Հարցազրույց՝ Երուսաղեմի և Պատրիարքության Նահապետ Մելքոնյանի հետ


Հարցազրույց՝ Երուսաղեմի և Պատրիարքության Նահապետ Մելքոնյանի հետ

  • 07-07-2012 09:24:41   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Հարցում.− Բոլորիս ծանօթ է, որ Պատրիարք Հայրը՝ մահաքունի մէջ, Յունուարէն ի վեր հիւանդանոցը կը գտնուի: Տեղեա՞կ էք Պատրիարքին առողջական վիճակէն: Պատասխան.- Յունուար 19ին Ամենապատիւ Պատրիարք Հայրը անգիտակից վիճակի մէջ տեղափոխուած էր հրէական ,Հատասաե հիւանդանոցը, ի հետեւանք թոքատապի եւ ուղեղային կաթուածի: Ներկայիս Պատրիարք Հայրը կր գտնուի Երուսաղէմի Հին քաղաքին մօտ, Ֆրանսիսկեան միաբանութեան պատկանող հիւանդանոցը, որ նաեւ օժտուած է արդիական բոլոր յարմարութիւններով: Սակայն դժբախտաբար Պատրիարք Հօր վիճակը, ո՛չ մէկ բարելաւում արձանագրած է: Տեղեակ ենք, որ Պատրիարքը մահաքունի մէջ է ու այլեւս անկարող է լսելու, խօսելու եւ յիշելու, կրկին... ուղեղային ծանր տագնապի հետեւանքով: Ըսեմ նաեւ, որ միաբաններ կարգով կ?այցելեն Պատրիարք Հօր, կ?աղօթեն, հարկ եղած խնամքը կը կատարեն, եւ կը հետեւին իր առողջական վիճակին: Հ.− Ի՞նչպէս կը կառավարուի Պատրիարքութիւնը այսօր: Պ.- Ս. Աթոռի Տնօրէն ժողովը, 2012 Յունուար 30ին, յատուկ ժողով գումարելով, Պատրիարքական Փոխանորդ նշանակեց Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը՝ վարելու համար Պատրիարքարանի առօրեայ գործերը: Հ.− Իսկ այս վիճակը որքա՞ն կրնայ գոյատեւել: Պ.- Բնականաբար ոչ երկար: Եթէ Նոյեմբեր 2010ին, չորսօրեայ ժողովին ընթացքին, անմիջապէս պատրաստուէր նախագիծ մը, քննարկուէր ու վաւերացուէր, միաբանութիւնը պիտի կարենար ընտրել Աթոռակից Պատրիարք մը, եւ այսօր այս վիճակին կամ մտահոգութիւններուն պիտի չմատնուէր մեր դարաւոր Պատրիարքութիւնը: Սակայն տեղեակ ենք, որ վերջերս՝ Յունիս 15ին, կայացաւ տեղական Միաբանական ժողով մը, իսկ արտասահման գտնուող միաբանները առիթը ունեցան զիրենք յուզող հարցերը ներկայացնելու գրաւոր, առ ի քննարկում: Հ.− Պատրիարքական ընտրութեան հարց կա՞ր օրակարգին վրայ: Պ.- Միաբանական ժողովի օրակարգէն տեղեակ չենք: Սակայն ընդհանուր կարծիք մը կար, որ պէտք է սպասել մինչեւ Յունուար 2013, այսինքն՝ Պատրիարք Հօր առողջական վիճակին վատթարացումէն տարի մը ետք: Այդ թուականին, երեք տարբեր բժիշկներու քննութեան արդիւնքով, եթէ հաստատուի, որ Պատրիարք Հօր վիճակը երբեք չի բարելաւուիր, Միաբանութիւնը, Ընդհանուր ժողով գումարելով, կրնայ հանգստեան կոչել Ս. Աթոռին ներկայ գահակալը եւ ընտրել նոր Պատրիարք մը: Այս որոշումը ընդունուեցաւ սոյն ժողովին: Հ.− Տեղեա՞կ էք արդեօք, թէ յաջորդ Միաբանական Ընդհանուր ժողովը ե՞րբ պիտի գումարուի: Պ.- Իմացանք, որ յաջորդ Միաբանական Ընդհանուր ժողովը, կամօքն Աստուծոյ՝ նախատեսուած է Յունուար 2013ին: Ծրագրուած է, որ բոլոր միաբան անդամները հրաւիրուին Երուսաղէմ թէ՛ մասնակից ըլլալու Ս. Ծննդեան արարողութիւներուն եւ թէ գումարուելիք Ընդհանուր ժողովին: Հ.− Այլ տարբերակներ գոյութիւն ունի՞ն: Պ.- Այո՛… օրինակ, կարելի էր անմիջապէս Միաբանական Ընդհանուր ժողով գումարել եւ ընտրել Տեղապահ մը: Տեղապահին պարտականութիւնը պիտի ըլլար նախապատրաստական աշխատանքները կատարել նոր Պատրիարքի մը ընտրութեան, համաձայն Միաբանական Ընդհանուր ժողովին առնուած որոշումներուն: Ապա, կրկին հրաւիրել միաբանութեան բոլոր անդամները Ընդհանուր ժողովի մը՝ ընտրելու համար նոր Պատրիարք մը: Սակայն միաբանութիւնը նախընտրեց Պատրիարք Հօր ապաքինման սպասել եւ չաճապարել, ի՛նչ որ ճիշդ է եւ գնահատելի: Սակայն ինչպէս յիշեցի Տնօրէն Ժողովը, յարմար նկատեց նաեւ տարւոյս սկիզբը Պատրիարքական Փոխանորդ նչանակել Լուսարարապետ Սրբազանը վարելու Պատրիարքարանի գործերը: Հ.− Նկատի առնելով ներկայ իրավիճակը՝ արդեօք թեկնածուներու ցանկ մը առկա՞յ է: Պ.- Առ այսօր, թեկնածուներու ցանկ չկայ: Գիտենք, սակայն, որ Լուսարարապետը՝ Նուրհան Արք. Մանուկեանը ի պաշտօնէ թեկնածու է: Հ.− Որո՞նք կրնան թեկնածու ըլլալ: Պ.- Երուսաղէմի միաբան ամէն եպիսկոպոս կամ վարդապետ թեկնածու կրնայ ըլլալ: Հ.− Ի՞նչ արժանիքներու տէր թեկնածու մը կը նախատեսուի: Պ.- Յատուկ գրաւոր օրէնք մը կամ պայմաններ չկան: Սակայն նկատի կ?առնուին թեկնածուին յատկութիւնները: Այս պարագային՝ Ս. Ուխտին իր հաւատարմութիւնն ու վանքէն ներս իր ունեցած ծառայութեան վաստակը եւ մանաւանդ եկեղեցագիտական, աստուածաբանական, վարչական, եւ դիւանագիտական կարողութիւնները: Հ.− Իսկ ամենէն կարեւորը… մեր Տիրոջ եւ հոգեւոր կեանքի նուիրո՞ւմը եւ ուղղափառ դաւանութեան յատկութի՞ւնը… Պ.- Ցաւոտ հարց կու տաք։ Սակայն մէջբերեմ երջ. Թորգոմ Գուչակեան Պատրիարքի հետեւեալ խօսքը. ,Անոնք որ կրնան Աստուծոյ նայիլ, ու անոր խորհուրդին լոյսովը ներքնապէս պայծառանալ, անոնք միայն կրնան իրենց նայուածքին սրբութեամբը մաքրել եւ պայծառակերպել ուրիշներուն հոդիներըե: Հ.− Վերադառնանք թեկնածուներուն: Սփիւռքի տարածքին բազմաթիւ առաջնորդներէն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներէն, արդեօք տեղեա՞կ էք ոեւէ մէկուն թեկնածութեան ձգտումէն: Պ.- Երուսաղէմի պարագային՝ որպէս Նուիրապետական Աթոռ, միայն Երուսաղէմի Ս. Ուխտի միաբան մը կրնայ թեկնածու ըլլալ: Սփիւռքի տարածքին կան Սուրբ Ուխտի միաբան առաջնորդ եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Օրինակ, Աւստրալիոյ Առաջնորդ՝ Աղան Արք. Պալիոզեանը, ԱՄՆ-ու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որոնք իրենց վաստակով կը նկատուին թեկնածուներ: Սակայն ցարդ՝ թեկնածութեան մասին խօսք չկայ: Հ.− Սակայն Երուսաղէմի Ս. Աթոռին միաբանութեան մաս չկազմող եպիսկոպոսներ, գահակալած են Նուիրապետական Առաքելական Աթոռին: Պ.- Միաբանութեան Ընդհանուր ժողովի որոշումով եւ հրաւէրով անոնք նախ րնդունուած էին Երուսաղէմի Ս. Ուխտին անդամ, ապա ընտրուած՝ Պատրիարք: Հ.− Դուք՝ որպէս սաղիմահայ, ու սաղէմի եւ Պատրիարքութեան հարցերու անշահախնդիր, նուիրուած, գիտակից եւ լաւածանօթ անձ՝ կը նախընտրէ՞ք ոեւէ հոգեւորական: Պ.- Հետաքրքրական հարցում կ?ուղղէք: Սակայն, այսպէս պատասխանեմ: Ինծի համար չափանիշ մը կայ Ս. Աթոռին համար: Նախ, ամէն բանէ առաջ՝ ընդունինք, որ ա՛յս առաջնորդութիւն մը չէ, այլ՝ Պատրիարքութիւն է, վանք մըն է... դարաւոր հաստատութիւն մը, ուր դարեր շարունակ ապրած են վանականներ, եւ մինչեւ օրս ալ կայ ,վանականե կեանք. ի՜նչ փոյթ եթէ տժգունած է այդ հոգեւոր կեանքր այսօր: Անձնական կարծիքս է, որ Ս. Աթոռին գահակալը պէտք է փոքր տարիքէն եկած եւ ուսանած ըլլայ Երուսաղէմ, ծանօ՛թ ըլլայ Սուրբ Ուխտի հոգեւոր կեանքին, սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն, Երուսաղէմի պատմութեան, Երուսաղէմի Ս. Աթոռին իրաւասութիւններուն, հասարակաց սրբավայրերու մեր իրաւունքներուն, աւելին՝ ժողովուրդի մշակոյթին, սովորութիւններուն, կենցաղին, ըլլան անոնք հայ, արաբ, կամ հրեայ, քրիստոնեայ կամ մահմետական: Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը, որ եկամտաբեր կալուածներ ունի Իսրայէլի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի մէջ, նշեալ երկիրներու Հայութեան հոգեւոր առաջնորդը կը հանդիսանայ: Տակաւին, Հայոց Պատրիարքութիւնը, Յոյն եւ Լատին պատրիարքութեանց հետ պահապանն է Սուրբ Երկրի սրբատեղիներուն եւ առ այդ՝ հարկ է լաւ յարաբերութիւններ մշակել վերոյիշեալ բոլոր Պետութեանց եւ յարանուանութիւններուն հետ: Սակայն, այս բոլորէն վեր ինչպէս ըսի... ինծի համար չափանիշ մը կայ: Հարկ է նկատի ունենալ տուեալ թեկնածուին աստուածաշնորհ տաղանդն ու կարողութիւնը... այլ խօսքով, անոր աստուածաբանական, դաւանական, եկեղեցագիտական եւ մանաւանդ Քրիստոսաբանական հարցերուն ծանօթութիւնը, չըսելու համար հմտութիւնը: Ու անշուշտ, այս բոլորին հետ, անոր վարչական, տնտեսական եւ դիւանադիտական կարողութիւնները: Գիտեմ, որ դժուար պահանջներ են... սակայն Երուսաղէմի դարաւո՛ր Առաքելական Սուրբ Աթոռի գահակալի մասին է խօսքը, որ հեղինակութիւն ունի Ս. Քաղաքին մէջ, թէ՛ իր վայելած առանձնաշնորհումներով, եւ թէ՛ միջազգայնօրէն, երբ հարցը կը վերաբերի Ս. Քաղաքին եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ: Այսօր, դժբախտաբար կա՛յ նաեւ մետալին միւս կողմը՝ օրինակ միաբաններ կան, որոնք հազիւ տարի մը կամ երկու տարի ծառայելէ ետք, մեկնած են վանքէն եւ այո՛ թէպէտ տարիներով ծառայած են Հայց. Եկեղեցւոյ, սակայն իրենց իսկ բառերով ,վանական կեանք ապրիլ չեն սիրերե, ինչպէս խոստովանած են մտերիմներու: Ահա թէ ինչո՛ւ կ?ըսեմ, թէ ինծի համար չափանիշ մը կայ: Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը, որպէս Առաքելական Աթոռ, կարեւոր դեր ունի մեր կեանքին մէջ: Երուսաղէմը ծառայութեան վայր է, վա՛նք է բառին իսկական առումով, ուր հոգեւոր կեանքը, մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը հարկ է վերածաղկի իր փառքի օրերուն նման: Մաղթանքս է, որ միաբանութիւնը աղօթքի զօրութեամբ, իր մէջ ուժ կը գտնէ Ս. Աթոռին արժանաւոր գահակալ մը ընտրելու: Հ.− Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այսօրուան իրավիճակը երեք կարեւորագոյն Պետութեանց եւ յարակից Պատրիար−քութեաեց հետ: Պ.- Պատրիարքութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու համար թէ՛ մեր յիշած երեք Պետութեանց, եւ թէ բոլոր յարանուանութիւներուն հետ: Պատրիարք Հօր յառաջացած տարիքին պատճառաւ, Լուսարարապետ Նուրհան Արք. Մանուկեանը հետամուտ է այս աշխատանքին: Յունաց Պատրիարքութեան հետ միշտ ալ ունեցած ենք անհամաձայնութիւններ եւ վէճէր եւ վերջին տարիները բացառութիւն մը չկազմեցին: Ուրախ ենք, որ Նուրհան Սրբազան յաջողեցաւ բարելաւել իրավիճակը, որուն որպէս արդիւնք՝ Յունաց Պատրիարքը իր միաբանութեան անդամներով պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Հայոց Պատրիարքութեան, շնորհաւորելով Հայոց Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը: Հ.- Ներկայ իրավիճակը նկատի ունենալով, երբ Պատրիարք Հայրը տակաւին կենդանի է, կը կարծէ՞ք թէ Իսրայէլի Պետութիւնը կը վաւերացնէ նոր Պատրիարքի ընտրութիւնը: Օրինակ... Պոլսոյ Պատրիարքութեան պարագային, Թուրքիոյ կառավարութեան յարուցած հարցը: Պ.- Ես անձամբ չեմ կարծեր, որ նման դժուարութիւններու կրնանք հանդիպիլ, մանաւանդ որ ընտրութիւնը ծրագրուած է կատարել երեք բժիշկներու քննութենէն ետք: Երկրորդ՝ Յորդանանի Հաշիմական Թագաւորութիւնն է, որ Երուսաղէմի ընտրեալ Պատրիարքին կը շնորհէ Պատրիարքական հռչակագիրը, ծանօթ՝ ֆէրման անունով: Հ.− Իսկ որեւէ ծրագիր նախատեսուա՞ծ է Երուսաղէմի ներկայ կանոնադրութիւնը բարեփոխելու եւ այժմէականացնելու՝ մերօրեայ հրամայականներուն պատշաճեցնելու համար: Պ.- Այո՛: Նոյեմբեր 2010ին կայացած միաբանական Ընդհանուր ժողովին քննարկուեցաւ այս յոյժ կարեւոր հարցը: Միաբանութիւնը ընտրեց Կանոնադրութեան նոր յանձնախումբ մը՝ բարեփոխելու համար Սուրբ Աթոռին կանոնադրութիւնը յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին: Կը սպասուի, որ յառաջիկայ Ընդհանուր ժողովը նաեւ քննարկէ առաջարկուած անհրաժեշտ բարեփոխումները: Հ.− Եւ վերջապէս, ի՞նչպէս կ?ուզէք եզրափակել այս հարցազրոյցը: Պ.- Մենք միայն կրնանք ամենայն բարին ցանկալ Ա. Աթոռին, Միաբանութեան եւ աղօթել Ամեն. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար: Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը կը դիմագրաւէ դժուարին օրեր: Դարաւոր այս հաստատութիւնը խիստ կարիքը ունի բարեկարգումի եւ վերածաղկումի: Կարիքը ունի ատակ հոգեւոր դաստիարակներու… հոգեւոր նոր սերունդ հասցնելու համար: Պատրիարքութիւնը իր կարգին կարիքը ունի փորձառու եւ տարբեր բնագաւառներու՝ վարչական, կալուածներու, տնտեսական, դիւանագիտական, եւլն. մէջ մասնագիտացած մարգոց: Լաւատես ենք, որ այս դժուարին օրերը կը յաղթահարենք: Մեր որդիական սէրը, հաւատարմութիւնն ու նուիրումը՝ հանդէպ Ս. Աթոռին եւ Պատրիարքութեան, կը մնան անխախտ, թէկուզ ո՛վ ալ ընտրուի Պատրիարք: Մեր ուխտը եւ նուիրումը հանդէպ Սուրբ Աթոռին է եւ Սուրբ Գլխագրին: − Շնորհակալութիւն: Հարցազրոյցը վարեց՝ ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ՍՐԿ. ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ «ՆՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը