Լօռ Մառշանի հոդվածը «Նուվէլ Օպսէրվաթէօր»ին մէջ եւ թրքական հակազդեցությունը


Լօռ Մառշանի հոդվածը «Նուվէլ Օպսէրվաթէօր»ին մէջ եւ թրքական հակազդեցությունը

  • 15-02-2012 08:22:47   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Փետրուար 3-ի «Նուվէլ Օպսէրվաթէօր»ին մէջ, լրագրողուհի Լօռ Մառշան «Հայոց Ցեղասպանութիւն. հպարգելք մը որ կը ճաթռտի» խորագրով գրութիւն մը ստորագրած է: Անոր յօդուածը կը սկսի, իր իսկ բառերով՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան երկու կազմակերպիչներուն»՝ Թալաթ եւ Էնվէր փաշայի յուշադամբաններուն յիշատակումով: Լրագրողուհին կը գրէ, թէ Ցեղասպանութիւնը Ա. աշխարհամարտի օրերուն խլեց աւելի քան մէկ միլիոն կեանք. անոր կազմակերպիչներէն այդ երկուքը դարձած են խորհրդանիշ՝ ժխտող թրքական պետութեան մը որ շուրջ դար մըն է կը գործէ: Կ?աւելցնէ, թէ անոնց յուշադամբանները կը շարունակեն բազմած մնալ Պոլսոյ սրտին վրայ իսկ: Ապա, Մառշան կը գրէ, թէ Յունուար 23ին ֆրանսական Ծերակոյտին քուէարկած օրէնքը ոտքի հանեց Անգարան, որ պաշտպանեց իր պաշտօնական թէզը: Մինչդեռ, ըստ լրագրողուհիին, Երիտթուրքերու կողմէ հրահանգուած՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործուած ջարդերու նիւթին հպարգելքը, վերջին տարիներուն սկսած է լայնօրէն ճաթռտիլ: Ու յօդուածագիրը կ?ըսէ, թէ հակասական երեւոյթ մը ստեղծուած է, քանի թուրք համալսարանական դասատու Ճէնկիզ Աքթարի վկայութեամբ իսկ, մինչ մէկ կողմէն թրքական պետութիւնը, այս զարգացումներէն ետք, առաւելաբար շեշտուած ժխտողական դիրքերու վրայ կը յայտնուի, անդին՝ այլեւս կարելի է մետիաներու մէջ յիշատակել «ցեղասպանութիւն» բառը, «առանց որ ձեր կոկորդին փակին, ոչ ալ ձեզ սպաննեն»: Ըստ Մառշանի, 2007 Յունուար 19 թուականէն՝ Տինքի սպանութեան օրէն ի վեր ելեկտրացնցում մը ապրած է թրքական քաղաքացիական ընկերութիւնը եւ բազմապատկուած են 1915ին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնները, գիրքերը, համալսարանական հետազօտութիւնները: Լրագրողուհին կը յիշէ նաեւ 2010ին ցեղասպանութեան նիւթով Տիյարպաքըրի մէջ գումարուած գիտական համաժողովը, իրենց հարազատ ազգութեան վերադարձող գաղտնի Հայերը: Մառշան կ?ըսէ, թէ հայկական հարցը վերջին տասնամեակին օգտուեցաւ Եւրոպայի անդամակցութեան համար Թուրքիոյ թափած՝ ազատականացման ջանքերէն: «ՍԵՒՐԻ ԱԽՏԱՆՇԱՆ» Վերջաւորութեան յօդուածագիրը կ?արձագանգէ «Ակօս»ի խմբագրապետին ըսածներուն: Ռոպէր Քոփթաշ ֆրանսական օրէնքին մասին դիտել կու տայ, թէ թուրք տգէտ քաղաքացի մը պիտի պատժուի Ֆրանսայի մէջ, բայց բուն ժխտողը՝ թրքական պետութիւնը անպատիժ պիտի մնայ: “Ժողովուրդին մեծ մասը, որ դպրոցական տարիներէն իսկ հակա-հայկական քարոզչութեամբ դաստիարակուած է, բոլորովին կ?անգիտանայ իր պատմութեան այդ մութ էջը” կ?ըսէ Քոփթաշ: Եւ թուրք ժողովուրդը կը տառապի, ըստ լրագրողուհիին «Սեւրի ախտէ», Սեւր՝ այն քաղաքը, ուր 1920ին ստորագրուեցաւ խաղաղութեան դաշնագիրը, արեւմտեան յաղթական երկիրներու պարտադրութեամբ եւ որ կը նախատեսէր Օսմանեան կայսրութեան մասնատումը: Հոսկէ ալ, հանրութեան գիտակցութեան մէջ տեղ ըրած է հալածախտ մը՝ թշնամական «կայսերապաշտական ուժեր»ու նկատմամբ: Այսպէս օրինակ, ըստ Ահմէտ Ինսէլի, որ «Մեծ Եղեռն»ին համար Հայերէն ներողութիւն խնդրող ստորագրահաւաքին ձեռնարկողներէն մէկն է, պատժելիութեան օրէնքը Թուրքիոյ մէջ «կ?ընկալուի որպէս արտաքին միջամտութիւն եւ կը հրահրէ այդ հալածախտը»: «ԱՌԱՋԻՆ ՄԵՂՔԸ» Մառշան կ?ըսէ, թէ ցեղասպանութեան նիւթը Թուրքերուն մօտ անմիջապէս կ?առթէ հողային պահանջի վախ, կա՛մ հայկական պետութեան, կամ ալ նախկին Արեւմտեան Հայաստանի բնակիչներուն կողմէ, որոնք այսօր կը կազմեն Սփիւռքը: Եւ ատիկա կը խախտէ Մուսթաֆա Քէմալի կողմէ 1923ին հաստատուած պետութեան հիմքերը: «Թրքական պետութիւնը հիմնուեցաւ հարստահարելով կամ տեղահանելով ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւնները: Ազգային տնտեսութիւնը, ինչպէս նոր քաղքենիութիւնը, բարգաւաճեցան շնորհիւ Հայերէ գրաւուած ստացուածքին: Ի՞նչպէս կարելի է ընդունիլ այս “առաջին մեղքը”» հարց կու տայ Լ. Մառշան: ՓԱՐԻԶԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԲԱՆԲԵՐԻՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ Թուրքիոյ Փարիզի դեսպանութեան բանբեր Էնկին Սոլաքօղլու պատասխան մը գրած է այս յօդուածին դէմ, որ Փետրուար 8ին լոյս տեսած է թերթին կայքէջին վրայ: «Թուրքիա երբեք պիտի չընդունի յորջորջուիլ “ժխտող”» խորագիրը կրող գրութեան մէջ թուրք բանբերը մարգարիտներ կը շարէ՝ մէկը միւսին ետեւէն: Նախ պարկեշտութիւն ցուցաբերելու կեղծաւոր տրամադրութեամբ, կը «խոստովանի», թէ ճիշդ է՝ Թուրքիոյ մէջ հայկական նիւթը թապու էր, բայց միակը չէր եւ ամբողջ նախա-հանրապետական ժամանակաշրջան մը մոռացութեան մատնուած էր դիտումնաւոր կերպով: Ըստ թուրք դիւանագէտին՝ «որոշ ժամանակ անդրադարձ չէ եղած Անատոլիայի ժողովուրդներու, ի շարս այլոց՝ նաեւ Թուրքերու անցեալի վիշտերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ թշնամանքէ եւ վրէժխնդրական տրամադրութիւններէ զերծ ապագայ մը կերտել»: Կ?ըսէ, թէ «Աթաթիւրք փորձեց նախկին կայսրութեան փլատակներուն վրայ ստեղծել նոր պետութիւն մը: Նախկին կայսրութիւնը քայքայուեցաւ ոչ միայն բազմաթիւ ազգեր արդար եւ հաւասար կերպով ղեկավարելու իր անմտութենէն, բայց նաեւ գաղութատէր այլ պետութիւններու միջամտութիւններուն պատճառով, որոնք ոչ մէկ առիթ կը փախցնէին ի գործ դնելու՝ «պառակտել, լաւագոյնս իշխելու համար» իրենց սկզբունքը եւ տարածքաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ կը հրահրէին ատելութիւնը»: Սոլաքօղլու կը շարունակէ, ըսելով, թէ կ?անգիտացուի Ֆրանսայի մէջ, թէ «1923ին Թուրքիոյ 9,5 միլիոն բնակչութեան 4 միլիոնը իրենց ապրած շրջաններուն մէջ գործուած ջարդերէ վերապրած՝ Պալքաններէն, Յունաստանէն կամ Կովկասէն ներգաղթող Թուրքեր կամ մահմետականներ էին»: Ինչ կը վերաբերի «ժխտողականութեան», ան կ?ըսէ թէ Թուրքիա երբեք պիտի չընդունի այդ որակումը, որ «մտաւորականօրէն դիւրին խօսք է եւ սխալ ու խաբուսիկ պարզեցում մը: Ֆրանսայի մէջ անոր անդադար կրկնութիւնը բան պիտի չփոխէ մեր տեսակէտէն եւ մեր սեփական պատմութեան ընկալումէն» կ?ըսէ ան: Ապա Սոլաքօղլու «կը հաւաստէ», թէ երբեք պիտի չյանդգնին ուրանալու հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքները, թէ անոնք կորսնցուցին իրենց պապենական հայրենիքին կարեւոր մէկ մասը: Սակայն կ?ըսէ. «Մենք զանոնք միշտ պիտի նկատենք զոհերը՝ կայսերապաշտ օտար ուժերու, որոնք փորձեցին օգտագործել Հայու արիւնը, աւելի դիւրաւ մասնատելու համար Օսմանցիներու մահամերձ կայսրութիւնը»: Ու կը շարունակէ նշելով, թէ ոչ մէկը կրնայ համարձակութիւնը ունենալ՝ ուրանալու, թէ 1914էն առաջ 1 միլիոն Հայեր կ?ապրէին Անատոլիոյ հողերուն վրայ եւ այսօր Թուրքիոյ մէջ ապրող Հայերուն թիւը միայն 60.000 է: Բայց «արդարացում» մը ունի: Ատիկա միայն Հայերուն ճակատագիրը չէ եղած: Յոյներ ալ վտարուած են Անատոլիայէն, ինչպէս Թուրքեր եւ Հրեաներ՝ Սելանիկէն, նոյնպէս Թուրքեր՝ Կրետէէն, Ռոտոսէն, Ազէրիներ՝ Հայերու կողմէ գրաւուած հողերէն, եւլն.: Գալով «Սեւրի ախտանշան»ին, կ?ըսէ թէ թուրք ժողովուրդին հակազդեցութիւնը մեկնաբանել որպէս «ախտանշան» կամ «հալածախտ» այդ դաշնագրին նկատմամբ, անպարկեշտութիւն է, քանի այդ համաձայնագիրը 1920ին իրենց պարտադրուեցաւ երբ Օսմանեան կայսրութիւնը ծունկի եկած էր, իր մայրաքաղաքն ու հողերուն մեծ մասն ալ գրաւուած էին Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ եւ Յունաստանի կողմէ: Սոլաքօղլու կ?եզրակացնէ, թէ այդ դաշնագիրը թուրք ժողովուրդին մահավճիռն էր, պայքարով ու ի գին ի՜նչպիսի զոհողութիւններու ան յաջողեցաւ թաղել զայն: Եւ վերջապէս, ինչ կը վերաբերի «առաջին մեղք»ին, թուրք դիւանագէտը զուարթախոհութիւն ալ խառնելով իր արտայայտութիւններուն, կ?ըսէ թէ ան գոյութիւն չունի իրենց մշակոյթին մէջ (ակնարկելով «առաջին մեղք»ին Ս. Գրային բնոյթին - «ՆՅ»): «Թուրքերուն համար՝ յանցաւոր զգալու հարց խնդրոյ առարկայ կրնայ ըլլալ, ո՛չ՝ ծնած ըլլալու պատճառով որպէս թուրք, ո՛չ՝ պաշտպանած ըլլալու պատճառով իրենց հայրենիքը, եւ մանաւանդ ոչ ալ՝ Սեւրի դաշնագրէն վերապրած ըլլալու պատճառով» ՆՅ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը