Արամ Ա. Կաթողիկոսն ընդունեց Մարոնիթ եկեղեցու հոգեւոր Պետ Րաաի Պատրիարքին


Արամ Ա. Կաթողիկոսն ընդունեց Մարոնիթ եկեղեցու հոգեւոր Պետ Րաաի Պատրիարքին

  • 04-04-2012 13:55:07   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
3 Ապրիլ 2012-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մարոնիթ եկեղեցոյ հոգեւոր Պետ Րաաի Պատրիարքին փոխանորդ Փոլ Սայահ Արքեպիսկոպոսի այցելութիւնը: Պատրիարքը յատուկ պարտականութիւն տուած էր իր փոխանորդին Վեհափառ Հայրապետին այցելելու եւ լուսաբանութիւններ տալու Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ու յատկապէս հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան գծով Թուրքիոյ պետական պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած խօսակցութեան շուրջ: Պատրիարքական Փոխանորդ Սրբազանը նախ յայտնեց որ Րաաի Պատրիարք ջերմ ընդունելութեան արժանացած է Թուրքիոյ մէջ եւ հանդիպումներ ունեցած նախագահին, վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ կրօնական հարցերու պատասխանատու նախարարին հետ: Րաաի Պատրիարք իրեն համար պարտականութիւն նկատած է հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան հարցը արծարծելու իր հանդիպումներուն ընթացքին: Յիշեալ հարցի գծով ամէնէն երկար ու լուրջ խօսակցութիւնը տեղի ունեցած է վարչապետ Էրտողանի հետ: Վարչապետը յայտնած է Պատրիարքին, թէ «Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին, որպէս ստեղծուած կացութեան բնական հետեւանք, սպանութիւններ եղած են, ժողովուրդի տեղափոխութիւն կատարուած է, հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ պատմութեան այս շրջանը պատմաբաններուն կողմէ քննութեան ենթարկուի: Այս է մեր մօտեցումը: Մենք արդէն իսկ Հայաստանի պետութեան հետ այս գծով խօսակցութիւններ ունեցած ենք ու պիտի շարունակենք: Թուրքիան միշտ եղած է խաղաղութեան, արդարութեան ու կրօններու գոյակցութեան երկիր, ուր պետութիւն ու կրօն անջատ իրականութիւններ են. մարդկային իրաւունքները եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներն են որոնք կը կառավարեն Թուրքիան. այսօր Թուրքիան պատրաստ է պետութեան կողմէ բռնագրաւուած համայնքներու կալուածները վերադարձնելու:» Լսելէ յետոյ Պատրիարքական Փոխանորդին տուած բացատրութիւնները, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ կէտերը շեշտեց.– ա¤ Լիբանանը համայնքներու ամբողջութիւն մըն է. համայնքի մը ցաւին ու ուրախութեան պէտք է բաժնեկցին նաեւ միւս համայնքները: Ահա այս իմաստով Մենք մեծապէս գնահատելի կը գտնենք Րաաի Պատրիարքին նախաձեռնութեամբ հայկական հարցի արծարծումը Թուրքիոյ պետական պատասխանատուներուն մօտ: բ) Թուրքիոյ պետական պատասխանատուներուն ու յատկապէս վարչապետին կողմէ տրուած բացատրութիւնները հայկական Ցեղասպանութեան մասին, մեր ժողովուրդին ծանօթ են: Դժբախտաբար, նո՛յն մօտեցումը կը շարունակէ ունենալ Թուրքիան միջազգային շրջանակներէն ներս: Մօտեցում մը որ չի համապատասխաներ պատմութեան ու ճշմարտութեան: Պատմական փաստերը յստակօրէն ցոյց կու տան թէ պետական մաշտապով կատարուած ոճիր մըն էր հայ ժողովուրդին դէմ 1915ի Ցեպասպանութիւնը: գ) Ինչ կը վերաբերի բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձի հարցին, դժբախտաբար, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ առնուած որոշումը կը պատկանի 1939էն ասդին պետութեան կողմէ բռնագրաւուած համայնքապատկան կալուածներու: Ինչո՞ւ Թուրքիան աւելի ետ երթալով չի խօսիր 1915–1920–ական շրջանին բռնագրաւուած հայութեան պատկանող հազարաւոր եկեղեցապատկան կալուածներու մասին: Տակաւին չենք ակնարկեր անհատ հայերու կալուածներուն: Այս մասին ամիսներ առաջ յատուկ նամակ յղած ենք Թուրքիոյ վարչապետին, որ մնացած է անպատասխան: դ) Ինքն իր մասին Թուրքիոյ գովասանքը Մենք կը նկատենք բնական. սակայն, տարօրինակ կը գտնենք քարոզի ընթացքին Րաաի Պատրիարքին կողմէ կատարուած դրական արտայայտութիւնները Թուրքիոյ մասին (Պատրիարքական Փոխանորդը այս կէտին շուրջ ճշդում մը կատարեց ըսելով որ մամուլը սխալ կերպով անդրադարձած է Պատրիարքի խօսքին): Այս կէտին շուրջ է որ հայ համայնքին մօտ ընդվզում մը յառաջացած է, յայտնեց Վեհափառը: ե) Վեհափառը որպէս եզրակացութիւն, ըսաւ, թէ կարծէք Օսմանեան շրջանի վերադարձ մը տեղի կÿունենայ շրջանէն ներս՝ երբ Թուրքիան ինքն իրեն իրաւունք կու տայ միջամտելու արաբական երկիրներու հարցերուն, երբ արաբական աշխարահէն ղեկավարներ, ներառեալ լիբանանցիներ, յաճախակի այցելութիւններ կու տան Անգարա: Վեհափառը յայտնեց, որ պէտք չէ խաբուիլ ինքզինք մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, կրօններու գոյակցութեան ջատագով նկատող Թուրքիոյ կեղծ դիմակէն. անոր ետին կը գտնուի նո՛յն ջարդարար Թուրքիան:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը