Նիսի Ս.Աստվածածին եկեղեցու Կրոնական ընկերակցությունն իրավասու չէ գործածել «Հայ Առաքելական եկեղեցու ծուխ» անվանումը


Նիսի Ս.Աստվածածին եկեղեցու Կրոնական ընկերակցությունն իրավասու չէ գործածել «Հայ Առաքելական եկեղեցու ծուխ» անվանումը

  • 16-02-2012 13:47:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
  Ինչպէս ծանօթ է, Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութիւնը շատ էական հարցադրումի առջեւ կը գտնուի, որուն եթէ խոհեմութեամբ չվերաբերի, կրնայ յետագային ծանր հետեւանքներ յառաջացնել Նիսի համայնքային կեանքին մէջ։ Ան օրինապէս սեփականատէրն է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, սակայն զրկուած ըլլալով Էջմիածնի ճանաչումէն եւ հոգեւոր հովիւէ, զրկուած կ?ըլլայ եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն կատարելու կարելիութենէն։ Իրաւասու չէ գործածելու «Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ծուխ» անուանումը։ Այսուհետեւ պիտի զրկուի նաեւ եկեղեցւոյ եկամուտներէն։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ճակատագիրը, ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ ան պիտի վերադարձուի նոր ծուխին, որպէսզի Հայ Առաքելական եկեղեցին շարունակէ իր առաքելութիւնը իր կառուցած տաճարին մէջ։ Դատական վարչարար՝ Կզավիէ Ուէրթաս, իր նշանակումէն գրեթէ երկու տարի ետք, կազմակերպեց Նիսի նախկին կրօնական ընկերակցութեան Ընդհանուր Ժողովը Փետրուար 6ին, Նիսի «Ուէսթմինիսթըր» պանդոկին մէջ, որուն ընթացքին ընտրուած է նախկին վարչութեան զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներու ցանկը։ Ըստ ընկերակցութեան տուած տեղեկութիւններուն՝ արձանագրուած 256 անդամներէն 85ը ներկայ գտնուած են եւ 79ը՝ լիազօրագրերով մասնակցած։ Ինչպէս նախապէս գրած էինք, Թեմին համար սոյն Ընդհանուր Ժողովին գումարումի անընդունելի պարագաներն էին որոնք պատճառ դարձան թեմակալ առաջնորդին կողմէ նոր ծուխի ստեղծումին։ Ընտրութիւններէն ետք, դատական վարչարարը ներկաներուն կարդացած է թեմական առաջնորդութեան կողմէ իրեն յղուած նամակը ուր կը յայտնուի որ Նիսի Կրօնական ընկերակցութիւնը այլեւս մաս չի կազմեր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետութեան։ Անդին, Կիրակի օր, Փետրուար 12ին, Նիսի նոր ծուխի ստեղծումէն (2012 Յունուար 29) ի վեր, երրորդ անգամ ըլլալով, կիրակնօրեայ Ս. պատարագը կատարուած է Նիսի կաթոլիկ Սէն Ֆիլիփ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Հ. Գրիգոր Խաչատրեանի եւ մասնակցութեամբ՝ դպրաց դասուն: Ներկայիս, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ պաշտամունքները կը կատարուին Ֆրանսացիներու կողմէ տրամադրուած այդ եկեղեցւոյ մէջ, քանի Ս. Աստուածածնի կրօնական նախկին ընկերակցութիւնը անզիջող կը մնայ իր դիրքորոշման մէջ եւ  եկեղեցին չի յանձներ կրօնական օրինական մարմիններուն: Սէն Ֆիլիփի Ս. պատարագին մասնակցած են աւելի քան 50 հայ հաւատացեալներ, Ս. Աստուածածնի մէջ ալ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուած է… CD-ի միջոցով, քանի Հայց. Եկեղեցւոյ կրօնաւորները ներկայ պայմաններուն մէջ հոն չեն կրնար սպասարկել:    «ՆՅ»  
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը