՚ Տէրսիմցի Հայերի Միության նախագահ Միհրան Փրկիչի ցնցող հայտարարությունները


՚ Տէրսիմցի Հայերի Միության նախագահ Միհրան Փրկիչի ցնցող հայտարարությունները

  • 15-05-2012 13:49:43   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՏԷՐՍԻՄԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ 75 ՏՈԿՈՍԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱԳՈՒՄ ՈՒՆԻ: «Հապէր Վաքթիմ» կայքէջի վրայ հրատարակուած է Տէրսիմցի Հայերու Միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչի հետ կատարուած տեսակցութիւն մը: Փրկիչ նախապէս մահմետական ըլլալով հանդերձ աւելի վերջ իր անունն ու կրօնքը փոխած է, վերադարձած է Հայութեան ու հիմնած է Միութիւն մը: Ան հետաքրքրական յայտարարութիւններ ըրած է Տէրսիմցիներու մասին, ըսած է որ Տէրսիմցիներու 75 տոկոսը հայկական ծագում ունի: Հայկական ծագում ունի նաեւ Ճէ-Հէ-Փէի ղեկավար Գըլըճտարօղլու, որ սակայն կուրանայ իր ծագումը: Ժողովուրդը ?գաղտնի հայեր? կը կոչէ այն հայրենակիցները, որոնք հայկական ծագում ունին ու կը թաքցնեն, որոնք մահմետականներու նման կապրին: Ասոնք նախապէս կը թաքցնէին իրենց հայկական ծագումը, սակայն հիմա այլեւս թաքցնելու պահանջք չեն զգար: Եկեղեցւոյ մէջ կը մկրտուին եւ Քրիստոնեայ կը դառնան: Իրենց թրքական անուններն ալ կը փոխեն ու կառնեն հայկական անուններ: Մկրտուելով հայութեան վերադարձող այս հայրենակիցները «Տէրսիմցի հայեր» անուն միութիւն մըն ալ հիմնեցին: Միութեան նախագահն է Միհրան Փրկիչ, որ երկու տարի առաջ կրօնափոխ եղած է արդէն, իր Սիւլէյման անունը փոխած է ու առած է Միհրան Փրկիչ անունը: Միհրան Փրկիչ «Ագիտ» թերթի աշխատակից Ֆաթիհ Ագգայային հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ որ ինք ներկայիս կոչ կընէ որպէսզի գաղտնի հայերը այլեւս վերադառնան իրենց բուն ինքնութեան եւ հրապարակեն թէ հայ են£ Առաջ կը վախցուէր, բայց հիմա վախնալու բան չկայ: Միհրան Փրկիչ կþըսէ որ իրենց Միութիւնը 70 անդամներ ունի: Իսկ այն հարցումին թէ Թուրքիոյ մէջ որպէս մահմետական երեւցող հայերուն թիւը ի՞նչ է, Փրկի կուտայ հետեւեալ պատասխանը՝ ?Մենք չենք կրնար ըսել: Մենք կուզենք որ մարդիկ իրենք հրապարակեն առանց վախնալու, մէջտեղ թող ելլեն: Օրինակ Տէրսիմի ժողովուրդին 75 տոկոսը հայկական ծագում ունի: Ասոնց մէկ մասը Ալէվի դարձած է, մէկ մասն ալ Քիւրտ: Այլեւս իրարու խառնուած են: Մեր նպատակն է ապահովել որ Տէրսիմի մէջ ապրող եւ հայկական ծագում ունեցող հայերը ազատօրէն հրապարակեն իրենց պատկանելիութիւնը եւ ժամադրուին իրենց ազգային մշակոյթին հետ: Փրկիչ ըրաւ նաեւ հետեւեալ ցնցիչ դիտողութիւնը՝ «Եթէ Տէրսիմ ըսուի, այժմ ամէնէն առաջ կը յիշուի Ճէ-Հէ-Փէի Ընդհանուր Նախագահ Քէմալ Գըլըճտարօղլուն: Շատ յստակ է որ Գըլըճտարօղլուի մայրը հայ է: Բայց Գըլըճտարօղլու կը նախընտրէ մերժել այս կէտը: Ինչպէս որ կը մերժէ նաեւ որ Քիւրտ է: Մինչդեռ Տէրսիմի մէջ ամէն մարդ գիտէ այս ճշմարտութիւնը: Գըլըճտարօղլուի ծննդավայրը Նազիմիյէ հայաբնակ վայր էր: Արդարեւ անոր մօր անունը՝ Էմոշ է: Եմոշ ըսողներ ալ կան: Գըլըճտարօղլու ասիկա ուրանալով կը նախատէ իր մայրը: Երբ լրագրողը հարցուց թէ Գըլըճտարօղլուի հետ բնաւ խօսեցա՞ն որպէսզի զայն հրաւիրեն իր ծագումը բացէ ի բաց յայտարարելու, Փրկիչ պատասխանեց որ այդպիսի պահանջք մը չզգացին, որովհետեւ Գըլըճտարօղլու արդէն կուրանայ: Միհրան Փրկիչ խօսեցաւ նաեւ Ճէ-Հէ-Փէի Տէրսիմցի երեսփոխան Հիւսէյին Այկիւնի մասին եւ ըսաւ որ այս անձը շատ ջերմ մերձեցում ունի հայերու նկատմամբ: Իր մասին ինք բան մը ըսել պիտի չուզէ, Այկիւն ի վիճակի է ինքզինք արտայայտելու: Հա՞յ է, թէ ոչ, ինքը պէտք է ըսէ: Իսկ մենք շատ լաւ գիտենք թէ ո՛վ հայ է, ով չէ: Ո՞ր ցեղախումբերը հայկական են, եւ որ ցեղախումբերը հայկական չեն: Կարեւորը իրենց արտայայտուիլն է: Միհրան Փրկիչ երկար տարիներ աշխատեր է Պէ- Տէ-Փէի շարքերէն ներս եւ այժմ կը պնդէ թէ այս կուսակցութեան շարքերէն ներս հայերու ներկայութիւն մը կայ: Բոլոր այն տեղերը ուր 1923էն առաջ հայեր կապրէին, այդ տեղերու մէջ Պէ-Տէ-Փէ միշտ քուէներու առաւելութիւն շահած է: Օրինակ Սասունի մէջ,կամ Վանի մէջ: Այս քաղաքները, որոնք հայաբնակ էին, իրենց քուէները տուած են Պէ-Տէ-Փէին: Ինք ալ 15 տարի ծառայեր է Պէ-Տէ-Փէի եւ Հատիփի մէջ: Ըստ Միհրան Փրկիչի, Պէ-Տէ-Փէցիները մեծ յարգանք կը ցուցաբերեն հայերու նկատմամբ եւ կընդունին որ անիրաւութիւններ գործուած են հայերու: Միայն թէ կրօնամոլ Քիւրտերը չեն ուզեր մերձենալ Հայերու: Անոնք շատ կրօնամոլ են եւ Հայերուն մէջ կը շարունակեն տեսնել ?կեավուր?ներ: «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը