Իսրայել-Կիպրոս՝ ռազմական ու տնտեսական համագործակցություն


Իսրայել-Կիպրոս՝ ռազմական ու տնտեսական համագործակցություն

  • 21-02-2012 14:57:17   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին համաձայն, միօրեայ այցելութեամբ Փետրուար 17ին Կիպրոս գացած՝ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ ստորագրած է համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ՝ իսրայէլեան բանակի ցամաքային ուժերը եւ ծովուժը կարելիութիւն կը ստանան Կիպրոսի տարածքը օգտագործելու: Համաձայնագրին նպատակը Կիպրոսի յունական հատուածին մէջ բնական կազի հետազօտումն է: Սակայն Իսրայէլի վարչապետը չէ բացառած Հարաւային Կիպրոսի մէջ իսրայէլեան ռազմական խարիսխի մը ստեղծումը: Այցելութեան ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան եւ ծովային գործակցութեան առընչուող հարցեր: Իսրայէլի եւ Կիպրոսի միջեւ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան այս սերտացումը Թուրքերու կողմէ բնութագրուած է որպէս հակաթուրք քաղաքականութիւն, ինչպէս կը հաւաստէ «Հիւրրիյէթ»: «ՆՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը