Ցույց ցեղասպանության դեմ


Ցույց ցեղասպանության դեմ

  • 06-03-2012 12:55:20   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

«Խոճալուի ջարդ»ի դրդապատճառով անցեալ շաբթուան ատելավառ հսկայ ցոյցէն ետք, ուր Հրանդ Տինքի յիշատակը եւ ընդհանրապէս՝ ամբողջ հայ ժողովուրդի պատիւը ոտնակոխուած էին, Պոլսոյ նոյն շրջանին մէջ այս անգամ ալ ցեղապաշտութեան դէմ ցոյց մը տեղի ունեցած է: Թուրք ձախակողմեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան, ինչպէս նաեւ փոքրամասնական, ի շարս որոնց ազէրպայճանական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ կազմակերպուած ցոյցին պարզուած ցուցատախտակներուն վրայ կարելի եղած է կարդալ՝ «Ատելութիւնը՝ ձերն է, մարդկութիւնը՝ մերը», կամ՝ «Մի՛ լռեր աղաղակէ ժողովուրդներուն եղբայրութիւնը»: Այս ցոյցին՝ նախորդէն տարբերութիւնը այն եղած է, որ առնուազն 15 անգամ նուազ մասնակից ունեցած է, այսինքն հազիւ հազար հոգի եւ նաեւ…բնականաբար անոր մասնակցած են ոչ նահանգապետը, եւ ոչ ալ ներքին գործոց նախարարը, ինչ որ պարագան էր անցեալ շաբթուան ատելութեան ցոյցին:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը