Մի քանի տողոով...


Մի քանի տողոով...

  • 07-07-2012 09:32:25   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՖՐԱՆՍԱ ԵՒ ԱՆԳԼԻԱ, Յուլիս 4ին անգամ մը եւս փորձեցին համոզել Ռուսաստանը, որպէսզի դադրեցնէ իր զօրակցութիւնը Սուրիոյ «մարդասպան վարչակարգ»ին՝ բացատրելով, թէ Պաշար ալ-Ասատ «դատապարտուած» է այլեւս, եւ Ռուսաստանի շահերուն յարիր չէ նեցուկ կանգնիլ անոր: Իսկ ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ ղեկավարին՝ Ռուսաստան ապաստանելու հաւանականութեան, այս մասին՝ ռուսական մամուլին մէջ լուրեր կը շրջին գրեթէ ամէն օր, բայց Մոսկուա կը մերժէ հաստատել: ԱՐԱՖԱԹ սպաննուեցա՞ւ: Այս վարկածը կրկին այժմէականութիւն ստացած է, երկար ժամանակ խնդրոյ առարկայ ըլլալէ ետք՝ ՊԱԿ-ի (Պաղեստինի Ազատագրման Կազմակերպութեան) ղեկավարին 2004ին՝ մահուան յաջորդող շրջանին: Արդարեւ, արաբական ալ-Ճազիրա հեռատեսիլի կայանը, Յուլիս 3ին իր սփռած մէկ հաղորդումին մէջ պնդած է, թէ ՊԱԿ-ի պատմական ղեկավարը սպաննուած է «փոլոնիում» թոյնով, որ շողագործօն նիւթ մըն է: Բնականաբար ակնարկները կ?ուղղուին դէպի Իսրայէլացիները: Պաղեստինցի ղեկավարները յայտնած են, թէ պատրաստ են գերեզմանէն հանելու Արաֆաթի աճիւնները՝ քննութեան համար: Անոնք կը պահանջեն նաեւ, որ միջազգային չափանիշով հետաքննութիւն կատարուի մահուան պարագաներուն շուրջ: ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ԱԹԼԷԹԻԶՄ Հելսինքիի մէջ Յունիս 27էն Յուլիս 1 տեղի ունեցած Եւրոպայի աթլէթիզմի ախոյեանութիւնը՝ իրենց կարելիութիւնները ստուգելու լաւ առիթ հանդիսացաւ հայ այն մարզիկներուն համար, որոնք որակուած են Լոնտոնի Ողիմպիականներուն: Սակայն պէտք է խոստովանիլ որ, անոնք շատ յուսադրիչ արդիւնքներ ձեռք չձգեցին: Այսպէս, Մելիք Ճանոյեան 21րդ տեղը գրաւեց նիզակի արձակման տղոց մրցաշաքին մէջ՝ 72,59 մեթր արդիւնքով: Իսկ Քրիստինէ Յարութիւնեան՝ 45,83 մեթրով 23րդ տեղը գրաւեց, նոյն մարզաձեւի աղջկանց մրցաշարքին մէջ: Քրիստինէի անձնական մրցանիշն է՝ 59,12 մեթր: 400 մեթր արգելներով վազքին, Ամալիա Շառոյեան 58՛՛27 արդիւնքով գրաւեց 24րդ տեղը: Հեռացատքի մէջ ալ յուսախաբութիւն տիրեց, քանի Վարդան Փէհլիվանեան ստիպուեցաւ գոհանալ 24րդ տեղով մը, 7,67 մեթր ոստումով, մինչ իր մրցանիշն է 8,12 մեթր: Նոյն մրցումին, Արսէն Սարգսեան ալ 29րդ տեղը գրաւեց՝ 7,47 մեթր ոստումով (8,20 մեթր է իր լաւագոյն ոստումը): Երկուքն ալ կը մարզուին Եւրոպայի մրցանշակիր Ռոպէր Էմմիեանի կողմէ: ԿՌՓԱՄԱՐՏ Սիրողական կռփամարտի եւրոպական ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 22էն Յուլիս 1, Սոֆիայի մէջ: Հայաստանէն մասնակցող 13 կռփամարտիկներէն իւրաքանչիւրը պայքար կը մղէր տարբեր դասակարգի մէջ: Անոնցմէ երեքը նուաճեց նոյն գոյնի՝ պրոնզեայ մետալ. Հրայր Շահվերտեան՝ 46 քկ., Էրիկ Պետրոսեան՝ 52 քկ. եւ Նարեկ Մանասեան 75 քկ. դասակարգերուն մէջ: Նշենք նաեւ որ հայ երկու կռփամարտիկներ դուրս մնացին քառորդ աւարտականներուն, վեցը՝ 1/8րդ աւարտականներուն եւ երկուքն ալ՝ նախնական զտման՝ 1/16րդ շրջանին: «ՆՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը