Հայաստանը կմասնակցի Նիս քաղաքում կայանալիք «Ֆրանսիախոսության օրվան»


Հայաստանը կմասնակցի Նիս քաղաքում կայանալիք «Ֆրանսիախոսության օրվան»

  • 17-03-2012 09:26:14   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Սեպտեմբեր 6էն 15՝ Նիս քաղաքը պիտի հիւրասիրէ ֆրանսախօսութեան 7րդ խաղերը: Այս հեռանկարով, Քաղաքապետարանը՝ հանրութիւնը նշեալ իրադարձութեան նախապատրաստելու նպատակով, որոշած է կազմակերպել շարք մը միջոցառումներ, ի շարս որոնց .Ֆրանսախօսութեան Օր» մը, որ տեղի կ?ունենայ Մարտ 17ին, Թէաթր տը Վէրտիւրի եւ Ժագ Գոթա հրապարակին վրայ, ուր պիտի հաստատուի «Ֆրանսախօս հինգ ցամաքամասեր»ու գիւղ մը, որ թոյլ պիտի տայ, ցամաքամաս առ ցամաքամաս՝ ներկայացնել անոնց մաս կազմող ֆրանսախօս երկիրները: Իւրաքանչիւր երկիր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ տեղական միութեան մը միջոցով, որ պիտի ունենայ տաղաւար մը, ուր պիտի ներկայացնէ իր երկրին մշակութային ժառանգութիւնը, աւանդութիւնները: Կարելի պիտի ըլլայ համտեսել նաեւ տոհմիկ ճաշատեսակներ: Պիտի ներկայացուին հետեւեալ երկիրները. Պուրքինա Ֆասօ, Սենեկալ, Նոր Գալետոնիա, Գափ Վէր, Թունուզ, Վիէթնամ, Մարոք, Ֆրանսա, Հայաստան, Մոնաքօ, Լիբանան, Ռումանիա, Զուիցերիա, Պելճիքա, Գանատա, Քէպէք, Նոր Պրոնսվիք, Մայոթ, Մատակասքար, Գամըրուն, Գոթ տ?Իվուար, Գոմորներ եւ ֆրանսական անդրծովեան կղզիներ: Զանազան երկիրներու պարի ներկայացումներ, երաժշտութիւն, տարազներու ցուցադրութիւն, մարզական ներկայացումներ իրարու պիտի յաջորդեն Թէաթր տը Վէրտիւրի հանդիսութեան ընթացքին: Հանդիսութիւնը կը սկսի ժամը 13.30-ին եւ կը տեւէ մինչեւ ժամը 18: Հայաստանը կը ներկայացնէ Նիսի «Համահայկական դաշնակցութիւն» միութիւնը: Միութեան պարի համոյթն ալ ելոյթ կ?ունենայ ժամը 16.45էն 18ի միջեւ: ՆՅ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը