Արի Էտիրնեն փայլուն հաջողություն ունեցավ Անկարայում


Արի Էտիրնեն փայլուն հաջողություն ունեցավ Անկարայում

  • 05-06-2012 15:04:44   |   |  Մշակոյթ
Յայտնի ու սիրուած թէնոր Արի Էտիրնէ փայլուն յաջողութեամբ կատարեց Անգարայի Պետական Օփէրայի բեմին վրայ Մոցարդի «Պալատէն Աղջիկ Առեւանգել» օփէրայի գլխաւոր դերերէն Փէտրիլլոյի դերը։ Օփէրան բեմադրուած էր Եքթա Գարայի կողմէ, նուագախումբի ղեկավարն ալ Րէնկիմ Կէօքմէնն է։ Արի Էտիրնէ Օփէրայի նշանաւոր աստղերուն ընկերակցութեամբ գլուխ հանեց իր գլխաւոր դերը։ Արի Էտիրնէ պիտի մասնակցի նաեւ Օփէրայի Ռուսաստանի շրջապտոյտին, որու ընթացքին բեմ պիտի ելլէ նոյն դերով։ Կը կարծենք որ քաղաքիս մէջ ալ առիթը պիտի ունենանք Արի Էտիրնէի այս դերակատարութիւնը ըմբոշխնելու, քանի որ Իսթանպուլի Միջազգային Օփէրայի Երրորդ Փառատօնի ընթացքին ան դարձեալ պիտի կատարէ այս դերը։ «Մ»
  -   Մշակոյթ