Ֆրանսիական երգիծաթերթը անդրադարձել է պատժելիության օրենքին


Ֆրանսիական երգիծաթերթը անդրադարձել է պատժելիության օրենքին

  • 16-02-2012 13:41:18   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ֆրանսական երգիծաթերթը, անգամ մը եւս վերոնշեալ խորագրով, շատ լուրջ գրութեամբ մը կ?անդրադառնայ պատժելիութեան օրէնքին եւ անոր հասած վերջին հանգրուանին՝ Սահմանադրական Խորհուրդին: Ժան-Միշէլ Թէնար որ նախորդ գրութիւնն ալ ստորագրողն էր (տե՛ս. «ՆՅ» թիւ 325, Փետրուար 11), կ?ըսէ թէ Հիւպէր Հենէլէն ետք, ներկայիս Ժագլին տը Կիլէնշմիթ կը հրաժարի օրէնքին քննարկումներուն մասնակցելէ: Մինչ առաջինը այդ որոշումը տուած էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքի քուէարկման (2001 Յունուար 29) նախօրեակին անոր մէջ փոփոխութիւններ կատարելու գծով իր ներկայացուցած դիմումին պատճառաւ, երկրորդը հրաժարած է, ըստ երեւոյթին, «Գանար»ի անցեալ շաբթուան գրութեան մէջ կատարուած յիշեցումին որպէս հետեւանք: Արդարեւ, Թէնար կը յիշեցնէր թէ Ժ. տը Կիլէնշմիթ ստորագրած է պատմաբան Նորայի եւ յիշողութեան դէմ օրէնքներու ընդդիմադիր իր ընկերներուն կողմէ ձեռնարկուած «Պլուայի կոչ»ը: Կիլէնշմիթ իր որոշումը պաշտօնապէս տեղեկացուցած է Փետրուար 7ին: Թէնար կ?ըսէ՝ «Ահաւասիկ արդէն երկու անկում: Սահմանադրական Խորհուրդին կը մնայ ութ անդամ, տրուած ըլլալով որ Ժագ Շիրաք ալ չի կրնար իրաւարարի դեր խաղալ, Փարիզի քաղաքապետարանի շինծու պաշտօններու հարցին կապակցութեամբ իր դատապարտումէն ի վեր»: Լրագրողը կ?ըսէ, թէ կը մնայ Ժան-Լուի Տըպրէի (Խորհուրդին նախագահը - «ՆՅ») պարագան. «ան երբեք չծածկեց իր ընդդիմութիւնը յիշողութեան օրէնքներուն, եւ մասնաւորապէս՝ Հայաստանի վերաբերողին» կ?ըսէ Թէնար: Ինչպէս նախորդ գրութեան մէջ, կը յիշեցնէ, թէ Տըպրէ 2006ին, երբ Ազգային Ժողովի նախագահ էր, ընդդիմանալով ընկերվարական օրինագիծի մը, յայտարարած էր՝ «Օրէնքին չի վիճակիր գրել Պատմութիւնը»: «Նկատի ունենալով որ Սահմանադրական Խորհուրդի գործունէութեան մասին 1958 թուակիր հրամանագրի թիւ 3 յօդուածին մէջ նշուած է, որ անդամները պէտք է պաշտօնավարեն կատարեալ անաչառութեան պայմաններու մէջ, Տպրէ կրնա՞յ այլ կերպ շարժիլ, քան քաշուիլ», հարց կու տայ յօդուածագիրը: «“Գանար” այս մասին հարցում յղեց իրեն, բայց Տըպրէ տալիք պատասխան չունեցաւ: Յիշողութեան կորուստ մը ճի՛շդ յիշողութեան օրէնքներու քննարկման ընթացքին… Չըլլար» կը նշէ Թէնար: Յօդուածագիրը վերջին բաժնին մէջ կը յիշէ փաստաբան Ֆիլիփ Գրիգորեանի կողմէ Սահմանադրական Խորհուրդին ներկայացուած դիմումը, որ նոյն՝ անաչառութեան նիւթը հիմք կ?առնէ: Փաստաբանին դիմումին մէջ կ?արծարծուի Խորհուրդին կողմէ 2005 Ապրիլ 21ին ընդունուած որոշում մը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող 2001 Յունուար 29ի օրէնքը կ?որակէ չափանիշներու անհամապատասխան… (non normative): «Այնպէս կը թուի, թէ ոմանք Խորհուրդը խեղկատակի տեղ առած են», կ?եզրափակէ յօդուածագիրը, յիշելով ֆրանսերէն ասացուածքը՝ «tête de Turc»: «ՆՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը