«Տոլման» չի կարող պատկանել ուրիշ ազգի


«Տոլման» չի կարող պատկանել ուրիշ ազգի

  • 10-07-2012 15:48:30   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

«Թուրքիյէ» թերթի մէջ հրատարակուած լուր մը ահազանգ կը հնչեցնէ պնդելով որ հայերը այս անգամ ալ կը ջանան գողնալ «տոլման»։ Ինչպէս որ հելլէնները երկար տարիներէ ի վեր կը ջանան գողնալ մեր մշակոյթը, այդպէս ալ հայերը այժմ կը պատրաստուին »տոլմա«ի փառատօն մը կազմակերպել։ «Տոլման» ներկայացնելով որպէս «հայկական ճաշ»։ Լրատուութեան մէջ կը պնդուի հետեւեալը. ինչպէս որ պուլկարները գողցան մածունը եւ թանը, եւ ինչպէս որ հելլենները գողցան պաքլաւան եւ «տէօնէրը», հայերն ալ հիմա տէր կանգնեցան «գատայըֆ»ին եւ տերեւի տոլմային։ Հայաստանի խոհանոցի պահպանութեան եւ զարգացման անունով Սարտարապատի յուշարձանին առջեւ 11 Յուլիսին պիտի բացուի հայկական ճաշերու եւ տոլմայի միջազգային փառատօն մը։ Այս նպատակով հրաւէր ուղղուեցաւ մեծ թիւով խոհարարներու։ Սեդրակ Մամուլեան այս մասին լուսաբանութիւններ ընելով ըսաւ. «Տոլման ամբողջովին հայկական ուտելիք է։ Ոչ մէկը մեր խոհանոցը գողնալ թող փորձէ։ Տոլման ի՞նչպէս կրնայ պատկանիլ ուրիշ ազգի մը»։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը