայերը կը տօնախմբեն»): Կարծեմ, հոս, մարդոց տհասութեան վերաբերեալ որեւէ մեկնաբանութիւն աւելորդ է: Շատ աւելի ծանրակշիռ է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին անպատասխանատու ընթացքը: Սերժ Սարգսեան ըստ երեւոյթին կ?անգիտանայ սահմանադրութիւն եւ սահմանադրական գործընթացը, չի զանազաներ օրէնսդրական եւ գործադիր իշխանութիւն, քանի որ երկու անգամ, ֆրանսական Խորհրդարանի երկու պալատներու քուէարկութիւններուն առթիւ շնորհակալութեան նամակներ ղրկեց սխալ հասցէի… այսինքն Էլիզէի պալատին: Մինչդեռ ան պէտք է զուսպ կենար եւ իր շնորհակալութիւնները յայտնէր Նիքոլա Սարքոզիին միայն այն օրը երբ այս վերջինը ստորագրէր օրէնքը: Միջազգային դիւանագիտական շրջանակները ի՞նչ մտածեցին Հայաստանի պետական ղեկավարութեան մասին: Խորհրդային վարչակարգի օրերուն, կարմիր ղեկավարութեան աչքը մտնելու համար մարդիկ իրենց զաւակներուն կու տային Ֆրունզէ, Կիրով կամ Իպարուրի անունները. երեւի այդ տեսակ աւանդութիւններ տակաւին կը շարունակուին քանի գիւմերցիի մը այդօրինակ խելագարութիւնն ալ օրերս դարձաւ միջազգային մամուլի նիւթ…: Վստահաբար Խրիմեան Հայրիկի հռչակաւոր հերիսայի եւ շերեփի պատմութիւններէն անցած 130 տարիներէն ետք՝ մենք նոյնքան ժամանակի եւս կը կարօտինք մեր քաղաքական պարզամտութենէն, մանկամտութենէն դուրս գալու համար: Եթէ սակայն բնութիւնը մեզ սահմանած չէ յաւիտենապէս գաճաճ մնալ: ՍՏԵՓԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Փետրուար 3 ՆՅ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը