Թուրքական լիրայի նոր խորհրդանշանը՝ քննադատության տեղիք է տվել


Թուրքական լիրայի նոր խորհրդանշանը՝ քննադատության տեղիք է տվել

  • 02-03-2012 15:27:04   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Երէկ, Կեդրոնական Դրամատունը, Վարչապետ Էրտողանի ալ մասնակցութեամբ հրապարակեց թրքական լիրայի նոր խորհրդանշանը, որ կը ցոլացնէ «վստահութեան եւ վճռակամութեան» նշաններու համատեղումով պատրաստուած յօրինում մը, սակայն անմիջապէս քննադատութեան թիրախ դարձաւ օտար դրամանիշներու հետ իր նմանութեան պատճառով։ Թրքական լիրայի նոր խորհրդանշանը ընտրուած է մօտաւորապէս ութ հազար նմոյշերու մէջէն, բայց մեծապէս կը նմանի եւրոյի, անգլիական սթէրլինի, ճաբոնական եէնի եւ հայկական դրամի խորհրդանշաններուն։ Վարչապետ Էրտողան ներկայացնելով խորհրդանշանը, ըսաւ որ թրքական լիրային կը շահեցնեն ամբողջ աշխարհի մէջ գործածուելիք նոր խորհրդանշան մը. խորհրդանշանի վարի մասը կը նմանի խարիսխի մը ու կը պատկերացնէ վստահելի «նաւահանգիստ մը», իսկ վեր ձգուած երկու գիծերը ցոյց կուտան որ թրքական լիրան բարձրացող արժէք մըն է։ Խորհրդանշանի հեղինակը Թիւլայ Լալէ ըսաւ որ ինք խորհած է թէ ինչպէ՞ս կարելի է գեղարուեստական մակարդակով մէկտեղել թրքական լիրայի Թ եւ Լ տառերը, գալով երկու գիծերուն, անոնցմով փորձած է ցոյց տալ որ Թուրքիա արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ կամուրջ մըն է։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը