Ֆրանսիայի Սահմանադրական Խորհրդի որոշումը


Ֆրանսիայի Սահմանադրական Խորհրդի որոշումը

  • 01-03-2012 14:51:49   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ա՛յս, կամ մօտաւորապէս՝ այս եղաւ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին որոշումը, Փետրուար 28ին: Պատժելիութեան օրէնքին՝ Ծերակոյտին կողմէ քուէարկումէն անմիջապէս ետք, զայն անվաւեր հռչակելու պահանջով խումբ մը խորհրդարանականներու ներկայացուցած դիմումներէն ի վեր՝ ամիս մըն է, որ հայութիւնը (եւ ոչ միայն) անհամբերութեամբ կը սպասէր Ֆրանսայի Իմաստուններու որոշումին: Սկիզբի յոռետեսութիւնը վերջին շրջանին իր տեղը թողած էր որոշ լաւատեսութեան՝ մամուլին, յատկապէս «Գանար Անշէնէ»ի սիւնակներուն մէջ յաջորդաբար լոյս տեսած այն գրութիւններէն ետք, ուր կ?ըսուէր թէ Սահմանադրական Խորհուրդի այն անդամները (օրէնքին դէմ) որոնք իրենց անցեալի դիրքորոշումներուն պատճառով չէին կրնար արդար մօտեցում ունենալ, պիտի հրաժարէին քննարկումներուն եւ որոշումին կայացման մասնակցելէ: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, Իմաստունները անվաւեր հռչակեցին քուէարկուած օրէնքը, որ ըստ իրենց՝ կը սահմանափակէ արտայայտութեան եւ հաղորդակցութեան ազատութիւնը: Այդուամենայնիւ, Խորհուրդը իր որոշումին մէջ չարտայայտուեցաւ ո՛չ 2001 Յունուար 29ի օրէնքին (Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում) եւ ոչ ալ 1990 Յուլիս 13ի օրէնքին (ցեղապաշտական, հակասեմական եւ կամ օտարատեաց արարքներու պատժում) մասին, որոնք սերտ առընչութիւն ունին ջնջուած օրէնքին հետ եւ յետսկոչումով՝ կրնային նոյն ճակատագրին արժանանալ: Նախագահ սարքոզի նոր բանաձեւ մը պատուիրած է Սահմանադրական Խորհուրդին որոշումին յայտարարուելէն անմիջապէս ետք, նախագահ Սարքոզի հաղորդագրութեամբ մը յայտնած է, որ կը հասկնայ յուսախաբութիւնը եւ տխրութիւնը բոլոր անոնց, որոնք երախտագիտութեամբ եւ յոյսով դիմաւորեցին քուէարկումը այն օրէնքին, որ զիրենք պիտի պաշտպանէր ընդդէմ ժխտողականութեան, որ սպառնալիք մըն է ոչ միայն զոհերուն եւ անոնց շառաւիղներուն արժանապատւութեան, այլ նաեւ ազգային հաւաքականութեան համար: Նախագահը անգամ մը եւս կրկնած է, թէ ժխտողականութիւնը անհանդուրժելի է եւ պէտք է պատժելի ըլլայ: Խոստացած է մօտ ատենէն հանդիպում ունենալ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Սարքոզի անմիջապէս պատուիրած է իր կառավարութեան նոր բանաձեւ մը պատրաստել՝ նկատի ունենալով Սահմանադրական Խորհուրդին որոշումը: ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Առաջին հակազդեցութիւնը եկած է օրէնքին հեղինակ՝ Վալերի Պուայէէն, որ ըսած է, թէ ջնջումի այս որոշումը մեծ յուսախաբութիւն մըն է ծագումով հայ Ֆրանսացիներուն համար, աւելցնելով սակայն, թէ ինք պիտի չվհատի: Հայկական ճակատի վրայ առաջին հակազդեցութիւնները կը պատկանին Վ. Պուայէի օրէնքի ներշնչող՝ փաստաբան մէթր Գրիգորեանին եւ CCAF-ին, որոնք բնականաբար կը դատապարտեն որոշումը: Առաջինը առաւելաբար շեշտը կը դնէ այն հանգամանքին վրայ, որ Սահմանադրական Խորհուրդը անտեսեց եւրոպական օրէնսդրութիւնը, մինչ երկրորդը դժկամութեամբ եւ օրէնքի տրամադրութեան կողմնակալ ընթերցումի յանցանքով կը մեղադրէ Սահմանադրական Խորհուրդը: Իսկ ինչ կը վերաբերի թրքական ճակատին, առաջին արձագանգը հասած է փոխ-վարչապետ Պ. Արընչէ, որ ըսած է, թէ այս որոշումը թոյլ տուաւ խուսափիլ «ծանրակշիռ տագնապ»է մը: «ԱՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը