Թուրք լրագրողի տպավորությունները Երևանից


Թուրք լրագրողի տպավորությունները Երևանից

  • 12-06-2012 15:16:41   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Գերմանական Հիմնարկի մը ու Թուրքիոյ ԹԷՍԷՎ հիմնարկի կողմէ միասնաբար կազմակերպուած շրջապտոյտով մը Թուրք բազմաթիւ ակադեմականներ, ուսանողներ, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ, որոնք ցարդ բնաւ Հայաստան չէին գացած, գացին Երեւան։ Մասնակցող երկու լրագրողներէն մէկն ալ «Վաթան»ի աշխատակից Ուղուր Գոչպաշն էր, որ «Վաթան»ի մէջ հրատարակած է ընդարձակ յօդուած մը։ Լրագրող Գոչպաշ Երեւանի մէջ առիթը ունեցաւ մասնակցելու բազմաթիւ կլոր սեղաններու ու խօսելու Հայաստանի ակադեմականներուն հետ։ Ան ունի հետեւեալ տպաւորութիւնները. Հայաստանի ժողովուրդին 60 տոկոսը կուզէ որ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական կապեր հաստատուին առանց նախապայմանի։ Այսինքն Աղրը Լերան միւս կողմին հետ հաշտուելու ժամը շատ հեռու չէ։ Հայաստան երկիր մըն է որ բնաւ ծով չունի։ Իր դրացիներուն հետ ալ չունի լաւ յարաբերութիւններ։ Ղարապաղեան հարցի պատճառաւ որեւէ կապ չունի Ատրպէյճանի հետ։ Սահմանին վրայ բախումներն ալ պակաս չեն։ Երբ Երեւան կը գտնուէինք, արդէն սպաննուած էին հինգ ազերի զինուորներ, ինչ որ գաղափար կուտար կացութեան մասին։ Թուրքիոյ հետ ալ սահմանը փակ է 1993-էն ասդին։ Հայաստանի միակ դուռը Վրաստանի վրայով է։ Թուրքիոյ հետ կատարուած առեւտուրն ալ կը կատարուի այդ երկրին վրայէն։ Հայաստանի բնակչութիւնը 3,2 միլիոն է, ազգային եկամուտն ալ 10,1 միլիառ տոլար, կը նշանակէ որ Հայաստանի տնտեսութիւնը Թուրքիոյ տնտեսութենէն 77 անգամ պզտիկ է։ Անձ գլուխ եկամուտն ալ Թուրքիոյ անձ գլուխ եկամուտէն եռապատիկ քիչ է։ Հայաստան իր ներածումին 6 տոկոսը Թուրքիայէն կընէ, ատոր փոխարէն Թուրքիա կարտածէ իր արտածումին հազիւ մէկ տոկոսը։ Հակառակ որ եղբայրական Ատրպէյճանը մեզմէ վիզա կը պահանջէ, Հայաստան երթալու համար կը բաւէ որ Երեւան իջնելէ վերջ ձեր անցագիրը ցոյց տաք ու 15 տոլար վճարէք։ Արդէն կը ստանաք մուտքի վիզան։ 21 օր մնալու արտօնութիւն կունենաք, բայց եթէ կանանչ անձնագիր ունիք այդ պարագային կացութիւնը տարբեր է։ Այդ պարագային պէտք է որ վիզայի դիմում կատարէք Թիֆլիսի հայոց դեսպանատուն։ Բնականոն անձնագիր ունեցողներու համար զբօսաշրջիկներու պտոյտի ընթացքին որեւէ հարց չկայ։ Երեւանի փողոցներուն մէջ դուք ձեզ օտար չէք զգար, նոյնիսկ եթէ Երեւանէն ըստ բախտի 100 հոգի առնէք եւ զանոնք դնէք Իսթանպուլի մէջ պողոտայի մը վրայ ո՛չ մէկը կըսէ թէ ասոնք մեզմէ տարբեր մարդիկ են։ Երկու երկիրներու խոհանոցներն ալ շատ կը նմանին իրարու։ Բայց կը յանձնարարեմ որ անգամ մըն ալ Երեւանի մէջ համտեսէք այն տոլմայի տեսակները որոնք Թուրքիոյ մէջ ալ նշանաւոր են։ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՄԸ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ Ամէն մարդ կը հարցնէ թէ հոնտեղինները ի՞նչպէս կը նային թուրքերուն։ Մենք ոչ մեր հանդիպումներուն ընթացքին, ոչ ալ գիշերային ակումբներու մէջ զբօսնելու ընթացքին որեւէ հակազդեցութիւն չտեսանք երբ ըսինք որ թուրք ենք։ Միայն թէ Էջմիածնի Մայր տաճարի պարտէզին մէջ երեք մանուկներ, 9-10 տարեկան, մեզի մօտեցան որպէսզի յուշանուէր ծախեն։ Անոնք յանկարծ իրենց աչքերը խոշոր բացին երբ իմացան որ թուրք ենք եւ անոնցմէ երկուքը խոյս տուին առանց ետեւ նայելու։ Իսկ երրորդը մեզի ցոյց տուաւ իր բռունցքը։ Մենք ըսինք որ հոս բարեկամանալու համար է որ եկած ենք, այն ատեն մանուկը իր ձեռքը երկարեց։ Հայաստանի մէջ ժողովուրդը խորապէս կապուած է Աղրը լերան, այսինքն՝ Արարատին։ Երեւանի մէջ ամէն անգամ որ ձեր գլուխը կը բարձրացնէք Երեւանը կը տեսնէք։ Արարատը հայերու համար կը նշանակէ դուռ մը դէպի իրենց պապերուն հողերը։ Հայերը այնպէս մը կապուած են Աղրը լերան, որ կը զարմանաք։ Ճաշարան կերթաք, անունը Արարատ է, երկրին ամէնէն նշանաւոր խմիչքը կը կոչուի Արարատ, մարզադաշտ մը կը տեսնէք, այդ մարզադաշտը ո՞ր խումբին կը պատկանի կը հարցնէք, պատասխանը դարձեալ Արարատ է։ Փողոցը քալելու ընթացքին դրամատան գործիք մը կը տեսնէք, վրան գրուած է »Արարատ Պանք«։ Հայաստանի մէջ գրեթէ ամէն մարդ ֆութպոլի քաղաքականութեան մասին յիշեցում կþընէ։ Թուրքիոյ հետ մերձեցման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նոր յոյս մը ստեղծուած էր երբ նախագահ Սարգսեան Երեւան հրաւիրած էր նախագահ Կիւլը, բայց յաջորդող օրերուն փրոթոքոլներու խնդիրը ամէն ինչ կործանեց։ Հայաստանի մէջ շատեր կը հաւատան որ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցիլը կը դիւրացնէ յարաբերութիւններու հաստատումը։ Հակառակ ատոր Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ անդամակցութեան կողմնակիցները միայն երկու տոկոս կը կազմեն։ Հայերուն 69 տոկոսը կը մտածէ որ թուրքերը իրենց մասին ժխտական կարծիք ունին։ ԵՒ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՁԱՅՆ ՄԸ- »ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ՎՃԱՐԵՑԷՔ, ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒՑԷՔ ՎԵՑ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ« Երեւանի մեր այցելութեան ամէնէն հետաքրքրական շփումներէն մէկը կայացաւ Դաշնակցութեան արտաքին գործերու ընդհանուր քարտուքար Կիրօ Մանոյեանի հետ։ Մանոյեան ըսաւ որ պատրաստ են Թուրքիոյ հետ դարձեալ կապ հաստատելու։ Այն ատեն ես ալ հարցուցի թէ այսպիսի մերձեցում ի՞նչպէս կþըլլայ եթէ ամէն 24 Ապրիլին ձեր կուսակցութեան կողմնակից մը կը հրկիզէ թրքական դրօշակը։ Մանոյեանի պատասխանը շատ անկեղծ էր։ Ըսաւ որ Դաշնակցութեան կուսակցական քաղաքականութեան մէջ դրօշակ հրկիզել չկայ եւ իրենք կողմնակից են առանց նախապայմանի հաստատել դիւանագիտական կապեր։ Միայն թէ ան աւելցուց այն պահանջքները, որոնք պէտք է յաջորդեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման։ 1_ Ճանչցէք ցեղասպանութիւնը 2_ Մահացած հայերուն համար հատուցում վճարեցէք 3_ Մեզի վերադարձուցէք այն վեց նահանգները ուր հայերը կը բնակէին տեղահանութենէն առաջ։ Եթէ նկատի առնուի այսօրուան աշխարհագրութիւնը, վերոյիշեալ վեց նահանգները կþընդգրկեն հետեւեալները. Էրզուրում, Էրզինճան, Աղրը, Վան, Հագգարի, Պիթլիս, Մուշ, Շըրնաք, Պաթման, Սղերդ, Տիյարպաքըր, Մարտին, Էլազըղ, Մալաթիա, Պինկէօլ, Սվաս, Ամասիա, Թոքատ եւ Կիրէսունի մէկ մասը։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը