Թեթև ատլետիկայի ախոյանի կինը հայուհի է


Թեթև ատլետիկայի ախոյանի կինը հայուհի է

  • 10-07-2012 15:43:25   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Թեթեւ աթլէթիզմի ամերիկացի յայտնի աստղ, ողիմպիական քառակի ախոյեան Մայքըլ Ճանսըն եւ իր հայուհի կինը, Լոնտոնի ողիմպիականներու սեմին, հարցազրոյց մը տուած են բրիտանական «Տհը Թէլէկրաֆ» հեղինակաւոր թերթին։ Ճանսըն պատմած է այն մասին թէ ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ մարզական գերաստղ, ինչպէս նաեւ խօսած է յաղթելու հաճոյքի մասին։ Յայտնի մարզիկը ամուսնացած է հայուհիի մը՝ խոհարարուհի Արմինէ Շիրինեանի հետ, որու հետ իր ծանօթութիւնը սկսած է ինը տարի առաջ, Լոս Անճէլըսի մէջ։ «Ան կը ստիպէր որ ես ալ ամէն օր աշխատէի մարզասրահի մը մէջ, իսկ ես կþատեմ ստիպողական մարզանքը։ Սակայն հիմա բաւական փոխուած է, որքան կը հասուննայ, այնքան աւելի լաւ կը գիտակցի որ ամէն ինչ չի կրնար կատարեալ ըլլալ», պատմած է Արմինէ Շիրինեան։ Նշենք որ Ճանսըն պատմութեան մէջ միակ այր մարզիկն է որ ողիմպիական ոսկի նուաճած է 200 եւ 400 մեթր մրցաձեւերու մէջ։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը