Շիշլիի մարզական ակումբի 65 ամյակի ճաշկերույթը


Շիշլիի մարզական ակումբի 65 ամյակի ճաշկերույթը

  • 14-05-2012 17:50:25   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մեր համայնքի երկու մարզական ակումբներն ալ նշանակալից դերակատարութիւն ունին ընկերային ու մարզական ապրումներու տեսակէտէ եւ անոնցմէ Թաքսիմի Մարզական ակումբը իր 72ամէայ, իսկ Շիշլիի Մարզական ակումբը՝ 65 ամէայ անցէալով Իսթանպուլահայութէան նորագոյն պատմութէան օղակներէն մէկը կը հանդիսանան: Տակաւին երեք ամիս առաջ Թաքսիմի Մարզական ակումբը Ֆէրիգիւղի ?Նազար Շիրինօղլու? սրահին մէջ կազմակերպեց իր 70ամէակի ճաշկերոյթը, երէկ ալ Շիշլիցիներն է որ 65 ամէակի իրենց համայնքային ճաշկերոյթի առիթով Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ համախմբեցին ակումբի ընտանիքը, համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ու հրաւիրէալներ: Ներկայ էր նաեւ հայաստանցի ճատրակիստ Հրանդ Մելքումէան, որ կարեւոր ձեռքբերումներ ունի վերջին շրջանին եւ մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր հանդէս կ'ուգայ նաեւ Շիշլիի մարզական ակումբի ճատրակի խումբէն ներս« մասնակցելով խմբային մրցաշարքերու: 65ամէակի ճաշկերոյթը սարքուեցաւ ?Պէզճէան Ամիրայ? սրահին մէջ եւ մօտաւորապէս 250-300 հրաւիրէալներ մէկտեղուեցան կլոր սեղաններու շուրջ: Հաւաքոյթի բացման խօսքը արտասանեց Տիկին Նաժտայ Շատէան« որ ողջունեց հիւրերը ու շնորհակալութիւն եայտնեց Շիշլիի Քաղաքապետ Մուսթաֆայ Սարըկիւլին՝ մարզակումբի նկատմամբ իր ցուցաբերած զօրակցութէան համար, Եւրոմիութէան Աւագ Բանագնաց, Նախարար Էկէմէն Պաղըշին, Մայր Քաղաքապետ Գատիր Թօփպաշին, որոնք ներկայ չէին« սակայն շնորհաւորական նամակներ ղրկած էին: Յետոյ ակումբի գործունէութէան մասին արտայայտուեցաւ վարչութէան Ատենապետ Պր. Գարուն Գովան: Ան ընդգծեց թէ իրենց մարզակումբը 1946էն ի վեր բազմաթիւ մարզիկներ հասցուցած է զանազան ճիւղերէ ներս: Ներկայիս ակումբէն ներս կը գործեն երեք մարզադպրոցնէր՝ ճատրակի, ցանցագնդակի ու կողովագնդակի մարզաձեւերով: Մարզիկներէն մէկ մասը կը մարզուի Պաքըրգիւղի Տատէան վարժարանի մարզասրահին մէջ, ուրիշներ՝ ակումբի կեդրոնատեղիին մէջ, մարզանքը դարձնելով իրենց ընկերային ապրումներու կեդրոն ու առօրէայ կ'էանքի կարեւոր մէկ մասնիկ: Պր. Գովան իր խօսքի աւարտին եայտնեց թէ 65ամէակի առիթով Ակումբի վարչութէան անունով իւշանուէրներ պատրաստուած էին բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց նպաստը բերած էին 65ամէակի ձեռնարկներուն: Այսպէս կարգաւ բեմ հրաւիրուեցան ու ներկաներու ծափահարութիւններու ներքեւ պարգեւատրուեցան Ալեքս Գարագուլաքէան, Շահնուր Գազանճը, Ղազարոս Ունան, Նաժտայ Շատէան, Սեւան Չաւուշէան, Տայք Միրիճանէան, Սէլմայ Իսքէնտէրէօզ, Արի Տէմիրճիօղլու, Իրմա Փոլատ ու Թոլկայ Պըյըքլը: Յետոյ ներկանէր մինչեւ գիշերուայ ուշ ժամերը զուարճացան երգիչ Արիի ու իր նուագախումբի հեշտալուր երաժշտութէան ընկերակցութէամբ: Տրուած ըլլալով որ երէկ Մայրերու օր էր, փոքրիկ նուէրներ եանձնուեցան հաւաքոյթին ներկայ խումբ մը կիներու: 65ամէակի ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ գիշերուայ ուշ ժամեր եւ ներկանէր սրահէն բաժնուեցան նորանոր եաջողութիւններ մաղթելով ակումբի մարզիկներուն ու պատասխանատուներուն: «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը